
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրը նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերէն խլուած կալուածներու ճակատագիրին նուիրուած նոր ծրագիր մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին համացանցային աշխատանիստի մը ընթացին, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Թուրքիոյ կողմէ «լքուած կալուածներ» որակուած հայերու կալուածները 1920ականներուն եւ 1930ականներուն աճուրդի հանուած էին եւ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է այդ աճուրդներուն մասին 34 քաղաքներու թերթերուն մէջ կատարուած ծանուցումներուն վրայ, որոնք կը թարգմանուած են արդի թրքերէնի եւ անգլերէնի։
Անկախ ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու տարիներէ ի վեր կը հետապնդէ նշեալ ծանուցումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրին աջակցութեամբ կրցած է թուայնացնել զանոնք, հանրութեան տրամադրելի դարձնելու համար, աջակցութեամբ թարգմանիչներ Աթիլլա Թույղանի եւ Նանօր Յարութիւնեանի։
Արխիւը հանրութեան տրամադրելի պիտի դառնայ 16 Յունիսի աշխատանիստէն ետք։
Աշխատանիստին ընթացքին, դոկտ. Թաներ Աքչամ ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնէ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ համացանցային աշխատանիստին արձանագրելու համար այցելել կայքէջը։
Leave a Reply