Հայկական ասեղնագործութիւն՝ դերձանով բանաստեղծութիւն. ցուցահանդէս Պըրքլիի մէջ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ հանդիսավարութեամբ ու հիւրընկալութեամբ Ելիզ Եուսուֆեանի, ուրբաթ, 9 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6էն 8 պիտի կատարուի բացումը «Հայկական Ասեղնագործութիւն՝ Դերձանով Բանաստեղծութիւն» ասեղնագործութեան ցուցահանդէսին, Lacis Museum of Lace and Textiles հաստատութեան մէջ, որուն հասցէն է՝ 2982 Adeline Street, Berkeley, CA 94703:

Հաստատութեան եւ ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել lacismuseum.org կայքը: Շրջուն այցելութիւնները՝ ժամադրութեամբ, հեռաձայնելով (510) 843-7290 թիւին:

Նշենք, որ Ելիզ Եուսուֆեան հայկական ասեղնագործութեան արուեստին մէջ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է: Հիմնուելով ընդարձակ ուսումնասիրութեան, աւանդական գիտութեան եւ ստեղծագործողի հմտութիւններուն վրայ, Եուսուֆեան Lacis Museum of Lace and Textiles-ի հաւաքածոն կը ճանչնայ իբրեւ աշխարհի լաւագոյններէն մէկը:

https://asbarez.am/archives/464260

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ