ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ եւ Պաքուի մէջ անգլիական հրամանատարութեան հաւանութեամբ Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի նահանգապետ նշանակուած Խոսրով բէկ Սուլթանովի հրամանով ազրպէյճանցիներուն արգիլուած էր առեւտրական կամ այլ տեսակի որեւէ գործունէութիւն իրականացնել հայերու հետ: Դէպի Արցախ բոլոր ճանապարհները փակուած էին եւ սովի սպառնալիքը կախուած էր արցախցիներու գլխուն:
Արցախցի տղամարդիկը ստիպուած էին գիշեր-ցերեկ հերթապահութիւն կատարել սահմաններուն վրայ: Սովը հասած էր հոն, որ արցախցի կիներ ստիպուած իրենք խուրջինով կ՛երթային Աղտամ, գնումներ ընելու: Բայց թաթարները անոնց ոչինչ կը ծախէին: Ով կրնար` ծածուկ քիչ մը բան կը գնէր եւ կը շտապէր հեռանալու Աղտամէն:
Յաջորդող օրերուն թաթարները հայերու ձեռքէն սկսան խլել անոնց էշը, ձին կամ եզը, պնդելով որ իրենցն է եւ հայը ժամանակներ առաջ գողցած է: Բողոքողը տեղն ու տեղը կը խոշտանգուէր:
Խոջալու (ներկայիս` Իվանեան) ազրպէյճանցի նորակոչ զինուորներու զինավարժութեան կեդրոն դարձած էր, իսկ Խանքենդիի (ներկայիս` Ստեփանակերտ) զօրանոցը մեծ բանակատեղիի վերածուած էր:
* * *
Արցախի եւ Սիւնիքի հայերը վճռած էին ամէն գնով արգիլել թաթար քոչուորներու մուտքը իրենց երկրամասէն ներս:
Սակայն Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ Պաքուի անգլիական հրամանատարութեան համար թաթար քոչուորներու Արցախ եւ Սիւնիք մուտքը կարեւորագոյն զէնք էր` հայկական այդ երկրամասերը հակակշիռի տակ առնելու համար:
Շուշիի մէջ բրիտանական հրամանատարութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ փոխգնդապետ Միքայէլ Արզումանեան 1 մայիս 1919-ին անգլիական առաքելութեան ներկայացուցիչին հետ ինքնաշարժով Գորիս մեկնեցաւ, քոչին հետ կապուած հարցերը լուծելու համար:
Անգլիացիք Ազգային խորհուրդէն պահանջեցին թոյլ տալ թաթար քոչուորներուն իրենց անասուններու հօտերով Արցախի եւ Սիւնիքի լեռները բարձրանալու: Ազգային խորհուրդը մերժեց` յենելով արցախահայոց հինգերորդ համագումարի որոշումին վրայ:
Քոչուորներուն մուտքը արտօնել կը նշանակէր Արցախի եւ Սիւնիքի թիկունքը զինուած թշնամի տարր մտցնել:
Փոխգնդապետ Միքայէլ Արզումանեան մայիս 4-ին Շուշի վերադարձաւ: Քանի մը օր ետք, մայիս 11-ին Շուշի հասաւ Պաքուի մէջ անգլիական հրամանատար գնդապետ Շաթելվորտ:
Շուշի հասած օրն իսկ Շաթելվորտ իր մօտ կանչեց Արզումանեանը եւ անոր յայտնեց, թէ յաջորդ առաւօտեան ժամը 7:00-ին ինքնաշարժը պատրաստ պիտի ըլլայ հիւրանոցին առջեւ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը պարտաւոր է ձգելու Շուշին եւ հեռանալու Թիֆլիս եւ հոնկէ` Երեւան:
Միքայէլ Արզումանեան անակնկալի գալով զարմացած հարցուց.
– Դուք զիս կ՛աքսորէք, բայց ի՞նչ բանի հետեւանք է ատիկա. արդեօք իմ վարած քաղաքականութեա՞ն, թէ կան ուրիշ պատճառներ:
Շաթելվորտ պատասխանեց.
– Դուք ձեզի հետ Հայաստանէն դրամ բերած էք Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի դէմ խռովութիւն բարձրացնելու համար, եւ, երկրորդ, երբ դուք գացիք Գորիս, հոն չյայտարարեցիք թէ Հայաստանի կառավարութիւնը Ղարաբաղը զիջած է Ազրպէյճանին: Հայաստանի կառավարութիւնը երկդիմի քաղաքականութիւն կը վարէ: Այս խնդրին մէջ մեղաւորը մահապատիժի կ՛արժանանայ եւ առհասարակ Ղարաբաղի շուրջ կատարուող գործերը, որոնք կը տարուին անգլիական հրամանատարութեան ծրագիրին հակառակ, կրնան արժանանալ հազարաւոր հայերու կեանքին:
Արզումանեան զարմացած նայեցաւ «դաշնակիցի» երեսին:
Շաթելվորտ շարունակեց.
– Ես կը հեռագրեմ, որ վերադարձող գաղթականները Կարսի եւ Նախիջեւանի մէջ ձգեն, մինչեւ որ Ղարաբաղ ընդունի Ազրպէյճանի իշխանութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է ատիկա, մանաւանդ որ այս բոլորը ժամանակաւոր է, մինչեւ որ խաղաղութեան խորհրդաժողովը իր վճիռը տայ:
* * *
Թաթար քոչուորները արդէն հասած էին Ասկերան եւ սկսած էին բարձրանալ Արցախի լեռնային արօտավայրերը: Մայիս 27-ին Ասկերանէն սուրհանդակ հասաւ Շուշի եւ լուր տուաւ Ազգային խորհուրդին, որ քոչուորները արդէն սկսած են լեռ բարձրանալ:
Ազգային խորհուրդը հայկական մարտական ուժերուն թելադրեց չանհանգստացնել թաթար
«խաղաղ» ժողովուրդը:
Բայց հազիւ լեռ բարձրացած եւ վրաններ լարած, թաթար քոչուորները սկսան յարձակումներ գործել հայկական գիւղերուն վրայ:
Ազգային խորհուրդը հաւաստի աղբիւրներէ իմացաւ, որ այդ յարձակումները կազմակերպողը Ազրպէյճանն էր, իսկ ղեկավարողը` Քեազիմ փաշան: Այդ մասին գիտէր նաեւ անգլիական հրամանատարութիւնը: Լուրեր հասած էին նաեւ որ Էնվէր փաշա հիւրաբար Սուլթանովի մօտ կը գտնուի:
* * *
Ազրպէյճանական զօրքեր 4 յունիս 1919-ի առաւօտ կանուխ պաշարեցին Շուշին, իրենց դիրքերը ամրացուցին եւ հասցուցին Քերծին գլուխը եւ մօտեցան հայկական թաղերուն:

Հայկական մարտական ուժերը իրենց կարգին սկսան դիրքեր հաստատել: Քսան զինուորներ Քերծին գլուխը բարձրացան` դէպի Քարինտակ տանող ուղին պաշտպանելու համար: Հայ եւ թաթար պահակները իրարմէ քանի մը տասնեակ քայլ հեռաւորութեան վրայ կանգնած էին:
Հայ մարտիկներուն լուր հասաւ, որ բազմաթիւ սայլեր, զինամթերքով բեռնաւորուած, ճամբայ ելած են դէպի Շուշի, իսկ Աղտամէն նոր զօրքեր մտած են Խանքենդի:
Ժամը 10:30-ին Քերծի գլուխէն քանի մը հրացաններ որոտացին, որ ազդանշան էր լայնածաւալ գործողութեան: Մէկ վայրկեան չանցած` ազրպէյճանական բոլոր դիրքերէն սկսաւ սոսկալի հրացանաձգութիւն մը:
Դիրքերուն մօտ գտնուող հայոց խանութները, որոնք բաց էին, իսկոյն կողոպտուեցան:
Հայկական թաղերուն մէջ ոչ մէկ թաթար կար, որովհետեւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները նախօրօք զգուշացուցած էին անոնց: Սակայն թաթարական թաղերուն մէջ բաւականաչափ հայ մշակներ եւ արհեստաւորներ կային, որոնց կարիքը եւ անօթութիւնը ստիպած էին երթալու եւ թաթարներւն մօտ օրավարձքով աշխատելու: Անոնք բոլորն ալ խողխողուեցան:
Կէսօրուան մօտ հրացանաձգութիւնը աներեւակայելիօրէն սաստկացաւ: Տարբեր տեսակի հրացաններ տարբեր տեղերէ կ՛որոտային: Թաթարներուն նպատակն էր սարսափ եւ խուճապ յառաջացնել հայկական թաղերուն մէջ:
Նոյն պահուն հայկական մարտական ուժերուն լուր հասաւ, որ թաթար ու քիւրտ մեծաթիւ հրոսակներ մտած են Ղայբալիշէն եւ սկսած են սուրի քաշել անոր բնակիչները:
Արցախի հայոց առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Տէր Գրիգորեան, սաստիկ հրցանաձգութեան տակ, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին գնաց անգլիական զինուորական ներկայացուցչութեան մօտ եւ աղաչեց, որպէսզի միջամտեն եւ փրկեն քաղաքը:
Մայոր Մոնք Մեսըն ինքնաշարժ նստելով գնաց Սուլթանովի մօտ եւ վերադառնալէն ետք յայտնեց, որ նահանգապետը պայման դրած է, որ եթէ անգլիական ներկայացուցչութեան մօտ ստորագրութիւն տուած անձերը հեռանան քաղաքէն, անմիջապէս կը դադրի հրացանաձգութիւնը, կը վերցուի շրջափակումը, կը վերականգնին նախկին բարիդրացիական յարաբերութիւնները եւ զինուած ամբոխին կը ստիպեն ցրուիլ իրենց տուները:
Կատաղի հրացանաձգութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ օրը եւ գիշերը: Բոլոր դիրքերէն մարտիկները փամփուշտ կը խնդրէին: Կային մարտիկներ, որոնք ընդամէնը հինգ փամփուշտ արձակած էին, որովհետեւ իրենցմէ իւրաքանչիւրին միայն տասնհինգ փամփուշտ տրուած էր:
* * *
Յունիս 5-ի առաւօտուն Ազգային խորհուրդի անդամ Հրանդ Բահաթրեան մարտիկներուն լուր տուաւ, որ ինքնաշարժը պատրաստ է եւ շուտով «աքսորականները» ճամբայ պիտի ելլեն:
Ժամը իննին Ազգային խորհուրդի երեք անդամներ` Իշխանեան, Աւետիսեան եւ Թումեան, ճամբայ ելան:
Մայոր Մոնք Մեսընի տուած հաւաստիացումէն պէտք էր սպասել որ Սուլթանով կը յարգէ իր խոստումը, այսինքն` անմիջապէս որ «յանցաւորները» հեռանան Շուշիէն, իսկոյն ամէնուրեք կը դադրի հրացանաձգութիւնը: Սակայն պատահեցաւ հակառակը: Ինքնաշարժը դեռ Մազի կամուրջը չհասած` սկսաւ կատաղի յարձակում մը Ղայբալիշէնի վրայ, իսկ քաղաքին մէջ հրացանաձգութիւնը սաստկացաւ:
Համոզուած ըլլալով, որ Սուլթանով պիտի չհրաժարի Արցախը աւերելու իր դիւային ծրագիրէն, բոլոր դէպքերու մանրամասնութիւնները գրաւոր կերպով անմիջապէս յայտնուեցան Արցախի Ազգային խորհուրդի անդամներուն եւ հրամանատարներուն, թելադրելով չափազանց զգոյշ ըլլալ եւ մարտական ուժերը պատրաստ պահել:
Յուսահատական դիմադրութենէ ետք Ղայբալիշէն յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին ինկաւ: Անգլիացի եւ ամերիկացի ներկայացուցիչներու քիթին տակ սկսաւ անպաշտպան կիներու ու երեխաներու սպանութիւնը, թալանը եւ աւերածութիւնը, որմէ ետք ամբողջ գիւղը հրդեհուեցաւ:
Անգլիացի քանի մը սպաներ հասան մինչեւ Քերծին գլուխը, բայց յետոյ խոհեմաբար ետ դարձան դէպի իրենց տեղերը:
Յունիս 6-ին Ղայբալիշէն արդէն աւերուած էր, բայց թաթարներ տունէ տուն անցնելով կը վառէին կիսաւեր մնացած տուները եւ որսորդական շուներու պէս թուփերու տակ թաքնուած հայերը կը փնտռէին:
Թաթարներ յունիս 8-ին հրդեհեցին Կրկժան գիւղը:
Յունիս 10-ի երեկոյեան թաթարներ յարձակեցան Դահրազ գիւղին վրայ, բայց դիմադրութեան հանդիպելով նահանջեցին:

Միաժամանակ թաթարներ յարձակեցան Դաշուշէնի վրայ: Գիւղին փոքրաթիւ պաշտպանները փոքր դիմադրութենէ ետք ստիպուած նահանջեցին:
Դաշուշէնի վրայ յարձակման լուրը առնելով փութով Դռնավազէն կապ հաստատուեցաւ Շուշիի հետ: Մարտական ուժերուն հրահանգուեցաւ Շուշիէն եւ հարաւէն յառաջանալ եւ շրջապատել Դաշուշէն մտած թաթար հրոսակախումբերը:
Թաթարները Դաշուշէնի մարագները սկսած էին կրակի տալ, երբ հայկական մարտական ուժերը վրայ հասնելով ուժեղ թափով յարձակեցան թշնամիին վրայ եւ ցիր ու ցան ըրին զանոնք:

Թաթարներ յարձակեցան նաեւ Փահլուր, Ջամիլու եւ Խնածախ գիւղերուն վրայ եւ ամէնուրեք սպանդ կազմակերպեցին:
Անգլիացիք դիմեցին Սուլթանովի եւ թելադրեցին որ բաւարար նկատէ եղածը:
* * *
Արցախի Ազգային խորհուրդը յունիս 16-ին պատուիրակութիւն ուղարկեց Շուշիի անգլիական զինուորական ներկայացուցչութեան մօտ, յայտնելու համար որ հարցերը լուծելու համար անհրաժեշտ է արցախահայոց վեցերորդ համագումար հրաւիրել:
Անգլիական ներկայացուցչութիւնը մերժեց ընդունիլ Ազգային խորհուրդին պատուիրակութիւնը:
Յաջորդ օր` յունիս 17-ին Ազգային Խորհուրդը կրկին պատուիրակութիւն ուղարկեց անգլիական ներկայացուցչութիւն:
Անյարգալիր վերաբերումով ընդունելով պատուիրակութիւնը անգլիացիք ըսին, որ իրենք իրենց վերջին խօսքը արդէն քանիցս ըսած են` «Ղարաբաղը պիտի անցնի Ազրպէյճանին, կ՛ուզէք համագումար հրաւիրեցէք, կ՛ուզէք կոտորուեցէք, եւ եթէ ամբողջ Ղարաբաղը մոխիրի վերածուի, մենք միայն հանդիսատեսի դերին մէջ կը մնանք»:
Անգլիացիք նաեւ ըսին, որ եթէ Սուլթանով համաձայն է համագումար հրաւիրելու, միայն այն ժամանակ իրենք համաձայն կ՛ըլլան եւ ներկայացուցիչ կ՛ուղարկեն:
Leave a Reply