Զատիկի գաթան

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

– Ազնի՛ւ, եթէ ինծի պիտի հարցնես, խորիզին շաքարը քիչ է…

– Գաթային խմորն ալ աւելի փափուկ թող չըլլայ…

Այս տեսակ խորհուրդներով եւ թելադրանքներով տիկին Մարին կը փորձէր ցոյց տալ, որ ինք հմուտ ու լաւատեղեակ էր գաթայի պատրաստութեան «գաղտնիքներուն»: Մայրս ալ կը վստահէր տարիներու իր խոհանոցային փորձառութեան եւ իր համեղ գաթայի բաղադրատոմսին: Անոնք յաճախ կը խորհրդակցէին եւ երկար քննարկումներէ ետք նոր «հնարք» մը երեւան կու գար:

Տիկին Մարին հօրս հօրեղբօր դուստրն էր. ան տօնական օրերուն մեզի կ՛այցելէր եւ շատ անգամ քանի մը օրով մեր տան հիւրը կ՛ըլլար` քիչ մը կազդուրուելու, քիչ մըն ալ խոյս տալու իր առանձնութենէն: Անոր այցելութիւնները յաճախ Զատիկի նախորդող շաբթուան  կը զուգադիպէին: Այն ատեն Անթիլիասի շրջանի նարնջենիներուն նոր փթթած ծաղիկներուն արբեցնող բոյրը կը միախառնուէր մեր թաղի տուներուն մէջ եփուող Զատիկի խմորեղէններուն եւ անուշեղէններուն բոյրին հետ: Ամբողջ թաղը կ՛ողողուէր զգլխիչ բուրմունքով մը, որ էութիւնդ պարուրելով` գոլորշիի մը պէս կ՛անհետանար օդին մէջ, քիչ ետք մեղմաշունչ զեփիւռի մը հետ միահիւսուելով` վերստին ի յայտ գալու: Գարունն ալ կ՛աւետէր իր գալուստը:

Գաթայի պատրաստութեան նախորդող գիշերը խմորը կը շաղէին, վրան ձեռքով խաչի նշան մը կը տեղադրէին եւ ապա կը ծածկէին խոնաւ լաթով մը: Կ՛ըսէին, որ խմորը պէտք էր «հանգչէր»: Յաջորդ առտու մայրս ուրախ բացագանչութեամբ մը կը հաղորդէր, որ «մայան եկած է», եւ պէտք էր գործի անցնիլ: Այդ օրերուն ես հազիւ ութ-ինն տարեկան էի. մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէի իրենց աշխատանքին եւ կը փորձէի իմ հասկացողութեամբս «օգտակար» դառնալ գործի ընթացքին:

Նոր եփած ախորժաբեր գաթաները երբ փուռէն հանէին, ո՞վ պիտի համբերէր, որ պաղին: Անպայման պէտք էր համտեսել: Մինչ այդ մայրս զանոնք կը շարէր ափսէներու վրայ, ապա կը զետեղէր յարմար տուփերու մէջ: Հարազատներու բաժին հանելը անհրաժեշտութիւն մըն էր: Այդ շաբաթը յատկացուած կ՛ըլլար այլազան բլիթներ եւ խմորեղէններ պատրաստելու գործընթացին: Մեր թաղը զանազան անուշ բոյրերով յագեցած կ՛ըլլար: Կարծես իւրաքանչիւր տուն ունէր իրեն յատուկ բոյրը: Պատրաստակամութեան հոգին ալ միշտ ներկայ էր դրացիներուն միջեւ` իրարու օգնելու իրենց աշխատանքին մէջ: Պնակ մըն ալ կը ղրկէին իրենց պատրաստած անուշեղէններէն, որպէսզի միւս դրացիներն ալ համտեսեն, եւ կարծիքներու շարան մը կը փոխանակուէր: Ընդհանրապէս կարծիքները պատրաստութեան եղանակին կամ բաղադրիչի մը յաւելումին կամ կրճատումին մասին կ՛ըլլար: Լաւ էր բարեփոխել բաղադրատոմսը, որպէսզի յաջորդ տարի առաւել եւս համեղ ու փխրուն ըլլային իրենց պատրաստելիք անուշեղէնները: Հինգշաբթի օրերն ալ հաւկիթ ներկելու յատկացուած կ՛ըլլար. չկային ներկայի գունագեղ եւ տարբեր երանգներով ներկերը, ընդհանրապէս բնական միջոցներով կը գունաւորէինք հաւկիթները:

Մօրս համար նոյնպէս անհրաժեշտութիւն էր Աւագ շաբթուան եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն ներկայ գտնուիլ: Ես ալ կ՛ընկերակցէի իրեն` հետեւելու խնկահոտ եւ հոգեպարար ժամերգութիւններուն  եւ ըմբոշխնելու այդ շաբթուան խորհուրդը: Զատիկի շաբաթը մեր տան մէջ առաւել եւս ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր, որ կը կենսաւորէր եւ բովանդակալից կը դարձնէր մեր առօրեան: Հայ տունը կը յարդարուի ոչ միայն «հիացմունք» առթող զարդեղէններով, այլեւ` իրեն յատուկ գեղեցիկ աւանդութիւններով, որոնք կ՛արժեւորեն եւ իմաստալից կը դարձնեն մեր կեանքը: Մեր աւանդութիւնները շաղկապուած են մեր կեանքին հետ. մենք` իբրեւ ժառանգորդներ,  պէտք է գուրգուրանքով պահենք ու պահպանենք զանոնք եւ թոյլ չտանք, որ անոնք տարտղնուին:

Այսօր Անթիլիասի նարնջենիները նօսրացած են, բայց մեր օճախները թող յագենան մեր գեղեցիկ աւանդութիւններով, եւ գաթաներու անուշ բոյրը թող անպակաս ըլլայ մեր երդիքներէն…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ