Զարդարեանի 23 ապրիլը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ռուբէն Զարդարեան

Ռուբէն Զարդարեան Մեզիրէ (այժմ՝ Էլազըղ) քաղաքի Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչութեան պաշտօնը աւարտելով՝ վերադարձաւ Պոլիս: Ան դասաւանդեր էր հայերէն, ֆրանսերէն, պատմութիւն եւ գրականութիւն, դաստիարակեր էր ազգանուէր եւ գաղափարապաշտ սերունդ մը: Նոյն գործը տասնամեակ մը վերջ 1913ին պիտի ստանձնէ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան: Մենք, յարգելի ընթերցող, արդէն նախորդ յօդուածի մէջ դիտած էինք Մեզիրէի համբաւաւոր վարժարանի, անոր հազար սաներու, նոր տնօրէն Սրմաքէշխանլեանի, հայոց գիրերու գիւտի 1500ամեակի տօնակատարութեան, Ֆապրիքաթորեան հինգ եղբայրներու, Խարբերդի շրջանի մէջ ցոյց տրուած առաջին շարժանկարի, Բազմաշէն գիւղի արտադրած լապտերներու, ինչպէս նաեւ՝ այս բոլորը իրենց ոսպնեակով յաւերժացուցած երկու հայ լուսանկարիչներու ոդիսականը՝ շարժանկարի մը վիպականութեամբ: Իսկ այժմ, նստած եմ Սրմաքէշխանլեանի ծննդավայր Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանի պարտէզին մէջ, կը դիտեմ Ոսկեղջիւրը եւ հայ ձկնորսները: Անոնց մակոյկները լի են Մարմարա ծովու շնորհներով… Ու, կը մտածեմ. հիմա ո՞ւր է Զարդարեանը: Գրական ի՞նչ երկունքի մէջ է ան: Յարգելի ընթերցող, կ’առաջարկեմ, որ մենք քալենք մայրաքաղաքի թաղերուն մէջ, լուռ եւ խոնարհ, ու որոնենք Զարդարեանի հետքերը:

ԽԱՂԱՂ ԷՐ ԽԱՍԳԻՒՂԸ

5 Մայիս 1913, Խասգիւղ, Պոլիս: Նստած եմ ժամանակի լաւագոյններէն համարուող Ներսէսեան վարժարանի եղեւնիներով եւ նոճիներով շքեղացած պարտէզին մէջ: Յառաջադէմ միտքերու բոյնն է «Ներսէսեան»ը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (ծն. Խասգիւղ), Մինաս Չերազի (ծն. Խասգիւղ), Ռեթէոս Պէրպէրեանի (ծն. Խասգիւղ), Մարտիրոս Մնակեանի (ծն. Խասգիւղ) դպրոցը: 1905ին վերանորոգուած, երկթեւ, քարաշէն, եռայարկ շէնքը կը դիտեմ: Գեղատեսիլ է անիկա: Ունի նորադասական ոճ: Առաքելութի՞ւնն անոր. արդիական, արեւմտամէտ եւ ազգակեդրոն ուսում ստացած հայ մտաւորականներու սերունդ մը պատրաստել՝ ժամանակի լաւագոյն ուսուցիչներու դաստիարակութեամբ եւ աշխարհաբար լեզուով: Սերունդ մը, որ իր ուսումը պիտի շարունակէ Փարիզի եւ Վենետիկի հայկական ճեմարաններուն եւ Եւրոպայի անուանի համալսարաններու մէջ…։ Թէեւ Պալքաններու մէջ փուռն մարտեր տեղի կ՛ունենան, այս քաղաքը դեռ խաղաղ է. դեռ չկայ պատերազմի թնդիւնը, չկան սարսափի աղաղակներ եւ չկան հոգեվարքի խռնդիւնները:

Ռուբէն Զարդարեան եւ իր ընտանիքը

«10 ՓԱՐԱ, ԷՖԷՆՏԻ»

Դանդաղ կ՛իջնեմ դէպի այս սիրուն աւանի ծովահայեաց հրապարակը, որուն շուրջ վաճառաշահ հայ գործարարներ շինել տուած են իրենց գեղաքանդակ բնակարանները: Կրպակ մը կը տեսնեմ: Ճակատին վրայ կայ հայերէն, ֆրանսերէն, յունարէն եւ օսմաներէն ցուցանակ մը՝ «Լրագրավաճառ»: Դերձանի վրայ մղլակներով «կախուած» են «Արեւելք», «Հայրենիք», «Ազդակ», «Մեղու» եւ Զարդարեանի «Ազատամարտ» թերթերը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ ուսանողական միութեան «Երկունք»ը՝ Գալուստ Էյնաթեանի ամսաթերթը: «Ազատամարտ» մը կ՛ուզեմ: Թերթավաճառը թերթը կու տայ. «10 փարա, էֆէնտի՛», կ՛ըսէ: Պալքաններու մէջ տեղի ունեցող կռիւներուն մասին լուրերը առաջին էջի վրայ դրուած են. «Օսմանեան բանակը կ՛անցնի Էնօս-Միտիա գիծը», «Վառնայի գրաւումը կը հաստատուի. Ռումէն բանակը Տանուպը կ՛անցնի»: Զարդարեանի խմբագրականը երկրորդ էջի վրայ է, «Վերջին Լուրեր»ը՝ երրորդի վրայ. «Ռոտոսթոյի մէջ սպաննուած են վեց հայ ոստիկան զինուորներ», «Թրակիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան փախուստը դէպի Պուլկարիա», «Օսմանեան զօրքը կը գրաւէ Վիզէն»…։

ՉՈՐՐՈՐԴ ԷՋԸ

«Ազատամարտ»ի չորրորդ էջին վրայ կեանքը բնականոն կ՛ընթանայ. ծանուցումները հարուստ են իրենց տեսակով. ««Սինկէր» կարի մեքենաներ», «Տօքթէօռ Եդուարդ Շահպազ, մասնագէտ աչքի հիւանդութեանց, Պահճէ Գաբու, Իւթիւճեան դեղարան», «Փարիզեան դերձակատուն, Թոքաթլեանի դէմը Սու Թէրազի փ. Թիւ 2», «SBANOL- Մլուկէ տառապողներու հանգստութիւնը երաշխաւորող միակ միջատասպան հեղուկ, կեդրոնատեղի Սպիտակ դեղարան, Սիրքէճի»: Կան նաեւ մաշկի գեղեցկութեան եւ նորաձեւութեան ծանուցումներ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկա մեկնիլ փափաքողներու համար գրաւիչ լուր մը. «Աւստրօ-Ամերիքեան շոգենաւային գիծ՝ Պոլիսի եւ Նիւ Եօրքի միջեւ»: Այս գովազդը կը յայտարարէ. ճանապարհորդութեան տեւողութիւնը 16 օր է, կանոնաւոր մեկնում՝ ամէն օր, շոգենաւերը ելեկտրականութեամբ լուսաւորուած են, ունին Մարքօնի անթել հեռագրական կապակցութիւն, սքանչելի սնունդ եւ երկաթեայ մահճակալ: Հասցէ՝ Չինիլի Ռըխթըմ Խան, քարափին վրայ:

Եաննի գարեջրատունը, Բերա, Պոլիս

ՊԵՐՃԱՓԱՅԼ RUE DE PERA-Ն

Լրաթերթերը կը հաղորդեն, թէ այսօր միջօրէին Բերայի Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գրական ասուլիս մը, որ նուիրուած է Զարդարեանի «Ցայգալոյս» հատորին: Լրագիրը թեւիս տակ կ՛առնեմ: Կ՛իջնեմ ծովեզերք, քայլերս կ՛ուղղեմ նախ դէպի Կալաթա, ապա վեր՝ Բերա: Կարճ ճամբայ չէ, բայց առաջին անգամը չէ, որ կը քալեմ այդ հեռաւորութիւնը… Բերայի մայր պողոտան միջազգային ցուցահանդէս մըն է կարծես: Յունական, ֆրանսական, աւստրիական, իտալական եւ հայկական շքեղ վաճառատուներ, փարիզեան եւ վիեննական ճաշակով յարդարուած գարեջրատուներ, ինչպէս «Եաննի»ն, զոր կ՛այցելեմ՝ ոգելից բաժակի մը հաճոյքի համար, նաեւ եւրոպական նուրբ ապրանք վաճառող պերճափայլ խանութներ, ներկայանալի համազգեստով քալող կառավարական պաշտօնեաներ, բազմալեզու ցուցանակներ, ճեմելու ելած վայելուչ պարոններ եւ անոնց թեւը անցած ազնուուհիներ, որոնք բծախնդրօրէն հետեւած են փարիզեան նորաձեւութեան, իսկ փափլիկ օրիորդներ քնքշօրէն բռնած են ժանեակով հովանոց մը: Cercle d՛Orient փառահեղ շէնքին առջեւ կը մտաբերեմ Գրիգոր Զօհրապը: Պատկառելի այրերու այս ակումբին մէջ է, որ ան յաճախ թղթախաղի նստած կ՛ըլլայ փաշաներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Իսկ Թոքաթլեան պանդոկին առջեւ կայ օտարերկրեայ պատուաւոր հիւրերու եւ զանոնք քարափէն տանող-բերող բարեխնամ կառքերու ուրախ բազմութիւն մը: Ուշագրաւ է նաեւ, թէ կառապանները հագած են սեւ համազգեստ, ճերմակ ձեռնոց, փայլուն սեւ մոյկ եւ «ցիլինդր» գլխարկ:

«ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ» ՄԸ ԾԱԳԵՑԱՒ

«Էսաեան»ի սրահը շքեղ է: Ունի կարմիր թաւշեայ բազկաթոռներ: Վարագոյրը նոյնպէս փայլուն կարմիր թաւիշ է: Սրահը լի է հայ մտաւորականներու ընտրանիով, որոնց պեխերը, օսլայուած օձիքները, շողշողուն ժամացոյցները կը գրաւէ ուշադրութիւնս: Նախ բեմ կ՛ելլէ Կոմիտաս վարդապետը: Ձեռնարկի նախագահն է ան: Վարդապետը կը խօսի 1910ին հրատարակուած հատորի գրական արժէքին մասին: Ապա խօսք կ՛առնեն նուիրական անուններ՝ Զապէլ Եսայեան, Երուանդ Սրմաքէշխանլեան եւ ուրիշներ: Երուխանը, իր ընտանիքով, երկու ամիսէն պիտի մեկնի Մեզիրէ՝ Զարդարեանի գործը շարունակելու համար: Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիրներէն Յակոբ Սիրունին, Զարդարեանի կեանքը եւ գրական գործունէութիւնը կը ներկայացնէ: Ինչպէս Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, նոյնպէս եւ Զապէլ Եսայեան կը վերլուծէ Զարդարեանի գրիչը: Տիկին Եսայեանը 35 տարեկան է: Բեմի վառ ներկայութիւն ունի: Մազերը շքեղօրէն յարդարուած են: Ձախ լամբակին վրայ զետեղած է թանկագին «broche» մը: Իր նուրբ ձայնով կը խօսի ճառը. «Տիկիններ եւ պարոններ, Քիչ անգամ մեզի առիթ ընծայուած է զուտ գրական ձեռնարկի մը շուրջ հաւաքուելու, եւ քիչ անգամ նաեւ, գոնէ հաւաքաբար, յաջողած ենք մտահոգուելու գրական եւ գեղարուեստական հոգերով… Գլխաւոր պատճառը անշուշտ մեր ընկերական եւ քաղաքական անկայուն, յուզումնալի, վշտագին եւ յաճախ ալ աղէտալի կեանքն է… Հաւատացած եմ, որ աւելի հզօր, աւելի ներդաշնակ եւ աւելի գիտական կենսունակութեամբ լի մտաւորականութիւն մը պիտի յաղթահարէր դէպքերուն, պիտի կանգնէր ամէն բանէ վեր, պիտի սաւառնէր ամէն բանի վրայ… Ահա այդ բագինին ամէնէն արժանաւոր, ամէնէն տաղանդաւոր քուրմերէն մէկն է Ռուբէն Զարդարեանը… Շատոնց է, որ կը ճանչնանք իր տաղանդին հրապոյրը. անիկա մեր գրական սերունդին անդրանիկներէն եղած է եւ նոյնիսկ այն օրերուն, երբ իր ձայնը Խարբերդէն կու գար մեզի… Անիկա Խարբերդն էր, այդ բազմաչարչար եւ կորովի հայ գաւառը… Անիկա ոգին էր մեր ամէնէն քաղցրօրէն տխուր բանաստեղծութեամբ մը օծուն հայ գաւառին, որուն վշտագին բայց ժպտուն, հալածական բայց երազատես զաւակներուն ցաւի եւ ուրախութեան վանկերը, աչքերու հրայրքը, հոգիներու սարսուռները կը փոխանցէր մեզի…» Իր խօսքի աւարտին, Եսայեան յոյս կ՛արտայայտէ. «Ռուբէն ԶարդարեաՆ… նուիրական խոստում մը կ՛ընէ մեզի, եւ մեր ցանկութիւնն է անշուշտ, որ այդ խոստումը իրականանայ, որքան կարելի է մօտիկ եւ լուսաւոր ապագայի մէջ, եւ ան շարունակէ ընթանալ, իր առջեւ բացուած ընդարձակ ասպարէզին մէջէն, հետեւելով իր սրբազան, իր փառաւոր ճակատագրին»: Կոմիտաս վարդապետ դարձեալ բեմ կու գայ իր հուսկ բանքին համար: Վարդապետը, որ ինձմէ 10 տարի աւելի երիտասարդ է, սեփական տպաւորութիւններու հետ կը պատմէ գաւառի ոգին եւ անոր անհրաժեշտութիւնը: Ափսոսանք կը յայտնէ, թէ այդ մասը կը բացակայի մայրաքաղաքի առօրեային մէջ:

Համալպաշի փողոցի սկիզբը, 1909, Բերա

«ԿԱՆԳՆԱԾ ԵՆՔ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ»

6 Մայիս: Կ՛երթամ «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը: Հասցէն մօտ է. Համալպաշի փ., թիւ 74, Բերա, Անգլիական հսկայական դեսպանատան բարձր պատի կողքին: Պարոն Զարդարեանը գոհ է նախորդ օրուան ասուլիսէն: Սակայն, երկրի եւ յատկապէս արեւմտահայութեան ապագային համար ունի մտահոգութիւններ: Ապակեայ գրադարանի մը մէջ կը նշմարեմ իր կազմած «Մեղրագէտ» դասագիրքերու շարքը:

 – Առաջին անգամ ըլլալով, հայերէն հաւաքածոյի մը մէջ՝ որպիսին է այս գիրքը, ջանացած ենք ներկայացնել մեր բնակակից մէկ կարեւոր ցեղին՝ թուրքին միտքը, աւելի շատ տեղ տալով ժամանակակից գրական դէմքերու…։ Գրականութիւնն է մէկը այն միջոցներէն, որ կարող պիտի ըլլայ կամաց-կամաց ներդաշնակութիւն ստեղծել երկու բնակակից ցեղերու հոգեբանութեան մէջ, կուտակուած հին դառնութիւնները չթաքցնելով,- կ՛ըսէ Զարդարեանը:

 Զարդարեանի խօսքին մէջ յոյսի չափ կասկած եւ բարկութիւն ալ կայ: Ինք որքա՛ն ալ բարեմիտ եւ ազնիւ ըլլայ, համոզուած է, թէ պիտի չկարենայ ճակատագիրը փոխել՝ ո՛չ իր անձին, ոչ ալ իր ազգին: Ապա կ՛արտասանէ մէկ այլ խօսք, որ կարծես թէ կարապի երգն էր 39ամեայ մարդուն. «Բարձրագլուխ ու անյողդողդ կանգնած ենք մահուան դէմ… Եթէ բարբարոս սուրը փշրէ մեր վերջին ոսկորը եւ խմէ արիւնին վերջին կաթիլը…»: Յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ես պատմեմ ձեզի…

Մեզիրէ. Կեդրոնական վարժարան. նստած՝ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, առաջինը՝ Ռուբէն Զարդարեան

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ

1914ի ամրան, Զարդարեան մեծ ակնկալութիւններով եւ ոգեւորութեամբ պիտի մասնակցի իր կուսակցութեան Կարնոյ Ընդհանուր ժողովին. ժողովը դեռ չաւարտած, պիտի սկսի Համաշխարհային պատերազմը, Զարդարեան ընկճուած պիտի վերադառնայ Պոլիս, պիտի սկսին մռայլ օրերը, խմբագիրը մինչեւ վերջ պիտի մնայ իր թերթի գլխուն, տարի մը ետք՝ 24 Ապրիլին, պիտի աքսորուի, պիտի ուղարկուի նախ Այաշ, ապա՝ Քոնիա, վերջը՝ Հալէպ… Հալէպէն ետք՝ ո՛չ մէկ լուր իրմէ: Իր սիրելի կինը եւ զաւակները արտասահման պիտի մեկնին, զաւակներէն՝ Հրաչ Զարդարեան մաս պիտի կազմէ ֆրանսահայ գրագէտներու փաղանգին, թերթը պիտի դադրի «Ազատամարտ» ըլլալէ, պատերազմէն ետք լոյս պիտի տեսնէ «Արդարամարտ», «Արիամարտ» եւ վերջապէս՝ «Ճակատամարտ» անուանափոխումներով: Հապա՞ Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանը… Պատերազմի օրերուն անիկա պիտի դառնայ Օսմանեան բանակի զօրանոց, սպաներ պիտի մտնեն-ելլեն տաղանդաշատ եւ ուսումնատենչ հայորդիներ Եղիայի, Մինասի, Ռեթէոսի եւ Մարտիրոսի դասարանները, իսկ օր մըն ալ, 1969ին, գեղադէմ այդ շէնքը պիտի անհետանայ՝ տեղի տալով մայրուղիի մը կառուցման, իսկ այս պատմութեան բոլոր դերակատարները, ներառեալ անշունչ կառոյցները, իրենց ետին լուսանկարներ պիտի թողուն՝ որպէս հրաժեշտի նշան:

Մեզիրէ. Կեդրոնական վարժարան. շրջանաւարտուհիներ եւ իրենց ուսուցիչները. նստած ձախէն աջ՝ Յակոբ Սիմոնեան, Ռուբէն Զարդարեան, Գարեգին քհնյ. Վարդանեան

https://asbarez.am/archives/484395

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ