Լոյս տեսաւ Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime) հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի 17-րդ հատորը լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։

Հատորին խորագիրն է «Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime). հեղինակն է իրաւունքի եւ ընկերային գիտութիւններու դոկտոր, ուրուկուէյցի Օսքար Լոփէզ Կոլտարսենան, որ աշխատասիրութիւններ ունի մարդկութեան դէմ ոճիրի, ռազմական յանցագործութիւններուն եւ զանոնք միջազգային քրէական դատարանին մօտ բարձրացնելու եղանակներուն մասին։

Հատորին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են մշակութային ցեղասպանութիւնը դատապարտող միջազգային օրէնքներն ու հարցին հետապնդման իրաւական ուղիները։

Մշակութային ցեղասպանութեան թեման ներկայ ժամանակներուն արդիական հնչեղութիւն ստացած է, յատկապէս Արցախի մէջ Պաքուի կիրարկած հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ նենգափոխման քաղաքականութեան իրողութեամբ։

Արձանագրենք, որ «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ գումարել նիստեր՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներն են.-

— Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ),
— փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան,
— Շահան Գանտահարեան,
— Կիրօ Մանոյեան,
— դոկտ․ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան եւ
— Խաչիկ Տէտէեան։

Հատորը ստանալու համար կարելի է դիմել Կաթողիկոսարանի գրախանութ կամ այցելել կայքէջ՝ www.ciliciabookstore.com :

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ