Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելուն նուիրուած քննարկում՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 12 մարտի երեկոյեան ժամը 6էն 8, Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքի թիւ 2075 սրահին մէջ։

Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձի կարելիութիւններուն շուրջ ելոյթներ պիտի ունենան ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, իսկ գլխաւոր բանախօսն է «Լեմքին» հիմնարկի գործադիր վարիչ դոկտ․ Էլիսա ֆոն Ճոյտըն Ֆորկի։

https://asbarez.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ