Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութիւնը այսօր աւելի քան երբեք մօտ է. Ֆիտան

Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութիւնը այսօր աւելի մօտ է, քան երբեւէ, ըստ թրքական «Անատոլու» գործակալութեան, յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

«Անկասկած, այս կէտին հասնելու հիմքը այն է, որ եղբայրական Ատրպէյճան դադրեցուցած է իր հողերու բռնագրաւումը Ղարաբաղի մէջ: Մենք օրինակելի մակարդակով կը շարունակենք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ: Կը ձգտինք համատեղ լուծումներ գտնել միջազգային բազմաթիւ խնդիրներու: Պատերազմէն ետք Հայաստան որոշեց օգտագործել իր նախապատուութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան համար: Ուրախալի է, որ ատիկա կը շարունակուի: Թէ՛ Ատրպէյճանին, թէ՛ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք` չկորսնցնել այս պատմական կարելիութիւնը», ըսաւ Ֆիտան:

Ան յիշեցուց, որ կողմերը բաւական ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ առանձնազրոյց ունեցան Պոլսոյ մէջ` առանց երրորդ երկրի մասնակցութեան, եւ ընդգծեց, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, զոր իրենք կ՛իրականացնեն Հայաստանի հետ, Հարաւային Կովկասի համածիրին մէջ եւս կարեւոր է:

«Նշելով, որ Թուրքիոյ կառուցողական կամքն է, որ աստիճանաբար կարգաւորած է երկկողմանի յարաբերութիւնները` համաձայնեցնելով Ատրպէյճանի հետ, Ֆիտան բացատրած է, որ  Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած 3+3 տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի հանդիպման ընթացքին, կառուցողական ըմբռնումով քննարկած են տարածաշրջանին վերաբերող բոլոր հարցերը», կը գրէ «Անատոլու»ն:

https://asbarez.am/archives/471006

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ