Դաշնակցութեան վրէժը

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը «Նեմեսիս» գործողութեամբ կ՛ահաբեկէ Թալէաթ փաշան:

Թալէաթի ահաբեկումով հայը դարձեալ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ ինք կը մնայ պահանջատէր իր արդար դատին: Մէկ գնդակի հարուածով Սողոմոն Թեհլիրեան արթնցուց հազարաւոր հայերու պայքարի ոգին, եւ Դաշնակցութիւնը իրականացուց նոր դատավճիռներ` պատժելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած թուրքերը:

Թեհլիրեան մէկ փամփուշտով գետին փռեց ցեղասպան Թալէաթը, եւ երբ դատարանի ժամը հասաւ, անպարտ արձակուեցաւ խիզախ վրիժառուն: Արդարեւ, ան քաջ կը գիտակցէր, որ իր գործադրած դատավճիռը համայն հայութեանն էր, ան քաջ կը գիտակցէր, որ ինք մարդ սպաննած էր, բայց մարդասպան չէր: Թեհլիրեան իսկական դաշնակցականի կերպարը ունէր, ան միշտ հաւատարիմ եւ կարգապահ էր իր կուսակցական երդումին` կատարելով իր կարելին իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ միշտ կարեւոր դեր ունեցած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որ ցոյց կու տար, թէ հայը տակաւին պահանջատէր է իր արեան:

Սողոմոն Թեհլիրեան երբ ահաբեկեց Թալէաթը, յոյս ներշնչեց յուսահատ ժողովուրդին, հայուն վերադարձուց անոր արժանապատուութիւնը:

Այս ահաբեկման գործողութիւնը դարձաւ աշխարհահռչակ գործողութիւն մը` վրէժը լուծելով մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներուն:

Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ հայ ժողովուրդը կարիքը ունի նոր թեհլիրեաններու, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ կը գործեն նոր թալէաթներ: Պէտք է միանանք` դառնալով մէկ ուժ, մէկ նպատակի համար, կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2025
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ