Հայ կինն ու յեղափոխական շարժումը

ԱՐԾԻՒ

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմադիր սերունդը իր սկզբնական տարիներուն իր ծրագիրին մէջ ներառեց ընկերվարութիւնը` տեսլականը ունենալով հաւասարութեան եւ համերաշխութեան:

Այդ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ առանց սեռի խտրութեան` կիներու արդար ներդրումը ՀՅ Դաշնակցութեան հաւաքական գործունէութեան մէջ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն հայ կինը քուէարկելու իրաւունք ստացաւ 1919-ին, եւ Հայաստան դարձաւ  կիներու քուէարկելու իրաւունք շնորհող առաջին երկիրներէն մէկը:

Աւելի հին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ կը տեսնենք ինչպէս Դաշնակցութեան Ծաղիկը` արցախցի Սաթենիկ Մատինեանը եղած է ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչներէն, որ կազմակերպած է զանազան կնոջական խումբեր` օժանդակելու համար ֆետայական տարբեր շարժումներու:

Հայ ազատագրական շարժումի տարիներուն գրագէտներ եւ ուսուցիչներ իրենց ներդրումը ունեցան` յեղաշրջելով պայքարի ու յեղափոխութեան գաղափարները: Աւելի ուշ, խօսքերը վերածելով գործի, անոնք իրենց նեդրումը ունեցան զէնք ու զինամթերքի փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին ու պահեցին ֆետայիներ, որոնք պէտք է թաքնուէին պետութենէն: Աւելի՛ն, անոնք զէն ի ձեռին կանգնեցան կռուի դաշտին մէջ` հայ տղամարդու կողքին:

Այս բոլորէն աւելին, պէտք է յիշենք այն հայ կինը, որ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իւրաքանչիւր օր պայքարեցաւ իր մօր,քրոջ, զաւկին եւ իր անձին փրկութեան համար: Աւելի՛ն, ան պայքարեցաւ յանուն հայրենիքի գաղափարին, Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իր մանուկին սորվեցուց հայերէն գիրերը, դաստիարակեց իր որդին` քարայրի մութ անկիւնը փոխանցելով դարեր շարունակ ժառանգուած մեր հայրենասիրութեան ոգին, մշակոյթը, պատմութիւնը, սորվեցուց ըլլալ պահանջատէր, վրիժառու, մնալով կառչած` իր արդար դատին:

Կիներու միջազգային տօնին առիթով`

Թող ձեր մարտունակութիւնը հզօրանայ` նման Սօսէին,

Թող ձեր գաղափարի նուիրումը ըլլայ անխզելին նման Մարոյին,

Թող ձեր կամաւորութիւնը ըլլայ ինքնամատոյց` նման Ռուբինային,

Թող ձեր կամքը ըլլայ աննկուն` նման Տէր Զօրի կիներուն:

Շնորհաւո՛ր Կիներու միջազգային օր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ