ԱՔ Կուսակցութեան իֆթարը նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան 12 մարտ 2024, երեքշաբթի գիշեր Անգարայի մէջ նախագահեց ԱՔ Կուսակցութեան իֆթարի սեղանին, որուն մասնակցեցան պետական աւագանին, փոքրասնական համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական պաշտօնեաներ։

Սոյն սեղանին մասնակիցներու շարքին էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Բաց աստի, սեղանին մասնակից էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ այլ աշխարհական վարիչներ, ինչպէս նաեւ Ստանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն առթիւ միջօրէին օդային ճամբաւ մեկնեցաւ մայրաքաղաք, իր հետն ունենալով գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը։

Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր վերադարձաւ Աթոռ։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ