Յարգանք` հայրենիքի ազատութեան համար նահատակուած քսան կախաղաններուն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ազգային ազատագրական    տարեգրութեան մէջ անմոռանալի թուական մըն է 15 յունիս 1915-ը (2 յունիս), ուր  ժողովուրդի զանազան խաւերէն սերած քսան անվեհեր գործիչներ քսան ողորկ  պարաններու ծայրը ճօճուեցան գաղափարի իրականացման ճամբուն վրայ: Իտէալը, որ պաշտեցին, եւ որուն համար զոհուեցան,   համահայկական եւ համամարդկային էր:

Տառապանքը, անհանդուրժելի ատելութիւնը, բռնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին հասցէին նախատինքը ժամանակի ընթացքին անպայման պիտի  ցնցէին իրաւազուրկ մեր  ժողովուրդը: Ընդվզումը մարմին պիտի առնէր եւ ահաւոր թափով պոռթկար:

Րաֆֆիներ, ծերենցներ, քամառ քաթիպաներ, խրիմեաններ եւ այլ անմահ  գործիչներ ընթացք տուին ժամանակի այդ  պահանջին եւ մեր նոր ուղին գծեցին:

Ազատական գաղափարներով տոգորուած  մեր ժողովուրդին պահանջը  մեծամասնութեամբ ինքնապահպանման եւ   ինքնորոշման  բնոյթ ունէր: Ազգային ազատագրական պայքարը  հետեւաբար ո՛չ  ներածութեան եւ ո՛չ ալ արհեստական  պատուաստումի արդիւնք է, ինչպէս կը  փորձեն  «մեկնաբանել» շատեր:

Ժողովուրդ մը կ՛ապրէր իր պապենական  հողերուն վրայ: Եւ երբ  հայ ժողովուրդը  կը  ջանար ապահովել  իրաւունքներու ամէնէն տարրականը` ինքնավարութիւն, խաղաղ ապրելու հնարաւորութիւն, հայուն  կեանքը  վերածուեցաւ դժոխքի…

Դարերու տառապանքէն ծնաւ մեր պայքարը: Ազատ խօսելու, ազատ խորհելու եւ ազատ ապրելու իրաւունքի պահանջը չէ՞ր այն պատճառը, որ քսան հայեր, ծաղիկ կեանքեր,  անձնազոհ հերոսներ, քսան մտաւորական, ուսանող, բժիշկ եւ յեղափոխականներ   նահատակուէին: Ուրիշ ի՞նչ մեղք գործած  էին անոնք:

Փորձանաւոր եւ ճակատագրական պահեր կ՛ապրէր արեւմտահայութիւնը: Ասպարէզ պէտք էր իջնէին բոլո՜ր անոնք, որոնք   ծրագրել եւ այդ ծրագիրը գործադրել գիտէին իմաստութեամբ եւ յարատեւութեամբ: Տոկալ եւ համբերել գիտէին: Պայքարիլ եւ պարտել գիտէին:

Փարամազ աւելի քան յոռետես  էր  հայկական բարենորոգումներուն վերապահուած վախճանէն: Անոր կարծիքով, «գառան հօտը գայլին վստահիլ» կը նշանակէին երիտթուրքերու հմայիչ կարգախօսները` սահմանադրութիւն, ազատութիւն, ցեղերու եղբայրութիւն… «հուրիէ՜թ»…: Փարամազի կուսակցութիւնը  գործուելիք  ցեղասպանութեան մը հոտը առած էր…

Ուրեմն` «ի՞նչ  ընել»: Հնչակեան  կուսակցութիւնը  ընդյատակեայ պայքարի կ՛անցնէր Իթթիհատի դէմ:

Քսաններուն համար առաջնահերթ  խնդիրը Իթթիհատի պարագլուխներուն չէզոքացումը եւ հայկական գաւառներու ժողովուրդին  պաշտպանութեան կազմակերպումն էր:  Փարամազ կը թելադրէր միջկուսակցական  անկեղծ գործակցութիւն` զէնքով պաշտպանելու համար վտանգուած  հայութեան գոյութիւնը` գալիք անխուսափելի  փոթորիկներէն:

Հայ կուսակցութիւնները իրարու կռուան պէտք էր հանդիսանային եւ նեղմիտ  նկատառումներով պէտք  չէր խաչաձեւէին   զիրար:

Դաշնակցական խօսակիցներու հետ այս  մտքերը կ՛արտայայտէր  Փարամազ, 1912-ին,  Վանի  մէջ. «Վասպուրականի մէջ  զօրաւորագոյն կազմակերպութիւնը   Դաշնակցութիւնն է, թող անոր շուրջ  համախմբուին Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները: Կիլիկիոյ մէջ ալ` Հաճըն, Զէյթուն եւ այլուր, հնչակեանները թող ղեկավարեն հայութիւնը` գործակցութեամբ դաշնակցականներու եւ ռամկավարներու»:   Հասուն եւ անկեղծ յեղափոխական գործիչի ազգակերտ մտածումներ…

Վան գտնուելու ժամանակամիջոցին  Փարամազ եւ Արտաշէս Սոլաքեան  բազմաթիւ հանդիպումներ կ՛ունենան դաշնակցական պատասխանատուներու հետ:  Սոյն տեղեկութիւնները քաղած եմ  դաշնակցական գործիչ Խոսրով  Թիւթիւնճեանի «Անմահներուն հետ-Վասպուրական մեր աշխարհին մէջ»  գիրքէն, ուր  հեղինակը, Բարունակ Կապուտիկեանը կողքին (Սիլվա Կապուտիկեանի  հայրը), ամէնօրեայ հանդիպումներ կ՛ունենայ  հնչակեան երկու գործիչներուն հետ:  Թիւթիւնճեանի վկայութեամբ, Հնչակեան առաքեալը իր ողջմիտ, լայնասիրտ եւ բարեացակամ մօտեցումներով շատ  յիշեցուցած է Սիմոն Զաւարեանը:

Փառաց ճանապարհը, ուրկէ անցան Քսանները, առանց աջ ու ձախ խոտորելու, հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ազատութեան ճանապարհն էր, որուն վրայ գիտակցութեամբ  ինկան անոնք` յաւերժացնելով մեր   ժողովուրդը եւ նուիրագործելու մեր դատը:

Կախաղա՜ն…

Այո՛, սիրելի ընկերներ, կախաղան  բարձրացաք, Ժիրայրներու, Մուրատներու, Չէլլոներու գաղափարակիցներ: Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Մշակ»-ը կը վկայէ, որ Թալէաթ անձամբ հետամուտ էր, որպէսզի Հնչակեան գործիչները ծանրագոյն պատիժներու ենթարկուէին:

Անոնք կախուեցան, բայց  գաղափարը մնաց  անմեռ: Սոֆիա` Պուլկարիա  լոյս տեսնող «Հայաստան» եռօրեայ պաշտօնաթերթը իր  շաբաթ, 13 յունիս 1915-ի համարին մէջ` «Կախաղաններու շուրջ» խորագիրին տակ կը գրէ. «Ինչպէս կը պատմեն, երբ ողբացեալ  հնչակեանները կախաղաններու տակ բերուեցան, տոքթոր Պէննէն դառնալով   թուրքերուն` գոչեց. «Մի՛ կախէք այս անմեղները: Ե՛ս եմ ըրած ամէն ինչ, զի՛ս   միայն կախեցէք: Մենք հոս 20 հոգի ենք, դուք  մեզ կը սպաննէք, բայց  լաւ գիտցէք, որ  մեր   ետեւէն քսան հազարներ պիտի գան` մեր վրէժը լուծելու…

Գիշերուան ժամը մէկուկէսին ամէնքն ալ կախուեցան, իսկ ժամը երեքին դիակները վար առնուելով` ղրկուեցան Պալըքլըի հայոց  գերեզմանատունը»:

Հայ վրէժխնդիր գնդակէն Պերլինի   փողոցներուն մէջ դիտապաստ Թալէաթ  հոգին աւանդած պահուն մտաբերե՞ց արդեօք  Քսան նահատակներու այս շանթահարիչ խօսքերը:

Հայ յեղափոխական երիտասարդութեան  մէջ գտնուած են ու տակաւին կը ծնին  բազմաթիւ Թեհլիրեաններ: Անոնց անջնջելի  սխրագործութիւններով զարդարուած է մեր   ժողովուրդին պատմութիւնը:

Քսան կախաղաններու տարելիցին թող իւրաքանչիւր հայ անգամ մըն ալ վերանորոգէ  իր ուխտը` անդրդուելիօրէն շարունակելու  պայքարի փշոտ ճամբան, մինչեւ որ մեր   հայրենիքի արիւնոտ երկնակամարին վրայ  շողայ ամբողջական Հայաստանի արշալոյսը, վեհօրէն  սաւառնի անկախութեան անընկճելի ոգին:

Այո՛, «Ամէն տեղ  մահը մէկ է», երբ մարդ իր ազգին ազատութեան համար կը մեռնի: Ռազմադաշտի՛ն վրայ ըլլայ, թէ՛ մահաբեր պարանէն կախուած: Այդ մահը լո՛յս է, այդ  մահը ո՛ւժ է, այդ մահը յաղթանա՛կ է արդէն…

Փա՜ռք եւ յարգա՛նք Քսաններուն:

Փա՜ռք եւ յարգա՛նք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ