Խորհրդակցական հանդիպում մեր վարժարաններու կրօնքի դասերու մասին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 օգոստոս 2024, հինգշաբթի երեկոյեան նախագահեց ժողովի մը, համայնքային վարժարաններու կրօնագիտութեան դասացուցակի եւ դասագիրքերու վերապատրաստման մասին:

Ժողովին մասնակիցներն էին համայնքային վարժարան ունեցող խնամակալութիւններու եւ թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները, որոնք կը կազմեն Թրքահայ Վաքըֆներու Միութիւն (ԹՎՄ- ERVAB) կրթական յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռէս՝ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ իր օգնականը՝ Նորա Շէնեան:

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ ետք շեշտեց կրօնագիտութեան դասացուցակի եւ դասագիրքերու վերապատրաստման կարեւորութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ առիթ ստեղծուած է այս մասին եւ մենք մեր կարելին պէտք է ընենք, որպէսզի մեր համայնքային վարժարաններու սաներուն լաւագոյնս ուսուցանենք մեր հաւատքը:

Ապա ներկաներ կարծիքներ յայտնեցին եւ խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ տուեալ կարեւոր նիւթի մասին:

https://www.facebook.com/TRHayBad 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ