
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ, «Արդինի» կրթամշակութային եւ զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղին մէջ իրականացուց «Լաւաշի կախարդանքը» փառատօնը, որ սկիզբ առած էր 2023 թուականին:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ փառատօնը տեղի ունեցած է «Լաւաշ. միասնականութեան եւ հզօրութեան խորհրդանիշ» ծրագրի ծիրին մէջ: Փառատօնը նուիրուած էր լաւաշ թխելու աւանդոյթը 2014 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արձանագրելու 10-ամեակին:
Փառատօնի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան նախագահ Աստղիկ Մարաբեանը եւ Շիրակի մարզպետի տեղակալ Աննա Մարտիկեանը:
Փառատօնին տեղի ունեցան լաւաշի նիւթով ստեղծուած կտաւներու բացօթեայ ցուցահանդէսին եւ գիւմրեցի նկարիչ Լեւոն Առաքելեանի հեղինակային պատ-գեղանկարի (սթրիթ-արթ) բացումը: 2023 թուականին Արեւիկ համայնքի մանկապարտէզի պատին պատ-գեղանկարի միջոցով պատկերուած էին Գ. Խանճեանի «Հացը լեռներում» կտաւը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ հիմնադրամին հետ համագործակցած միւս գեղանկարիչներու աշխատանքները` Գիւմրիէն, Վանաձորէն, Աբովեանէն եւ Այնթապէն, ինչպէս նաեւ` Արցախէն բռնի տեղահանուած արուեստագէտներու գործեր:

Այս տարի փառատօնին, բացի Արեւիկ գիւղէն, մասնակցեցան նաեւ Հայկաւան, Հացիկ, Կարմրաքար, Բաշգիւղ համայնքներու բնակիչները, որոնք առանձին տաղաւարներով ներկայացուցին` տեղական լաւաշն ու բոքոնը, իրենց արտադրած գիւղական բարիքները, համեղ ուտեստներն ու քաղցրաւենիքները: Ինչպէս նախորդ տարի, այս անգամ եւս երկու տաղաւարով ներկայացուեցան արցախեան խոհանոցը եւ արհեստագործութիւնը:
Փառատօնի համերգային մասով ներկայացումներ ունեցան` նորաստեղծ «Ֆոլկաստիկ» խումբը, որ արդէն սիրուած է գիւմրեցիներու, յատկապէս երիտասարդներու կողմէ, եւ Ախուրեանի «Մարինա» պարային համոյթը, որ նաեւ փառատօնի մասնակիցներուն համար պարի ուսուցում կատարած է:
«Վառեմ-մարեմ» արուեստանոցը իր հերթին վարպետութեան դաս իրականացուցած է` կարելիութիւն տալով Գիւմրիի խորհրդանիշ դռներու ձեւաւորումով յուշանուէրներ պատրաստել:
«Լաւաշի կախարդանքը» փառատօնը ուղղուած է ո՛չ միայն հայկական լաւաշի եւ զայն պատրաստող կին հացթուխերու փառաբանմանը, այլեւ` համայնքի աշխուժացման, երիտասարդներու ներգրաւման ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործընթացին եւ համայնքի կայուն զարգացման խթանման:
Leave a Reply