Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին միացեալ ձեռնարկներով նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 մարտ 2024-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Խորհրդակցութիւններու առաջին բաժինը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ճգնաժամի խորացման երեւոյթներուն եւ ընդհանրապէս երկրին վերաբերող տարբեր բնոյթի դժուարութիւններու յաղթահարման հնարաւոր միջոցներուն մասին:

Ժողովի հիմնական օրակարգը յատկացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպման:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ընդգծեցին այս առիթով միասնական ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը: Աշխատանքները կը ներառեն ներհամայնքային, լիբանանեան թէ համասփիւռքեան ու համահայկական ուղղութիւնները: Անոնք հաստատեցին, որ միացեալ կեցուածքները, դիրքորոշումներն ու քաղաքական նպատակաուղղուած պատգամներ յղելը ներկայ փուլին անպայման կ՛ունենան հեռանկարային իմաստ` մեր հետագայ աշխատանքները համակարգելու առումով:

Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ուսանողական- երիտասարդական յատուկ ձեռնարկով լիբանանեան հասարակութեան մօտ շարունակուող ցեղասպանութիւններու մասին իրազեկում իրականացնել:

Ժողովը եզրակացուց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի միացեալ ձեռնարկներուն հաղորդել երիտասարդական, ուսանողական, տեղակատուական բովանդակութիւն` քաղաքական այժմէական ուղերձներով, ինչպէս հայկական, նոյնպէս ալ լիբանանեան հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպատակով:

Այս հիմնաւորումներով որոշուեցաւ կազմել միացեալ յանձնախումբեր` նշուած ոլորտներով:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները համոզուած են, որ  միացեալ ձեռնարկներով եւ ոգեկոչական արարողութիւններով լիբանանահայ համայնքը հերթական անգամ պիտի յաջողի հունաւորել մեր համազգային պահանջատիրութեան նոր երթը:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ