Ս․ Նահատակներու յիշատակութիւն Գուզկունճուքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք, թէ 24 Ապրիլ 2024, Չորեքշաբթի, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը յիշատակուին 1915-ի տեղահանութեան վասն հաւատոյ զոհուած եւ սրբադասեալ նահատակները։
Արարողութեանց պիտի նախագահէ՝

Ն.Ա.Տ.ՍԱՀԱԿ Բ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ
Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ՝ ԱՐԺ. Տ. ՏՐԴԱՏ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ

Ս. Սեղանին պիտի սպասարկեն բրշ. սարկաւագներ, բրկ. կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիր դպիրներ։ Առաւօտեան եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան քահանայից դասուս կողմէ։ 

Սիրով կը հրաւիրենք մեր համայնքային եւ թաղային պաշտօնական մարմինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու Ս. Պատարագին։
Սկիզբ Ժամ. 09.00 Ս. Պատարագ 10.30

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ