Երուխանին վերջին գիշերը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԼՌՈՒԹԻ՛ՒՆ. QUO VADIS-Ը ԿԸ ՍԿՍԻ

30 Սեպտեմբեր 1913, Մեզիրէ, Խարբերդի շրջան: Հսկայ սրահին լոյսերը մարեցան: Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները վախի կամ խանդավառութեան ճիչեր կ՛արձակեն: Նախապէս Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն պատկանած մետաքսագործութեան գործարանի գեղեցկօրէն վերանորոգուած սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի շարժանկար մը: Դպրոցի նոր տնօրէնը՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, ինծի կը բացատրէ, թէ սրահը քաղաքի հայ արհեստաւորներուն կողմէ անվճար կերպով է կահաւորուած: Տնօրէնը կը հպարտանայ, թէ շարժանկարը բոլորովին նորութիւն մըն է Խարբերդի շրջանին մէջ: Առաջին շարքի վրայ նստած են Խարբերդի առաջնորդ Պսակ Ծ. վարդապետ Տէր Խորէնեանը, դպրոցի դասախօս այրերը եւ աղջկանց բաժինի ուսուցչուհիները, որոնց մէկ մասը Պոլիսէն եկած է ազգանուէր առաքելութեամբ: Ճիչերը եւ ուրախութեան ծափերը չեն դադրիր: Պարոն «Երուխան»ը ոտքի կ՛ելլէ: Աշակերտներուն կ՛ըսէ. «Չոճուխներ, շարժանկարը դիտելու համար մթութիւնը անհրաժեշտ է: Վախնալիք բան մը չկայ: Հիմա լուռ նստեցէք, որ սկսի…»: Եւ ահա պաստառին վրայ կը յայտնուի Quo Vadis անունը: Իտալիոյ մէջ նոյն տարին պատկերահանուած ֆիլմի ցուցադրութիւնը տեղին ընտրութիւն մըն է, կը մտածեմ: Վարագոյրի վրայ կը տեսնենք դերակատարները… Petrus- Giovanni Gizzi, Nero- Carlo Cattaneo, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Lygia- Lea Giunchi: Մունջ շարժանկար է: Պատմութիւնը պաստառի վրայ յայտնուած նախադասութիւններով կ՛ընթանայ: Առաջինը հայ աշակերտին ուշադրութիւնը կը գրաւէ. «Վինիկիոսը Հայաստան կատարած արշաւանքէ մը նոր վերադարձած է»: Իսկ շարժանկարի վերջին տեսարանին մէջ, աւազուտ կրկէս նետուած բարեպաշտ կոյս Լիգիան, կատաղի ցուլի մահացու հարուածէն կ՛ազատի՝ ընկերոջ մը անձնազոհութեամբ: Աշակերտները ցնծութեամբ կը ծափահարեն: Շարժանկարը աւարտած է: Լոյսերը կը վառին:

ԵՐՈՒԽԱՆԻՆ 23 ԱՊՐԻԼԸ

Երեք շաբաթ է, որ մտաւոր պտոյտ կը կատարեմ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ՝ երկիւղածութեամբ եւ լուռ: Ներկայ եղայ Զօհրապի, Վարուժանի, Սեւակի, Սիամանթոյի տուներուն եւ թաղերուն մէջ: Այդ այրերը, 30-35 տարեկան երիտասարդ պարոններ, բուռն երկունքի մէջ էին 1915ին: Անոնք 23 Ապրիլին, Ուրբաթ օր, մոլեգնօրէն կը ստեղծէին գլուխ գործոցներ, առանց գիտնալու, թէ յաջորդ օրը ի՛նչ պիտի պատահէր…։ Իսկ այսօր կը փափաքիմ Երուխանի հետքերը որոնել: Քայլերս զիս կը տանին Խասգիւղ՝ Ոսկեղջիւրի ափին կառուցուած հայկական գեղատեսիլ եւ փարթամ աւանը: Սակայն, յարգելի ընթերցող, ես կ՛առաջարկեմ, որ մենք նախ երթանք Մեզիրէ, հայկական աշխարհի այն վաճառաշահ քաղաքը, որ 1617ին հիմնադրուած էր խարբերդցի հայերու կողմէ, իրենց բերդաքաղաքէն հազիւ քանի մը քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք:

«ՁԻԹԾԱԽ» ԵՒ ԼՈՅՍ

Մամաս Ահարոն, Տիգրան, Կարապետ եւ Սամուէլ Ֆապրիքաթորեաններ
– Զմայլելի է սրահի լուսաւորումը,- կ՛ըսեմ՝ ակնարկելով վառ ջահերուն:

– Բազմաշէնի հայ վարպետներուն գործն է,- կը բացատրէ Սրմաքէշխանլեան: Անոնք ճրագի իւղ արտադրելու համար կտաւատ կը գործածեն եւ զայն կ՛արտածեն մինչեւ Արաբկիր, Տիարպէքիր, Բալու, Տերսիմ, Մալաթիա, Չմշկածաք…։ Բազմաշէնցիները գիւղէ-գիւղ կ՛երթան կանթեղի այդ իւղը վաճառելու նպատակով: Անոր համար մենք բազմաշէնցիները կ՛անուանենք՝ «ձիթծախ»: Աշակերտները դասարան առ դասարան ննջասենեակ կ՛երթան: Տղաները կը մնան շէնքին մէջ, իսկ աղջիկները կ՛երթան տղոց նախկին շէնքը: Առաջնորդ հայրը եւ ուսուցիչներն ալ հրաժեշտ կու տան: Սրահը կը մնամ Երուխանի հետ: 43 տարեկան առոյգ պարոն մըն է: Կը փափաքիմ, որ ի՛նք պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Պոլիսը եւ գեղատեսիլ Խասգիւղը թողած՝ ընտանիքին հետ եկած է Փոքր Ասիոյ խորերը:

ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՆՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ

– Այս տարի, Օգոստոսին, Պոլիսէն հեռանալով հաստատուեցանք Խարբերդ: Շնորհակալութեամբ ստանձնեցի Մեզիրէի վարժարանի տեսուչի պաշտօնը: Առաջնորդ տէր Պսակի նախաձեռնութեամբ, վարժարանս այժմ նոր վերելք մը կ՛ապրի: Երբ նախկին տնօրէն Ռուբէն Զարդարեանը Պոլիս վերադարձաւ, ինծի առաջարկեցին այս պատասխանատու պաշտօնը: Ռուբէնը հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր: Առանց շատ մտածելու, այս սրբազան առաքելութեան ե՛ս ալ ուզեցի իմ համեստ լումաս բերել: Կը հաւատա՞ք, հազար աշակերտ ունինք, 250 հատը՝ աղջիկ: Տասներկու դասարանի մէջ կը դասաւանդենք հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Աւարտականները կը ստանան խմորատիպ թերթ մը, անունը՝ «Նոր Գարուն»: Գիտէք, թէ նիւթական վիճակը միշտ հարց է: Բայց, ապահով ձեռքերու մէջ ենք. օժանդակութիւն կը ստանանք Միացեալ Նահանգներ հաստատուած մեր հայրենակիցներու «Ուսումնասէր» միութենէն… Դուք 1500ամեակի տօնակատարութիւններու մասին լսած էք անկասկած: Գալ շաբաթ մեծ շուքով պիտի տօնենք հայ գիրերու գիւտի 1500 ամեակը: Այդ օր, Կեդրոնական վարժարանս ալ պաշտօնապէս պիտի վերանուանուի «Հայկական Ճեմարան»… Գիտէ՞ք, Պոլիսը հանգստաւէտ կեանք կը խոստանար: Բայց, ինծի համար ուսումնասիրութեան հանք մըն է այս երկիրը եւ այս կեանքը: Եթէ ողջ մնամ, յուշատետրս լեցուն կը դառնամ Պոլիս:

ՍԱՊԻԹ ՊԷՅԸ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ

Ի՜նչ բացառիկ օր… Խարբերդի մէջ մեծ բոմբիւնով կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին 1500 ամեակը: Բազմութիւնը՞… Փորձեմ նկարագրել. ներկայ են Խարբերդ քաղաքի եւ Մեզիրէի աշակերտները, Մեզիրէի Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Հայ Բողոքականներու եւ Հայ Կաթողիկէներու եկեղեցիները, նաեւ՝ Ֆրանսական ճեմարանի նուագախումբը: Այդ բոլորին կազմած շքերթը օսմանեան զօրանոցին առջեւ կը միանայ «Կեդրոնական»ի աշակերտութեան: Ամբողջ թափօրը կ՛ուղղուի Գերմանական վարժարան: Իւրաքանչիւր դպրոցի առջեւ կը խօսուին ճառեր: Եզրափակիչ հանդիսութիւնները տեղի կ՛ունենան Եփրատ քոլեճի «Ուիլըր Հօլ»ի մէջ եւ Մեզիրէի՝ այժմ «Կեդրոնական» վերանուանուած դպրոցի շրջափակը: Հանդիսութեան ներկայ է նաեւ օսմանեան կառավարութիւնը, յանձն Խոզաթի կառավարիչ՝ 32ամեայ Սապիթ պէյի:

«ԳԻՏՑԱՆՔ ԱՆԱՂԱՐՏ ՊԱՀԵԼ…»

Երուխանը արագ քայլերով բեմ կը բարձրանայ: Իր կեանքի ամէնէն հպարտ օրերէն մէկն է: Հայրենի հողի վրայ ան կը կատարէ սրբազան առաքելութիւն: Անգլիական գծաւոր թուղթի վրայ է իր ճառը: Ճշգրտօրէն այս բառերը գրի առած է. «Մենք այսօր կրնանք հպարտանալ մեզմով, վասնզի այն չնաշխարհիկ աւանդը, զոր մեր երանելի նախնիք մեզ յանձնեցին, գիտցանք անաղարտ պահել, մեր արեան սահանքներուն մէջ վեր բեռնելու մեր թշնամիներուն աւերիչ յարձակումներուն դէմ պաշտպանել: Վասնզի ամէն սերունդէ աւելի՝ մեր սերունդը տուաւ իր արեան բաժինը մարդկային ահաւոր հրէշութեան»:


«ԵԿԷ՛Ք ՄԱՆԿԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԱՊՐԻՆՔ»

Խմբանկար մը պիտի յաւերժացնէ օրը: Պաշտօնի հրաւիրուած են Խարբերդի յայտնի լուսանկարիչները. Ասքանազ եւ Յարութիւն Սուրսուրեան եղբայրները, ինչպէս նաեւ լուսանկարչութեան արհեստը Երուսաղէմի մէջ սորված Միհրան Թիւթիւնճեան: Անոնց պեխերուն շքեղութիւնը ուշադրութիւնս կը գրաւէ: Խումբը պատրաստ է: Ասքանազը կը խնդրէ, որ վայրկեան մը բռնեմ իր գլխարկը: Ան կը մօտենայ իր «մութ սենեակին»: Գլուխը կը դնէ սեւ վարագոյրի մէջ: Ժպի՜տ՝ կ՛ըսէ բարձրաձայն: Բոլորը կը ժպտին… Մէկ… Երկու… Երեք… Փուֆֆֆ… Լոյս մը կը փայլատակի: Լուսանկարին հետ կը յաւերժանան աշակերտներուն գործած երկու պաստառները. ձախին գտնուող պաստառին վրայ գրուած է հայկական այբուբենը, իսկ աջին՝ «Եկէ՛ք մանկանց համար ապրինք»:

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՆԱՄԱԿԸ ԽԱՍԳԻՒՂԻ ԱՓԻՆ

1914, Խասգիւղ, Ոսկեղջիւր: Երուխանի գրական կեանքի ոդիսականը սկսեր էր ահա հոս, Խասգիւղի ծովահայեաց Ներսէսեան վարժարանի դասարաններուն մէջ: Իսկ այսօր Պոլսոյ մէջ երկինքը մռայլ է: Մռայլ է նաեւ բնակիչներու ոգին: Համաշխարհային պատերազմի դղրդիւնը կը լսուի: Անորոշութիւն եւ սարսափ կը տիրէ քաղաքին մէջ: Երուխանի հարազատները նամակ կը ստանան Մեզիրէյէն: Իրապաշտ գրողը իրապաշտօրէն կը նկարագրէ վիճակը. «Անպատմելի է հոգեկան վիճակս, ասանկ ատենը Անատոլուի խորերը գտնուիլ չոլուխ-չոճուխով դիւրին բան չէ: Ողջ առողջ պիտի տեսնուի՞նք արդեօք»: Զգալով չարաբաստիկ օրերու գալուստը՝ մէկ այլ նամակի մէջ ան գրած էր. «Այն ազգերը միայն իրաւունք ունին ապրելու, որոնք ընդդիմամարտութեան, տոկունութեան եւ զարգացման սքանչելի յատկութիւնները հզօրապէս ի հանդէս կը բերեն»… 1914, Յունուար 29. Երուխանը Պոլիս կ՛ուղարկէ նամակ մը եւս, հրաժեշտի գիր մը կարծես. «…Ո՞վ գիտէ մէյ մըն ալ ե՞րբ պիտի տեսնենք զիրար, գուցէ ինչո՞ւ չէ՝ բնաւ ալ չտեսնենք, ինչեր կրնան պատահիլ: Հոս Պոլիս չէ: Ամէն բան մազի վրայ»:

Ֆրանսական դպրոցի նուագախումբը
Ո՞ՒՐ Կ՛ԵՐԹԱՍ…

Այդ տարի գարնան ինչե՜ր պիտի պատահին… Պատմե՛մ: Մայիսին 1ին, Երուխանը պիտի ձերբակալուի, Եփրատ քոլեճի դասախօսներու հետ պիտի շղթայուի, անարգանքի մատնուած՝ փողոցներու վրայ պիտի ցուցադրուի, ենթակայ պիտի ըլլայ խոշտանգումներու, ապա փակ կառքով պիտի ուղարկուի Տիգրանակերտ: Յունիսին, ան պիտի նետուի Մաստառ լերան Տէվէ-Պօյնու ձորը, ինչպէս բարեպաշտ Լիգիան նետուած էր աւազոտ կրկէսը՝ գազաններուն կեր ըլլալու համար, ապա կացինի եւ մանգաղի հարուածներ 45 տարեկանին պիտի խզեն պարոն տնօրէնին կեանքի երիզը…։ Այլեւս, շարժանկարներ պիտի չցուցադրուին Ֆապրիքաթորեաններու վերանորոգուած շքեղ սրահին մէջ, այլեւս, պիտի չվառին Բազմաշէնէն եկած լապտերները…։ Կրթութեան մէջ յառաջատար, պատկառելի Խասգի՞ւղը: Անոր պատմութիւնը, յարգելի ընթերցող, կը ծրագրեմ պատմել յաջորդ յօդուածիս մէջ:

https://asbarez.am/archives/483918

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ