Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հետ կապը պիտի ապահովուի Կարս-Իգտիր-Տիլուճու արագընթաց գնացքով»

Թուրքիան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուած նախագիծ կը պատրաստէ:

«Հայաստան Նիուզ» կը փոխանցէ, թէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ը հաղորդած է, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու` Անգարա-Կեսարիա արագընթաց գնացքի վերաբերեալ լրագրողներուն տուած իր յայտարարութեան մէջ:

Ան յայտնած է, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հետ կապը պիտի ապահովուի Կարս-Իգտիր-Տիլուճու արագընթաց գնացքով»:

«Ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին», նշած է նախարարը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ