Միաբանական համագումարի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, «Եռաբլուր» եւ Կոմիտասի անուան պանթէոն այցելեցին

Յունիս 16-ին, Միաբանական համագումարին առիթով Մայր Աթոռի մէջ մէկտեղուած Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերուն ու եկեղեցական կառոյցներուն մէջ սպասաւորող Սուրբ Էջմիածնի միաբանները, մինչ համագումարի պաշտօնական մեկնարկը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ իրենց խոնարհումը բերելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։

Յուշահամալիրին մէջ, ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, հոգեւոր հայրերը կատարեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Այնուհետեւ, եկեղեցականները մեկնեցան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը ընծայաբերած քաջորդիներու յիշատակին եւ աղօթելու անոնց հոգիներու հանգստութեան ու խաղաղութեան համար։

Միաբանական համագումարի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Կոմիտասի անուան պանթէոն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Կոմիտաս վարդապետի յիշատակին։ Միաբանները Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն վարդապետի շիրիմին կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ։

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ