
Երկուշաբթի, 16 Յյունիսի յետմիջօրէին, Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքը, հրաւէրովը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի՝ օրհնաբեր այցելութեամբ ժամանեց Լոս Անճելըս։ Պատրիարք հօր իբրեւ գաւազանակիր կ՛ընկերանայ Յարութիւն վրդ. Տամատեան։
Իր այցելութեան օրերուն, պատրիարքը, ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ կազմակերպութեամբ թեմի կարգադիր յանձնախումբին՝ «Հրաշափառ» արարողութեամբ պիտի արժանանայ պաշտօնական դիմաւորութեան եւ կատարէ զանազան հովուական այցելութիւններ, Կիրակի, 22 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Սուրբ Էջմիածինի տօնին, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ պիտի մատուցանէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ հաւատացեալներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Leave a Reply