«Զահրատ-100, հատընտիր» գիրքի շնորհանդէս

18 Նոյեմբեր, ժամը 20.00-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պատրիարքական Աթոռոյս նորատիպ հատորի՝ «Զահրատ-100, հատընտիր»ի շնորհանդէսը։

Հանդիսութեան պիտի նախագահէ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Պիտի մասնակցին Դալար Պաղտասարեան, Պօղոս Չալկըճեան։ Զահրատի բանաստեղծութիւններէ պիտի երգեն՝ Լուիզա Երեմեան, Արթիւր Պաղտասարեան, որոնք առաջին անգամ պիտի երգեն նաեւ Մարգրիտ Սարգսեանի յօրինած «Կոմիտաս» երգը։

Պիտի ասմունքեն՝ Սիլվա Կոմիկեան եւ մեր համայնքային լիսէներու սաներ։

Պիտի մասնակցին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոճամիրեան եւ Տքթ. Յակոբ Այնթապլեան։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/31356/zahrad-100-hadindir-kirki-shnvorhantes

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ