
Պոլսահայ միութեան տարեկան Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ ատենապետութեամբ Սիմոն Աճիլաչօղլուի։ Դիւանի ատենադպրուհիներն էին՝ Թամար Եէշիլչիմէն (հայերէն) եւ Անահիտ Գոճայեան՝ (անգլերէն)։ Սիմոն Աճիլաչօղլու ներկայացուց տարեկան տեղեկագիրը, իսկ Պոլսահայ միութեան հաշուապահութեան վերահսկիչ Յակոբ Հալըճը անդամներուն ներկայացուց 2018-24 տարեշրջաններու ելեւմուտքի վիճակին մանրամասն տեղեկագիրը:
Ապա քննարկուեցան օրակարգի նիւթերը, որուն յաջորդեց Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր յանձնախումբի ընտրութիւնները:
Վարչութիւնները ապա համատեղ հանդիպում ունեցան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցան միութեան պաշտօնեաներու ընտրութիւնները՝ 2 տարիներու ծառայութեան համար․ արդիւնքները հետեւեալն էին.
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ․ Բարունակ Չէլիքեան (ատենապետ), Օհաննէս Սապունճու (համաատենապետ), Անահիտ Գոճաեան (ատենադպրուհի), Էսայի Պալճեան (գանձապահ), Կարպիս Սարաֆեան (խորհրդատու) եւ Յովսէփ Արտըչ (խորհրդատու)։
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ․ Հերման Չէլիք (ատենապետ), Ռոզալին Մատոյեան (համաատենապետուհի), Քրիսթին Տէմիրալ (ատենադպրուհի), Կարօ Կոպիկեան (գանձապահ), Յովսէփ Արտըչ, (խորհրդատու):
Վարչութեան միւս բոլոր անդամները պիտի ծառայեն իբրեւ գործօն խորհրդատուներ՝ ստանձնելով յատուկ պարտականութիւններ, ծառայելու համար մեր համայնքին եւ շարունակելու Պոլսահայ միութեան առաքելութիւնը՝ բարեգործական, մշակութային եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ: 2025-2026 տարուան գործունէութեան ծրագիրները եւ օրակարգը պիտի զարգանայ ապագային:
ԴԻՒԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
Leave a Reply