«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» – ՔԼԱՐԱ ՀԱԺ
Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արժէքաւոր դաշնակիցէն` ան դարձած էր անոր երդուեալ թշնամին, վնասարար, որ կրնայ ցնցել թրքական վարչակարգը:
Քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը` իր անունը կրող հզօր իսլամական եղբայրութեան ղեկավարը, մահացաւ երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերի 2024-ին, 83 տարեկանին, ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, ուր ան աքսորուած էր 1999 թուականին: Նկարագրուած իբրեւ քարոզիչ, նոյնիսկ` երբեմն իբրեւ կուրու, ան յաջողած էր հիմնել չափազանց ազդեցիկ շարժում մը` իր գաղափարաբանութիւնը տարածելու եւ զայն պարտադրելու թրքական սահմաններէն դուրս` կրթութեան եւ լրատուական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ` առեւտուրի եւ տնտեսութեան մէջ: Տակաւին աշխուժ որոշ երկիրներու մէջ` կիւլենական շարժումը վերջին տասնամեակին խիստ ճնշումներու ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ` Անգարայի կողմէ պաշտօնապէս FETՃ – «Ֆեթհուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութիւն» պիտակաւորուելէ ետք:
Ֆեթհուլլա Կիւլենը ծնած է 27 ապրիլ 1941-ին, իմամ հօրմէ, Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող պահպանողական քաղաք Պաշինլերի մէջ, այն ժամանակ` Խորհրդային Միութեան հետ սահմանին մօտ գտնուող: Ֆեթհուլլա Կիւլեն սկիզբը քարոզարշաւ կատարած է հակահամայնավարական կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս: Ապա ան դարձած է Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարութեան` Տիյանեթի պետական պաշտօնեայ եւ սկսած է քարոզիչի իր գործունէութիւնը` ազդուած իսլամիստական եւ եղբայրական հոսանքներէն: CERI-Sciences Po Paris-ի հետազօտող եւ Անատոլուի հետազօտութիւններու ֆրանսական հիմնարկի նախկին տնօրէն Պայրամ Պալչի Կիւլենի շարժումը կը նկարագրէ իբրեւ «իսլամական եւ թրքական ազգայնականութեան խառնուրդ», նշելով, որ անիկա հիմնուած է 1960-1970 թուականներուն Զմիւռնիոյ շրջանին մէջ` իբրեւ կազմակերպութիւն նպատակ ունենալով օգնութիւն տրամադրել կրթական դժուարութիւններ ունեցող ուսանողներուն: «Անոնց հիմնական նպատակն է ներքուստ խթանել իսլամական ձեւ մը` միաժամանակ ապահովելով, որ անոնք պահպանեն աշխարհիկ պատկեր մը արտաքին աշխարհին առջեւ», կը բացատրէ Նեւզեթ Չելիքը` ընկերաբան, բժիշկ, որ կապուած է CNRS-ի հասարակութիւններու, կրօններու եւ աշխարհիկութեան խումբին հետ:
«Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մտաւորականներու» շարքին
1980-ականները երկրին համար շրջադարձային ժամանակաշրջաններ էին, երբ իշխանութեան կողմէ կառավարուող տնտեսութիւնը ազատականացուեցաւ, եւ կրօնական շարժումները ներդրումներ կատարեցին տնտեսութեան մարզին մէջ: Ֆեթհուլլա Կիւլենը օգտագործեց այս առիթը` ջնջելու թապու մը. իսլամութեան կիրարկումը անհամատեղելի չէ հարստանալու հետ, ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է, որ թոյլ կու տայ ձեր տեղը ապահովելու անդի աշխարհին մէջ: Կիւլենական շարժումի սահմանները կ՛ընդլայնին, եւ կը սկսին հիմնուիլ` սեփական դպրոցներ, ընկերութիւններ, թերթեր եւ տեղական լեզուով սփռուող պատկերասփիւռի կայաններ: Միայն մէկ մարզ կը մնայ անթափանց` քաղաքական աշխարհը:
«Կիւլենը կը ցանկար շարժումին պատկերը վեր պահել քաղաքական կուսակցութիւններէն: Ան հեռու կը մնար եւ կասկածանքով կը վերաբերէր բոլորին», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի: Քարոզիչը 1999 թուականին պաշտօնապէս առողջական պատճառներով մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Իրականութեան մէջ մարդը վախ ունէր զինուորականներու ճնշումէն, որ քեմալական եւ աշխարհիկ համակարգի իբրեւ երաշխաւոր կը գործէր, եւ որուն ճնշող մեքենան իսլամիստներուն դէմ կը գերազանցէր կառավարութիւններուն իշխանութիւնը: 2002 թուականին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան գալով` ամէն բան փոխուեցաւ: Վարչապետ Էրտողան այն ժամանակ քաջալերեց իսլամութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ աննախադէպ միացումը: «Երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Կիւլենին երաշխիք կու տայ, որ ան կրնայ առանց մտահոգութեան վերադառնալ Թուրքիա, քանի որ անոր հանդէպ բոլոր հետապնդումները յետս կոչուած են, ան կը նախընտրէ մնալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան յաջողած էր Փենսիլվանիոյ մէջ շատ ազդեցիկ շարժում ստեղծել», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի:
Բայց եւ այնպէս, կը ձեւաւորուի բնական դաշինք. շատ երիտասարդ պահպանողական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կարիքը ունի եղբայրութեան, անոր մտաւորականներուն եւ լրագրողներու ցանցի ազդեցութեան` իր նախագիծը իրականացնելու համար: Ատոր դիմաց Ֆեթհուլլա Կիւլենը քաղաքական աջակցութիւն կը խնդրէ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած իր ունեցուածքը պահպանելու համար: Անոնք միասին կը փորձեն նաեւ նուազեցնել թրքական բանակին հզօրութիւնը: Համաձայնութիւնը կը զօրացնէ երկու կողմերը: Կիւլենական ազդեցութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցները կը գովաբանեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ շարժումին հետեւորդները` Անգարայի աջակցութեամբ, կը փոխարինեն քեմալական պետական ծառայողները` ոստիկանութեան, արդարադատութեան եւ նոյնիսկ բանակի շարքերուն մէջ:
2008 թուականին Ֆեթհուլլա Կիւլենը կը յայտնուի «աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մտաւորականներ»-ու շարքին` ըստ ամերիկեան Foreign Policy ամսագրին: Եղբայրութեան ազդեցութիւնը կը զայրացնէ երիտասարդ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ ոգեշնչուած էր իր հերթական ընտրական յաղթանակներով: Յատկապէս որ շարժումը որոշակի երկիմաստութիւն կը պահպանէ իշխանութեան հետ. «Այդ կազմակերպութիւն մըն է, որ ներթափանցում, ապօրինի գաղտնալսում եւ լրտեսութիւն կը կատարէր իր դաշնակիցներուն դէմ: Պետական կառոյցներու մէջ աշխատող Կիւլենի հետեւորդներու հաւատարմութիւնը կը գերակայէր պետական ծառայողներու իրենց պարտականութիւններուն հաւատարմութենէն», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի: Ճեղքեր կը սկսին յառաջանալ աստիճանաբար դաշինքին մէջ, քանի որ կիւլենականները կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Առաջին հերթին ներքին գետնի վրայ շարժումը, որ այն ժամանակ աւելի ազգայնական էր, քան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, դէմ կեցաւ քրտական փոքրամասնութեան հետ խաղաղ գործընթաց սկսելուն. Էրտողան յոյս ունէր 2010 թուականէն սկսեալ ընդլայնելու իր աջակցութիւնը: Այնուհետեւ, արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ Էրտողան խիստ կեցուածք ունէր Իսրայէլի նկատմամբ` տարածաշրջանին մէջ իր ժողովրդականութիւնը ամրապնդելու համար: Դիրքորոշում մը, որ դժգոհութիւն կը պատճառէր Ֆեթհուլլա Կիւլենին, որ ստիպուած էր չէզոք մնալու այս հարցին մէջ` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կողմնակիցները չբարկացնելու համար:
Ի՞նչ կը մնայ շարժումէն: Երկուքին միջեւ անվստահութիւն կը յառաջանայ: Անվստահութիւնը 2012 թուականին շարք մը քաղաքական քայլերու միջոցով, որոնք ուղղուած էին կիւլենական կրթական համակարգին դէմ: Կրելով նիւթական դժուարութիւններ` քարոզիչին դպրոցները այլեւս չեն կրնար անցեալին պէս ծառայել իբրեւ զարգացման կեդրոններ` նոր ղեկավարներ պատրաստելու համար: «Կիւլենը կը գիտակցի, որ Էրտողան կրնայ կարճ ժամանակի մէջ քանդել այն, ինչ որ կառուցած է 40 տարուան մէջ», կ՛ըսէ Պայրամ Պալչի: Հետեւաբար կը կազմակերպէ հակայարձակումը: Իր լրատուամիջոցներուն ճամբով շարժումը 2013 թուականին կը բացայայտէ փտածութեան դէպքեր` կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին հետ կապուած: Էրտողան այս քայլը կ՛ընկալէ իբրեւ իր իշխանութեան վնասելու կազմակերպուած փորձ եւ ուղղակիօրէն կը մեղադրէ իր նախկին դաշնակիցը. «Ոչ մէկ ստուերային ուժ, ներսէն կամ դուրսէն, մեզի չի կրնար ըսել, թէ մենք ի՛նչ վարքագիծի պիտի հետեւինք», ըսաւ ան հանդիպման ժամանակ, մինչդեռ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 56 ղեկավարներ, ներառեալ` անոր մօտիկ պահակախումբը, կը գտնուին հետաքննութեան մէջ:
Էրտողան գիտէ, որ պետական կառոյցը ներթափանցուած է բոլոր կողմերէն, եւ կը սկսի պաշտօնանկ ընել դատախազներ, դատաւորներ եւ ոստիկանական ծառայողներ: «Դիւրին չէր կառավարական հաստատութիւնները մաքրել կիւլենականներէն», կ՛ըսէ Նեւզեթ Չելիքը, որ շարժումը կը համեմատէ մասոնութեան հետ: Շարժումը երկու երես ունի, եւ անոր անդամները թաքնուելով` կեղծաւոր կեցուածք որդեգրած են: Նոյնիսկ տարիներ անց որոշ հաստատութիւններու մէջ անդամներ յայտնաբերուեցան»: 27 յուլիս 2016-ին կատարուած պետական յեղաշրջման փորձը, որ իշխանութիւնները կը վերագրեն Ֆեթհուլլա Կիւլենին եւ անոր ցանցին, կ՛ազդարարէ Անգարայի կողմէ շարժումին վերջը, որ զայն կը դասէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին:
«Այս յեղաշրջումը Աստուծոյ պարգեւն էր», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը, որ անմիջապէս ստանձնած է ամբողջական լիազօրութիւնները եւ նշանակած` դատաւորներ ու դատախազներ: Կիւլենի հետեւորդներէն ոմանք կը յաջողին փախչիլ Թուրքիայէն, միւսները բանտարկուած են: 2016 թուականէն ետք 130 յատուկ բանտեր կը կառուցուին, եւ այնտեղ կը բանտարկուին աւելի քան 80 հազար քաղաքական բանտարկեալներ, կիւլենականներ եւ իշխանութեան ընդդիմադիրներ: «Այս նենգ փորձի հեղինակ FETÖ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն է», կ՛արձագանգէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Թէեւ պարզ է, որ շարժումը, ինչպէս անոր որոշ անդամներ հաստատած են, միացած են աւելի ու աւելի վիճարկուող նախագահը հեռացնելու փորձին, սակայն կիւլենականներու ներգրաւուածութեան աստիճանը առեղծուած կը մնայ: Անկախ անկէ, որ 2016 թուականէն ի վեր Էրտողան շարունակած է պայքարը իր անհանդուրժելի թշնամիին դէմ` հետապնդելով անոր անդամները թրքական սահմաններէն դուրս եւ ներս: Օտարերկրեայ պետութիւններու վրայ ճնշում գործադրելով` թրքական դիւանագիտութիւնը յաջողած է փակել կիւլենական դպրոցները այդ երկիրներուն գրեթէ 90%-ին մէջ, ուր անոնք կը գտնուին: Անգարան փորձեց յաջողցնել Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնումը Միացեալ Նահանգներէն, սակայն այդ պահանջը երբեք ընդառաջում չգտաւ եւ լարուածութիւն ստեղծեց թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: «Շարժումը դեռ ուժեղ կը մնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մասնաւորաբար` Թեքսասի, Քալիֆորնիոյ եւ Փենսիլվանիոյ մէջ: Անոր դպրոցները գոյութիւն ունին կանոնադրական դպրոցներու տեսքով (սեփական կառավարուող աշխարհիկ ամերիկեան դպրոցներ, որոնք կ՛օգտուին դպրոցական ծրագիրներուն մէջ շատ լայն ինքնավարութենէ)», կը հաստատէ Նեւզեթ Չելիքը: Միացեալ Նահանգներէն դուրս Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումը 2016 թուականէն ի վեր ոչինչի վերածուած է: Անոր գլխաւորութեամբ քարոզիչը փորձած է օգնութիւն ցոյց տալ իր կողմնակիցներուն, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցած էին Թուրքիայէն վտարուելէն ետք եւ շարունակեցին ղեկավարել Փենսիլվանիայէն այն, ինչ որ մնացած էր շարժումէն:
Որբացած, արդեօ՞ք շարժումը պիտի վերապրի իր առաջնորդի մահէն ետք: Ամէն պարագայի, վերջինս իրեն յաջորդող չէր նշանակած: «Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ որոշ երկիրներու մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող դպրոցներու ղեկավարութիւն մը նշանակուի, քանի որ ոչ մէկ գործիչ չի կրնար փոխարինել Ֆեթհուլլա Կիւլենը,- ըսաւ Պայրամ Պալչի: – Եթէ շարժումը նոյնիսկ կարենայ բաժնուիլ քանի մը հոսանքներու, ապա ատիկա աննշան խնդիր մըն է, քանի որ անկէ շատ բան չէ մնացած»:
Leave a Reply