Կատարուեցաւ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը

Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի վերջին օծումն եւ յուղարկաւորութիւնը 26 Նոյեմբեր երեքշաբթի օր, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ։

Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ Սահակ Բ., որ կատարեց նաեւ վերջին օծումը։ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի կողմէ։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ այլ քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը կատարեց վերջին օծումը եւ խօսեցաւ դամբանական մը՝ վեր առնելով վաստակաւոր եկեղեցականի նուիրումն ու ծառայասիրութիւնը։ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող յուղարկաւորութենէն ետք, լուսահոգի Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/31422/gadaruyetsaw-d-karyekin-ark-bekchyeani-hughargawvorutyean-ararvoghutiwni

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ