Պոլսոյ նահանգապետարանը արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումը

Պոլսոյ նահանգապետարանը յայտարարեց, որ կ՛արգիլէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրային ձեռնարկները: Այս մասին գրած է «Բիանեթ»ը (Bianet):

Ապրիլի 24ի ոգեկոչման հարթակին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը նախատեսուած էր իրականացնել Ապրիլ 24ին՝ Ցեղասպանութեան սկիզբի վայրը համարուող Քատըքոյ թաղամասին մէջ:

Այս որոշումը կը նկատուի շարունակութիւնը նախորդ տարիներու քաղաքականութեան, երբ հարթակին կողմէ այսպիսի դիմումներ կը մերժուէին:

Արգելքը ենթարկուեցաւ քննադատութեան զանազան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց կարգին՝ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան (IHD) կողմէ, որ ամէն տարի կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութիւնը:

Հակառակ արգելքին, IHD-ի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ կոմիտէն կը նախատեսէ նոյն օրը Թաքսիմի մէջ գտնուող իրենց կեդրոնատեղիին մէջ «Ճանչնալ, ներողութիւն խնդրել, փոխհատուցել» խորագիրով ճեպազրոյց մը իրականացնել:

Ինչպէս նաեւ կը ծրագրուի կազմակերպել հաւաք մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ցեղասպանութեան դիմակայման անհրաժեշտութիւնը՝ «Ցեղասպանութիւն. ինչո՞ւ առճակատումը անհրաժեշտութիւն է» խորագիրով: 

23 Ապրիլի երեկոյեան, Շիշլիի Nostalji սրճարանին մէջ պիտի կազմակերպուի «Stop Racism and Nationalism» հարթակը:

https://asbarez.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ