
ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
«Պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ աշխարհի բոլոր յանցագործութիւնները»
Վոլթէր
Ֆրանսացի իշխանուհի Մարգարիտ Սուասոնացին Հայաստանի թագուհին դարձաւ հայոց թագաւոր Լեւոն Զ․ ի հետ ամուսնանալով։ Ան Յովհաննէս Սուասոնացիի եւ Մարի Տէ Միլմարսիի դուստրն է, որոնք ամուսնացան Կիպրոսի մէջ, 1369ին։ 1374ին Լեւոն թագադրուեցաւ Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր։
Մարգարիտ ու Լեւոն Սեպտեմբեր 14ին մայրաքաղաք Սիսի մէջ թագադրուեցան Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան թագաւոր ու թագուհի։ Անոնք ունէին մէկ դուստր՝ Մարին։ Լեւոն եւ իր ընտանիքը գերի ուղարկուեցան Եգիպտոս, երբ Մեմլուքներու զօրքերը գրաւեցին Սիսը՝ 1375ին։
1382ին, Քասթիլիայի թագաւոր Ճոնը Մեմլուքներուն վճարեց թանկարժէք քարեր, մետաքս եւ գիշատիչ թռչուններ՝որպէս փրկագին Լեւոն թագաւորին եւ Լեւոն վերադարձաւ Սպանիա, ուր Ճոն թագաւորը իրեն «Մատրիտի Տէր» տիտղոսը պարգեւատրեց։
Դժբախտաբար արդէն շատ ուշ էր Մարգարիտի եւ Մարիի համար․ անոնք 1381ին, իրենց յաջորդաբար 41 եւ 11 տարիքին, անյայտ պատճառով մահացան ու թաղուեցան Գահիրէի մէջ։
Արտաշէս Գարտաշեանի «Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար» Ա. հատորին մէջ կարեւոր ու օգտակար տեղեկութիւներ ու եզրակացութիւններ կը ներկայացուին Մարգարիտ թագուհիի գերեզմանին անյայտ վայրին մասին։

Գարտաշեանի համաձայն, Մարգարիտ թագուհին թաղուած է Սուրբ Մարտինոս եկեղեցիին մէջ՝ Սուրբ Մինասի մատուռին մօտերը։
Գարտաշեան իր գրքին մէջ կը մէջբերէ իտալացի ճամբորդ Լ. Ֆրէսկօպալտիին 1384ի Եգիպտոսի այցելութեան յուշերը, որ տեղի ունեցած է Մարգարիտի մահէն միայն երեք տարի ետք․ ան յիշած է, որ հայոց թագուհին թաղուած է աղեքսանդրիացի Սուրբ Մարտինոսի եկեղեցիին մէջ, որ Ֆրէսկօպալտիի համեմատ կը գտնուի «արձակուած նետի մը հեռաւորութեան վրայ», Գահիրէի եւ Բաբելոնի բերդին միջեւ։
Գարտաշեան կը նշէ, որ կարեւոր է գիտնալ, թէ ուր է Սուրբ Մարտինոս եկեղեցին եւ կը հաւատայ, որ Ֆրէսկօպալտիի նկարագրութեան համեմատ, շատ մօտ ըլլալու է ներկայ Սուրբ Մինաս մատուռին։
Շատ հաւանական է որ երբ Ֆրէսկօպալտի Սուրբ Մարտինոսի ով ըլլալուն մասին կը խօսի, ան Իտալիոյ Աղեքսանդրիա (Alessandria) շրջանին մասին կը խօսէր՝ ուր շատ հռչակաւոր Սուրբ Մարտինոս անունով հին կաթողիկէ եկեղեցի մը կը գտնուի, ինչ որ աւելիով կը վստահեցնէ, թէ Մարգարիտ թագուհին թաղուած է Սուրբ Մարտինոս անունով կաթողիկէ եկեղեցիի մը մէջ, որ մօտ ըլլալու է ներկայ Մարմինայի մատուռին։
Գարտաշեան կը յիշէ նաեւ, որ 1880ին Վենետիկի միաբաններէն հայր Յակոբոս Իսաւէրտենց Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդարանին արտօնութեամբ պեղումներ կատարեց Սուրբ Մինաս մատուռին մօտ, բայց չգտաւ թագուհիին գերեզմանը եւ կը նշէ նաեւ, որ այս պեղումներուն մասին հայր Ղեւոնդ Ալիշանը գրած է 1898ին։
Այսօր, 644 տարիներ ետք, տակաւին անյայտ կը մնան հայոց ֆրանսացի թագուհիին եւ իր դուստրին կարեւոր պատմական գերեզմանները ու կորսուած Սուրբ Մարտինոս եկեղեցիին վայրը, հակառակ հայ պատմաբաններու նահապետ՝ կաթողիկէ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ու Արտաշէս Գարտաշեանի ժրաջան ջանքերուն, այս գերեզմանին յայտնաբերման ուղղութեամբ, բայց կը մնայ յայտնաբերման յոյս մը, կախեալ պատմաբաններու ու մասնագէտներու ջանքերէն ու հետաքրքրութենէն։
Մարգարիտը ու Մարին հայոց պատմութենէն մաս մըն են, նոյնիսկ եթէ հայ չէին․ պատմութեան անյայտ մասերը յայտնաբերելը մեր պարտականութիւնն է եւ մշտապէս մեր նպատակը պէտք է ըլլայ։
Կոստան Զարեանի խօսքերով կը փակեմ. «Վերջ ի վերջոյ, մեր ամբողջ պատմութիւնը տիրող իշխաններու, այլազան ֆէօդալների (կալուածատէրներու) կամ օտար բռնակալութիւններու տիրապետութեան տակ եղած է։ Ներքին ընկերային կեանքի պայքարները գրեթէ մեզ անյայտ են։ Ժողովուրդը չէ ըմբոստացած իր իշխաններուն դէմ, չէ կռուած առանձնայատուկ իր իրաւունքներուն համար եւ չէ կերտած ինքնավարական նոր օրէնքներ» (Անցորդը Եւ Իր Ճամբան»)։
Leave a Reply