Էրտողան-Ալիեւ դռնփակ հանդիպում

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ29 համաժողովի ծիրին մէջ, երեքշաբթի օր, դռնփակ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ըստ «Էրմենիհապեր»՝ի հանդիպումին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը տարածեց Թուրքիոյ նախագահական պալատի հանրային կապերու վարչութիւնը:

Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ նախագահները փոխադարձաբար վերահաստատեցին երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու կամքը:

Թրքական կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գծով գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ հանրային կապերու վարչութեան պետ ֆահրեթթին Ալթուն:

https://asbarez.am/archives/470337

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ