Մանուկեան Սկիւտարի Ս.Ճ.Ն.Ե. Սանուց Միութեան մէջ

26 Մարտ Չորեքշաբթի երեկոյ Փրօֆ. Տոք. Մանուկ Մանուկեան հիւրասիրուեցաւ Սկիւտարի Սէմէրճեան Ճեմարան և Ներսէսեան Երմոնեան Սանուց Միութեան Վարչութեան կողմէ։

Վիրաբոյժ Մանուկեան, քաղցկեղի հիւանդութեան մասին տեղեկութիւններ տալու համար սիրով ընդունած էր Սանուց Միութեան առաջարկը։

Միութեան սրահին մէջ կը գտնուէին թաղեցիներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետևեցան Մանուկեանի տուած լուսաբանութիւն ներուն։

Գործունէութիւնը վարեց Նատին Կէօրէնլի ։

Փրօֆ. Մանուկեան իր հակիրճ կենսագրութենէն ետք քաղցկեղէ պահպանուելու կանխամիջոցներու մասին տեղեկութիւններ փմխանցեց։

Առողջութեան վնասակար եղող  սննդանիւթերը համրեց և խնդրեց որ հեռու մնան այդ ուտելիքներէ։

Մանուկեան ապա ներկաներուն հարցումներուն մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ։

Մօտ երկու ժամ տեւող այս ջերմ և մտերմիկ հաւաքոյթի աւարտին միութեան վարչութիւնը  բժիշկին շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէր մը և ծաղկեփունջ մը նուիրեց։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/32288/manugyean-sgiwdari-s-ch-n-ye-sanuts-miutyean-mech

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2025
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ