Սեւրի դաշնագիրի 104-ամեակ, կարեւոր հաստատումներ – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին առիթով ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էի «Հայրենիք»-ին համար, տես` «Ամերիկացի ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին մօտ արդէն զարգացած Էր ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը համիտեան ջարդերուն ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի դաշնագիրէն 25 տարի առաջ…» (1):

Հակառակ անոր որ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական հիմունքով յօդուածներ լոյս տեսած են Սեւրի դաշնագիրին մասին, տակաւին ոչ գիտական, սխալ մեկնաբանութեամբ յօդուածներ ալ լոյս կը տեսնեն մեր մամուլին մէջ` անուղղակիօրէն սատարելով թրքական յերիւրանքներուն:

Տրուած ըլլալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին վստահուած էր Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք պարտուած Օսմանեան կայսրութեան հպատակ երկիրներէն` Հայաստանի հողային քարտէսն ու սահմանները, որ պիտի բնորոշէր հետագայ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը, միանգամընդմիշտ պիտի փորձեմ լուսաբանել եւ պարզեցնել դաշնագիրին խառնաշփոթը եւ սխալ ըմբռնումները` հետեւեալ գլխաւոր կէտերով, որոնք պիտի մանրամասնեմ յառաջիկայ յօդուածներով.

1.- Միջազգային օրէնքով իրաւարար վճիռները վերջնական են եւ քննելի չեն, ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՉԵՆ ԿԱՐՕՏԻՐ: Այսինքն արդէն կողմերը սկիզբէն համաձայնած են իրաւարարին տալիք որեւէ վճիռին:

2.- Միացեալ Նահանգները` իբրեւ պետութիւն, մաս կազմած չէին Սեւրի դաշնագիրին, քանի որ պատերազմ չէին յայտարարած Թուրքիոյ դէմ, այլ` Գերմանիոյ դէմ: Ճիշդ այս պատճառով էր, որ իբրեւ անկողմնակալ կողմ` Միացեալ Նահանգներու նախագահի անձի՛ն եւ ոչ թէ պետութեան վստահուեցաւ իրաւարարի դերը: Այնպէս որ, ծերակոյտին կամ Քոնկրեսին վաւերացումին չէր կարօտեր:

3.- Սակայն Միացեալ Նահանգներու ներքին օրէնքով, ըստ սահմանադրութեան, նախագահին կնիքն ու ստորագրութիւնը կրող որեւէ դաշնագիր կը դառնայ պետական օրէնք, եւ Սեւրի դաշնագիրի այս իրաւարար վճիռը` ՔԱՐՏԷՍԸ, ԴԱՐՁԱԾ Է ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕՐԷՆՔ եւ օրէնքի ուժ ստացած ու ցարդ ի զօրու է` «what the (US) Constitution calls «the supreme Law of the Land»» (2):

4.- Միջազգային դաշնագիրները ՉԵՆ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԻՐ եւ ժամկէտ չունին (expiry date), բացի եթէ դաշնագիրին մէջ նշուած ըլլայ այդպիսի յօդուած, որ այս պարագային չկայ:

5.- Լոզանի դաշնագիրը բացարձակապէս կապ չունի Սեւրի դաշնագիրին հետ, անոր մէջ նշուած չէ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը, եւ մասնակցող երկիրները նոյները չէին, ու մանաւա՛նդ Հայաստանը մասնակից չէր: Այլ խօսքով, ծիծաղելի պիտի ըլլայ, որ խումբ մը երկիրներ ժողով գումարեն եւ խումբ մը այլ երկիրներու որոշած դաշնագիրը փոխարինեն… Ուղղակի անհեթե՛թ:

6.- Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգները մինչեւ 1927 եւ ցարդ պաշտօնապէս ճանչցած չեն Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը: Մինչեւ 1927 դեսպան չունէին Թուրքիոյ մէջ, քանի որ դեմոկրատականները դէմ էին սահմանի ճանաչումին, որ դեսպան ունենալու պայմաններէն մէկն է: Նախագահին տնօրինումով, առանց սահմանը ճանչնալու, դեսպան նշանակուեցաւ, որուն պատճառով Ամերիկայի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան. «Հայաստանը եւ Լոզանի դաշնագիրը» խորագիրին տակ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը յայտարարէ (3). «Մենք կը դատապարտենք Լոզանի դաշնագիրը: Ատիկա կը փոխանակէ (առեւտրական իմաստով*) ամերիկեան իրաւունքները եւ կը դաւաճանէ Հայաստանին` քարիւղի Չեսթըր մենաշնորհին փոխարէն:

«Մենք կը նպաստենք Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ նախագահ Ուիլսընի Հայաստանի վերաբերեալ Իրաւարար վճիռի գործադրութեան»:

7.- Վերջապէս, Սեւրի դաշնագիրը մեծ համեմատութեամբ գործադրուեցաւ, մի՛այն Հայաստանի բաժինը չգործադրուեցաւ: «ԹՈՒՂԹԻ ՎՐԱՅ ՉՄՆԱՑ»: Օսմանեան կայսրութեան միւս բոլոր երկիրները` Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ արաբական աշխարհի, ունեցան իրենց անկախութիւններն ու սահմանները: Այնպէս որ, Սեւրի դաշնագիրը` իբրեւ գործնական ընթացք, արդիւնաւոր եղած է եւ ի զօրու է: Բոլոր միւս երկիրներուն նման, դաշնագիրին կիսատ մնացած հայկական բաժինը եւս` իբրեւ Հայ դատի կռուաններէն կարեւորագոյնը, պիտի հետապնդենք եւ մեր բոլոր իրաւունքներուն պիտի վերատիրանանք:

Հայաստանի Հանրապետութեան այս կարեւոր իրագործումին, Սեւրի դաշնագիրին չգործադրուելուն պատճառը` արդէն 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած դաշնագիրէն չորս ամիս ետք, իսկ Ուիլսընի ստորագրութենէն` 22 նոյեմբեր, 10 օր ետք` 2 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց անկախութիւնը եւ անոր իրաւայաջորդ պոլշեւիկ կառավարութեան յանցանքն էր, որ ո՛չ միայն չհետապնդեց Սեւրի դաշնագիրի գործադրութիւնը, այլ նաեւ հայուն արեամբ ազատագրուած հողերը, Կարսն ու Արտահանը եւ Սուրմալուն, Արարատ լեռով ու Անիով նուիրեց պարտուած քեմալական Թուրքիոյ:

haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://hairenikweekly.com/?p=43916
  2. https://www.senate.gov/about/powers-procedures/treaties.htm
  3. Platforms of the Two Great Political Parties, 1856-1928 Inclusive, George D. Ellis, July 1928, Washington, U.S. Government Printing Office. https://play.google.com/store/books/details?id=wftOAQAAMAAJ&rdid=book-wftOAQAAMAAJ&rdot=1

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ