
Թուրքիան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուած նախագիծ կը պատրաստէ:
«Հայաստան Նիուզ» կը փոխանցէ, թէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ը հաղորդած է, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու` Անգարա-Կեսարիա արագընթաց գնացքի վերաբերեալ լրագրողներուն տուած իր յայտարարութեան մէջ:
Ան յայտնած է, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հետ կապը պիտի ապահովուի Կարս-Իգտիր-Տիլուճու արագընթաց գնացքով»:
«Ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին», նշած է նախարարը:
Leave a Reply