«Եութիուպ»-ին վրայ հրապարակուած երկու ցնցիչ տեսանիւթեր Հայաստանը կը ներկայացնեն իբրեւ իսլամ երկիր

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«ԵուԹիուպ»-ի վրայ հանդիպեցայ երկու շինծու տեսանիւթերու, որոնք կ՛աղաւաղեն Հայաստանի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը: Առաջին տեսանիւթը` ինը վայրկեան 53 երկվայրկեան տեւողութեամբ, կը կրէ «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը այժմ ընդունի իսլամութիւնը. անոր միլիոնաւոր քաղաքացիները կրօնափոխ կ՛ըլլան» խորագիրը (https://www.youtube.com/watch?v=YRuBcYQ-0WA): Երկրորդ տեսանիւթը` ութ վայրկեան 24 երկվայրկեան տեւողութեամբ, վերնագրուած է` «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը. այժմ 99 տոկոսով իսլամ է» (https://www.youtube.com/watch?v=7qve3KR58xI):

Անյայտ անձ մը արհեստավարժ ձայնով կը պատմէ երկու տեսանիւթերուն մէջ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ քիչ մը կը տարբերին իրարմէ: Անոնք կը պատմեն անհիմն պատմութիւն մը, իբր թէ Հայաստանի ամբողջ բնակչութիւնը իբր թէ կրօնափոխ եղած եւ իսլամ դարձած է: Տեսանիւթերը կը բովանդակեն Հայաստանի բազմաթիւ իրական տեսք ունեցող տեսարաններ, որոնք հաւանաբար ստեղծուած են արհեստական բանականութեան միջոցով:

Տեսանիւթերը պատրաստուած են անծանօթ կազմակերպութեան մը կողմէ, որ կը կոչուի «Իսլամի լոյսը»: Երբ առաջին անգամ դիտեցի այս տեսանիւթերը, նկատեցի, որ «ԵուԹիուպ»-ը կը նշէր, որ անոնք կը պարունակեն «փոփոխուած կամ համադրական ձեւով ստեղծուած բովանդակութիւն», սակայն այդ նշումը ներկայիս վերցուած է: «ԵուԹիուպ»-ը պաստառին վրայ կու տայ երկար բացատրութիւն մը, որով կը պահանջէ, որ տեսանիւթերը քողազերծուին, եթէ անոնց բովանդակութիւնը կեղծ է: Ես կոչ կ՛ուղղեմ ընթերցողներուն` բողոք ներկայացնելու «ԵուԹիուպ»-ին:

Իմ առարկութիւնս հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ այս տեսանիւթերը կը բովանդակեն կեղծ տեղեկատուութիւն` մոլորեցնելով ոչ հայ դիտողները եւ զանոնք հաւատացնելով, որ ներկայացուածը ճշմարիտ է:

Այս տեսանիւթերուն մէջ ներկայացուած շինծու պատմութիւնը բացայայտելու համար կը ներկայացնեմ տեսանիւթէն հատուած մը, զոր ես արտագրած եմ.

Տեսանիւթը կը սկսի Հայաստանի մասին լրիւ յօրինուած պատմութեամբ. «17-րդ դարուն եկեղեցիները վերածուեցան մզկիթներու, խաչերը փոխարինուեցան մահիկներով, իսկ Աստուածաշունչը` Ղուրաններով: Աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ երկիրը` Հայաստանը, այժմ բարեպաշտ իսլամական երկիր է, որուն մշակոյթը անհետացած է, (թէեւ) քարէ խաչքարերու փորագրութեան արուեստը վերապրած է, անոնք այժմ փորագրուած են սուրբ համարներով: Մարդիկ տակաւին կ՛երգեն հայկական ժողովրդական երգերը, բայց անոնց բովանդակութեամբ կը գովաբանեն Աստուած: Հայերէնը դեռ խօսակցական լեզու է, սակայն աղօթքները կը կարդացուին Ալլահի անունով: Դպրոցին մէջ երեխաները անգիր կը սորվին ֆաթթահը (Ալլահին 99 անուններէն մէկը) եւ կը շարունակեն սորվիլ իրենց ազգի պատմութեան մասին…»:

Տեսանիւթին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է իբրեւ «Կովկասեան իսլամական մշակոյթի կեդրոնի վերածուած երկիր: Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ հիմնադրուած են մեծ մատրասաներ (իսլամական դպրոցներ): Հայ իսլամ գրողներ եւ բանաստեղծներ կը գրեն բանաստեղծութիւններ հայերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով: Սեւանայ լիճին շուրջը ստեղծուած է հոգեւոր նոր մայրաքաղաք մը: Հոն ալ կառուցուած է Կովկասի մեծագոյն մզկիթը, որուն ճարտարապետութիւնը կը միախառնէ հին քրիստոնէական խաչքարերու արուեստն ու ոճը` իսլամական գեղագրութեան հետ… Հայաստանը այժմ կամուրջ է իսլամական աշխարհին եւ Արեւմուտքին միջեւ: Հայաստանի իսլամ դիւանագէտները նստած են եւրոպական բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Անոնք կը խօսին հինգ լեզուներով` մէջբերելով Ղազալին (11-րդ դարու պարսիկ իսլամ մտաւորական) եւ Շէյքսփիրը մէկ նախադասութեան մէջ: Զանոնք կը յարգեն, քանի որ անոնք երկու աշխարհներու հայելին են: Այս երկիրը կենդանի ապացոյց է, որ ինքնութիւնները կրնան զարգանալ` առանց կորսնցնելու իրենց արմատները, եւ որ` հաւատքը կրնայ փոխուիլ` առանց սպաննելու մշակոյթը: Համալսարաններուն մէջ հայ մտաւորականները կ՛ուսումնասիրեն երկու մեծ ժառանգութիւն` Աստուածաշունչը եւ Ղուրանը, խաչը եւ մահիկը, ոչ թէ իբրեւ հակամարտութեան խորհրդանիշներ, այլ` իբրեւ իրենց պատմութեան երկու կողմերը: Ազգ մը մեծ չի դառնար քրիստոնեայ կամ իսլամ ըլլալու հանգամանքով: Այսօր այդ այլընտրանքային Հայաստանի մէջ աղօթքները կ՛արձագանգեն այն մզկիթներու մինարէներէն, որոնք նախապէս եկեղեցիներու զանգակատուներ էին: Մանուկները տակաւին կը պարեն ժողովրդային պարեր` երգելով իրենց նախնիներուն երգերը, այժմ` Աստուած փառաբանող տողերով»:

Այնուհետեւ պատմողը կը ներկայացնէ երեւակայական անձնաւորութիւն մը, զոր կ՛անուանէ «Յարութ»: «Օր մը Յարութ կը հարցնէ. «Մայրի՛կ, ինչո՞ւ մեր տան մէջ խաչի նկար կայ: Մենք իսլամ չե՞նք»: Անոր մայրը վայրկեան մը կը լռէ, ապա հանդարտութեամբ կը պատասխանէ. «Որովհետեւ ատիկա մեր էութեան մէկ մասն է, որդի՛ս: Մենք քրիստոնեայ էինք, յետոյ իսլամ դարձանք, բայց մէկ բան երբեք չի փոխուիր` մենք միշտ հայ ենք»:

Տեսանիւթը կը շարունակուի. «Դպրոցին մէջ Յարութ կը սորվի Ղուրան կարդալ, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանայ հին հայկական այբուբենին: Անոր փոքրիկ գրադարանին մէջ կան հին կաշիէ կազմով Ղուրաններ եւ Աստուածաշունչ` գրաբարով, որոնք երկուքն ալ ժառանգած է իր մեծ մօրմէն, որ մայրապետ էր նախքան իսլամ դառնալը: Երբ կու գայ բերքահաւաքի տօնը, ընտանիքները կը հաւաքուին քաղաքին հրապարակը, մայրերը լաւաշ ու տոլմա կը հիւրասիրեն, մինչ երեխաները քոչարի կը պարեն զուռնայի եւ տաւուլի (տհոլ) նուագակցութեամբ: Մզկիթի իմամը եւ հին եկեղեցւոյ պահապանը կանգնած են կողք կողքի` ողջունելով լեռնային գիւղերէն եկած մարդիկը»:

«Դպրոցէն դուրս նոր շէնքերը կանգնած են կողք կողքի` հին աւերակներուն կից: Օսմանեան ոճի կամարներով մզկիթը կը գտնուի հայկական եկեղեցւոյ կողքին` իր իւրայատուկ կոնաձեւ տանիքով: Աղօթքի հրաւէրը կ՛արձագանգէ օդին մէջ, բայց զանգերը, որոնք տակաւին կը հնչեն յատուկ առիթներով` ի պատիւ եւ ոչ թէ՛ յարութեան համար: Հայաստանի նոր կառավարութիւնը ստեղծած է անկողմնակալ պատմութեան ուսումնական ծրագիր: Ազգային թանգարանը կը ցուցադրէ թէ՛ քրիստոնեայ նահատակներուն եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ իսլամութիւնը տարածողներուն պատմութիւնները: Մէկ սենեակին մէջ Յիսուսի հին սրբապատկերն է, միւսին մէջ` 16-րդ դարու պատռած աղօթքի գորգ մը: Մէջտեղը գրուած է. «Հոս վէրքերը եւ սէրը կը սորվին համակեցութեամբ ապրիլ»:

Պէտք է կոչ ուղղել «ԵուԹիուպ»-ին` ջնջելու այս երկու յօրինուած տեսանիւթերը` կանխելու մոլորեցումը դիտողներու, որոնք անտեղեակ են Հայաստանի մշակոյթին եւ կրօնին վերաբերեալ իրական փաստերուն:

www.TheCaliforniaCourier.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ