
Լոնտոնի Քենոտաֆի յուշահամալիրին մօտ ապրիլ 22-ին հաւաքուած են Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երկու պալատներու ներկայացուցիչները՝ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնաժողովը՝ գրառում կատարելով X էջին մէջ։
Միջոցառման ընթացքին խորհրդարանականները հանդէս եկած են կոչով` ուղղուած Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն։
Yerakouyn.com
Leave a Reply