Հաքան Պաքըրճըօղլու կը ոգեկոչուի մահուան Ա. տարելիցին

Հրանդ Տինք ընտանիքի նախկին իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու ոգեկոչուեցաւ մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։

Այս ծիրէն ներս Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ 1 ապրիլ երկուշաբթի երեկոյ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ կայացաւ ոգեկոչման յատուկ միջոցառում մը։

Միջոցառման ընթացքին Հաքան Պաքըրճըօղլուի պաշտօնակիցներ Էմել Աթաքթիւրք, Պահրի Պելեն եւ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի» կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրօլ Էօնտերօղլու եւ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան Հաքանի հետ ունեցած ապրումներէն օրինակներ փոխանցեցին ու ներկաներուն արտայայտուեցան անոր Հրանդ Տինքի ոճիրի լուսաբանման համար տարած արդարադատական պայքարին։

Միւս կողմէ Պաքըրճըօղլու ընտանիքի կարգադրութեամբ 7 Ապրիլ կիրակի օր Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան աղօթքներէ ետք Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ ժամը 14. 30-ին, պիտի յիշատակուի ողբացեալ Հաքան Պաքըրճըօղլու։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/30068/hakan-bakirchioghlu-gi-vokyegvochui-mahuan-a-daryelitsin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ