«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի բոլոր միջազգային այցելութիւններուն մասին ժամանակին կը տրամադրուի պատշաճ տեղեկատուութիւն» կ՛ըսէ Փաշինեանի բանբերը

«24Նիուզ», յղում կատարելով իր բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւրին, հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 յունիսին պիտի մեկնի Անգարա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

«Թերթ» վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեանին հարցուցած է` արդեօք Փաշինեանի Անգարա այցելութիւնը կը նախատեսուի՞:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի բոլոր միջազգային այցելութիւններուն մասին ժամանակին կը տրամադրուի պատշաճ տեղեկատուութիւն», պատասխանած է Բաղդասարեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ