
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիան Իսրայէլի հետ թեքնիք բանակցութիւններ կը վարէ անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
Ֆիտան «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մինչ Սուրիոյ մէջ որոշ գործողութիւններ կը կատարենք, պէտք է մեքանիզմ մը ըլլայ խուսափելու համար տագնապէ Իսրայէլի հետ, որուն օդանաւերը այդ շրջանին մէջ թռիչք կը կատարեն: Այդ մեքանիզմը պէտք է Միացեալ Նահանգներուն ու Ռուսիոյ հետ մեր ունեցածին նմանը ըլլայ»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ թեքնիք հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան կռուող կողմերուն միջեւ սխալ հասկացողութենէ խուսափելու համար, եւ թեքնիք խումբերը անհրաժեշտութեան պարագային իրարու հետ կապ կը հաստատեն:
Ֆիտան նշեց, որ Իսրայէլի հետ թեքնիք բանակցութիւններուն նպատակը կը սահմանափակուի Սուրիոյ մէջ բախումէ խուսափելով, այդ բանակցութիւնները յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապ չունին:
Թուրք–իսրայէլեան բանակցութիւնները կը գումարուին Ազրպէյճանի մէջ
«Արապիա» հաղորդեց, որ թրքական նախարարական աղբիւրներ երէկ հաղորդած են, որ երկու երկիրները չորեքշաբթի օր Ազրպէյճանի մէջ գումարած են իրենց առաջին ժողովը:
Աղբիւրները նշած են, որ այդ բանակցութիւնները որեւէ բախումի կամ շրջանին մէջ երկու երկիրներու գործողութիւններու հաւանական սխալ հասկացողութենէն խուսափելու համար հաղորդակցութեան կապ ստեղծելու ջանքերու սկիզբն են:
«Ջանքերը պիտի շարունակուին այդ մեքանիզմը հաստատելու համար», ըսած է աղբիւրներէն մէկը` առանց բանակցութիւններուն տարողութեան կամ ժամանակացոյցին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն փոխանցելու:
Աղբիւրները նշած են, թէ Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութիւնը որեւէ երրորդ երկիր պիտի չթիրախաւորէ եւ անոր գործունէութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան ծիրին մէջ պիտի ըլլայ:
Անոնք յայտնած են, թէ Սուրիոյ մէջ մարզումի ռազմակայաններ ստեղծելու ուսումնասիրումը տակաւին կը շարունակուի:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Աքսիոս»-ին յայտնած է, թէ թուրք եւ իսրայէլացի սպաներ քննարկած են Սուրիոյ մէջ երկու բանակներուն միջեւ անջատման մեքանիզմի ստեղծումը:
Իսրայէլացի մէկ այլ պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Երկու երկիրներուն միջեւ պիտի ստեղծուի համակարգումի համակարգ մը, որ սուրիական հողերուն վրայ անոր ներկայութեան ընթացքին կար Ռուսիոյ հետ»:
Leave a Reply