Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Պաքուի հայ ձեռնարկատէրեր եւ եկեղեցիներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պաքու քարիւղի արդիւնաբերութեան շնորհիւ ԺԹ.  դարու կէսերուն արագօրէն զարգացաւ: Քարիւղի արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ իրենց առանձնայատուկ դերը ունեցան յատկապէս արցախահայերը:

Արցախցիներ էին քարիւղի հանքերու սեփականատէրեր Առաֆելեանները, Ղուկասեանները, Կրասիլնիկեանները, Գրիգոր եւ Յովսէփ Թումայեան եղբայրները, Գրիգոր Դիլդարեան, Մուսայէլ Շահգեդանեան, Դաւիթ Աւան-Իւզպաշեան, զօրավար Յովհաննէս Լազարեան, Սամուէլ Բաղիրեան, Յարութիւն Մադաթեան, Միքայէլ Արամեանց եւ շատ ուրիշներ:

Թիֆլիսի «Տարազ» ամսագիրը 1892 յուլիս 5-ին, 25-րդ թիւին մէջ կը գրէր.

«Գաղտնիք չէ, որ Բագւի հայ հարուստները մի աննշան բացառութեամբ, բոլորը ղարաբաղցիներ են: Սրանք, գաղթելով Բագու, իրանց բնածին ընդունակութեամբ եւ տոկունութեամբ մի երեսուն-քառասուն տարուայ ընթացքում շինել են այժմեան Բագու քաղաքը եւ ձեռք բերել ահագին հարստութիւն:

Սակայն Բագուն շէն անողը եւ այժմեան հարուստներին հարստացնողը` իրանք, այդ հարուստները չեն միայն, այլ այն տասնեակ հազար ղարաբաղցի, զանգեզուրցի մշակները, որոնք ոչ միայն արիւն-քրտինք չեն խնայել իրանց տէրերի համար, այլեւ նոյնիսկ կեանքը:… Յիշենք միայն այդ տարիների ընթացքում` քանի հազար մշակներ զոհեն գնացել նաւթահորերի, գործարանների հրդեհներին»:

* * *

Հայ ձեռնարկատէրեր տարիներու ընթացքին Կասպից ծովուն վրայ նաւամատոյցներ ձեռք ձգեցին եւ շքեղ շոգենաւերու սեփականատէր դարձան:

Կասպից ծովուն վրայ գործող եւ հայ անհատներու ու ընկերութիւններու պատկանող մարդատար ու ապրանքատար շոգենաւեր ու առագաստանաւեր էին` «Մասիս», «Արարատ», «Կիլիկիա», «Անի», «Սեւան», «Արմենիա», «Արմենակ», «Արցախ», «Հայաստան», «Շուշանիկ», «Արաքս», «Վան», «Մուշ», «Զանգի», «Արծուի Վասպուրական», «Էվելինա», «Թամարա», «Արշալոյս», «Աննա», «Մենաստան», «Վահան», «Սպասատել», «Գրիգորեան», «Սերիոժա», «Արշակ», «Կոնստանդին», «Ռաֆայէլ», «Ադմիրալ» եւ «Լազար»:

«Հայոց շոգենաւային ընկերութիւն»-ը հիմնուեցաւ 1890 յունիսին: Ընկերութիւնը յատուկ շոգենաւեր ունէր, որոնք միայն կերոսին կը տեղափոխէին:

Եսայի Փիթոյեանի «Մասիս» շոգենաւային ընկերութիւնը վեց նաւերու սեփականատէր էր:

Թումայեան եղբայրներուն հիմնած շոգենաւային ընկերութիւնը սեփականատէր դարձաւ «Մուխսախա» եւ «Թուման» նաւերուն:

Բունիաթեան եղբայրները սեփականատէր դարձան «Բենարդակի», «Բունիաթ» եւ «Նիկոլայ» նաւերուն:

Եղիսաբէթ Սարգսեան Անգլիայէն քարիւղատար շոգենաւ ապսպրեց եւ ի պատիւ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի զայն «Գրիգոր Արծրունի» անուանեց:

* * *

Ստեփան Լիանոսեան 1872-ին Պաքուի մէջ ձեռք ձգեց քարիւղի վեց հորեր: 1873-ին ան պարսկական իշխանութիւններէն ստացաւ Կասպից ծովու հարաւային ափերուն ձուկի արդիւնաբերութեամբ զբաղելու մենաշնորհը: Այնուհետեւ եղբայրը` Գէորգ ստացաւ Կասպից ծովու ռուսական մասին մէջ ձուկի արդիւնաբերութեամբ զբաղելու իրաւունք, որմէ ետք Լիանոսեանները դարձան Կասպից ծովու խաւիարի մեծագոյն արտահանողը ռուսական եւ եւրոպական շուկայ:

Լիանոսեաններու ձուկի արդիւնաբերական արտադրութիւնը կ՛ընդգրկէր ելեկտրակայաններ, սառնարանային տարածքներ, հեռաձայնային կապ, մեքենական եւ այլ արհեստանոցներ եւ քսան նաւերէ բաղկացած նաւատորմ:

Լիանոսեաններ 1907-ին «Գ. Մ. Լիանոզով եւ որդիներ» քարիւղի արդիւնահանման եւ վերամշակման բաժնետիրական ընկերութիւնը հիմնեցին, որ դարձաւ քարիւղ արտադրող մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկը Պաքուի մէջ:

* * *

Ալեքսանդր Մանթաշեան

Ալեքսանդր Մանթաշեան ծնած էր 1842-ին, Թիֆլիս: Քարիւղի արդիւնաբերութեան մեծ հեռանկարները նկատի ունենալով, հօրմէն մնացած 200 հազար ռուբլի դրամագլուխով Պաքու տեղափոխուեցաւ եւ սկսաւ քարիւղի արդիւնաբերութեամբ զբաղիլ: Անոր առեւտրական տուները եւ անոնց մասնաճիւղերը տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն` Վարշաւիա, Փարիզ, Մատրիտ, Օտեսա, Սարաթով, Կալկաթա, Պոմպէյ, Պոլիս, Իզմիր եւ այլ քաղաքներ:

Մանթաշեանի դրամագլուխը կանխիկ դրամով 30 միլիոն ռուբլի կը կազմէր: Ան ունէր հանքեր, գործարաններ, կալուածներ, տուներ, հիւրանոցներ, ամառանոցներ եւ շոգենաւեր:

Ալեքսանդր Մանթաշեան նաեւ հասարակական եւ բարեգործական գործունէութիւն ծաւալեց: Անոր միջոցներով կառուցուեցան շէնքեր եւ եկեղեցիներ:

Մանթաշեան 1899-ին հիմնեց «Ալեքսանդր Մանթաշեան եւ Քօ» ընկերութիւնը, որ կ՛արտահանէր Պաքուի քարիւղի կէսէն աւելին: Ան մահացաւ 1911-ին, Պետերբուրգի մէջ:

* * *

Միքայէլ Արամեանց

Միքայէլ Արամեանց Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղէն էր, ծնած` 1843-ին: Շուշիի ծխական դպրոցը աւարտելէն ետք մեկնեցաւ Թիֆլիս, ուր առեւտուրով զբաղելով «Գործընկերութիւն» ընկերութեան Թաւրիզի ներկայացուցիչը եղաւ: 1871-ին Թիֆլիս վերադարձաւ եւ իր դրամագլուխով սկսաւ հիւսուածեղէնի, մետաքսի եւ բուրդի առեւտուրով զբաղիլ:

Այնուհետեւ ան Պաքու տեղափոխուեցաւ եւ Արցախէն երեք ընկերներ հրաւիրելով «Բալախանսկայա» քարիւղի արդիւնաբերական ընկերութիւնը հիմնեց եւ գրասենեակներ բացաւ Զմիւռնիոյ, Թեսաղոնիկէի, Պոլսոյ, Աղեքսանդրիոյ, Գահիրէի, Փոր Սայիտի, Մարսէյի, Լոնտոնի, Պոմպէյի եւ Շանկհայի մէջ:

Պաքուի քարիւղը երկաթուղիով Եւրոպա ու Հնդկաստան տեղափոխելու, ապա Պաքուի մէջ կառուցուած առաջին քարիւղատարին շնորհիւ «Բալախանսկայա» ընկերութիւնը հսկայական գումարներ շահեցաւ:

Հետագային Արամեանց իր մասնաբաժինը Մանթաշեանին վաճառեց եւ Թիֆլիս վերադարձաւ:

Իր մարդասիրութեամբ եւ բարեգործութիւններուն շնորհիւ Արամեանց ժողովուրդին անսահման սէրն ու յարգանքը կը վայելէր: Իր միջոցներով Թիֆլիսի մէջ կառուցուեցաւ Արամեանց հիւանդանոցը, ուր բուժումն ու վիրահատութիւնը անվճար էին:

Արամեանց Լոռիի մէջ, Ախթալայի մօտ դղեակ կառուցեց, ուր հետագային ընդունուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակագիրը:

Մեծ եղեռնի տարիներուն Արամեանց ապաստանարաններ կառուցեց տարագիրներուն համար:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Միքայէլ Արամեանց կորսնցուց իր գրեթէ բոլոր ունեցուածքը: Սովի եւ աղքատութեան մատնուած, մահացաւ 1922-ին, Թիֆլիսի մէջ:

* * *

Գասպար Տէր Մարգարեան Սիւնիքի Շրվենանց գիւղէն էր, Տէր Յովհաննէս քահանայի եւ Նանագիւլի որդին, ծնած` 1856¬ին: Պաքու տեղափոխուելով աքսորական լեհի մը տունը խոհարար եղաւ եւ անկէ քարիւղով հարուստ հողակտոր մը նուէր ստացաւ եւ սկսաւ հորատման աշխատանքներ իրականացնել: Հետագային ան «Բարեկամութիւն» եւ «Արամազդ» քարիւղի ընկերութիւնները հիմնեց:

Տէր Մարգարեան այնուհետեւ Կովկասի լեռնաարդիւնաբերական եւ առեւտրական ընկերութիւնը հիմնեց, որուն Կապանի մասնաճիւղը սկսաւ տնօրինել շրջանի պղինձի հանքերու արդիւնաբերական շահագործումը:

Գասպար Տէր Մարգարեան եւ կինը` Շուշանիկ Աւանէսեան բարեգործութիւններ կատարեցին եւ Սիւնիքի Լոր եւ Շրվենանց գիւղերուն մէջ դպրոցներ բացին:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Գասպար Տէր Մարգարեանի տրամադրած գումարներով զինուորներուն համար հիւանդանոցներ բացուեցան Դիլիջանի, Սոչիի, Պաքուի, Կիսլովոդսկի եւ Պիատիգորսկի մէջ:

Տէր Մարգարեան մեծ գումարներ տրամադրեց արեւմտահայ գաղթականներու օգնութեան ֆոնտին եւ մասնակցեցաւ «մէկ հայ, մէկ ոսկի» գործարքին, որուն շնորհիւ քիւրտերէն գնուեցան գերեվարուած հայ տղաք ու աղջիկներ:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Գասպար եւ Շուշանիկ Տէր Մարգարեանները հեռացան երկրէն եւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ ապաստան գտան: Գասպար Տէր Մարգարեան մահացաւ 1935¬ին, Շուշանիկ` 1949¬ին:

* * *

Պաքուի հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուեցաւ 1789¬ին, Շամախիի առաջնորդ Ոսկան եպիսկոպոսի օրով, հայ հասարակութեան հանգանակած գումարներով, այն վայրին մէջ, ուր Վաչագան Բարեպաշտ թագաւոր 500-ին կառուցած էր քաղաքի հայկական առաջին եկեղեցին:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, քաղաքի հին Իչերիշեհեր թաղին մէջ, բերդին ստորոտը, Կուսական աշտարակին ձախ կողմը, հիմնովին վերանորոգուեցաւ 1799¬ին: Շամախիի թեմի առաջնորդ Թադեւոս եպիսկոպոս Ձիւնականի նախաձեռնութեամբ 1881-1882¬ին վերակառուցուեցաւ եկեղեցւոյ շրջապարիսպը:

Մակար Ա. Թեղուտեցի կաթողիկոս 1888¬ին Պաքու այցելելով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ օրհնեց պաքուաբնակ հայոց ժողովուրդը:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եկեղեցին վերակառուցուեցաւ իբրեւ մշակութային հիմնարկութիւն: Աւերուեցաւ 1990¬ին:

* * *

Պաքուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները սկսան 1863¬ին, իսկ օծումը կատարուեցաւ 1869¬ին, ձեռամբ Անդրէաս արքեպիսկոպոս Անդրէասեանի:

Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին վրայ գտնուող եկեղեցին յօրինուածքով կեդրոնագմբէթ դահլիճ է, որուն արեւմտեան կողմը զանգակատունն է:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ 1898 փետրուար 5¬էն 13 Պաքու այցելեց: Առաջին հերթին ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի ուղեւորուեցաւ: «Արարատ» ամսագրին մէջ արձանագրուած է. «Եկեղեցու բակը` շրջականերով, մանաւանդ մէջը, բոլորովին անբաւական, գետին ասեղ ձգելու տեղ ստուգիւ չըկայ. ժողովրդեան յորձանքներ, որոնք անհանգիստ անընդհատ այս ու այն կը տատանին»:

Եկեղեցական գոյքերու գրաւման օրերուն, 1903¬ին, եկեղեցին ժողովրդային դիմադրութեան կեդրոն դարձաւ:

Օսմանեան զօրքերուն կողմէ Պաքուն գրաւելէն ետք, 1918 սեպտեմբերին, եկեղեցին կողոպտուեցաւ:

Խորհրդային տարիներուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ազրպէյճանի տարածքին գործող հայկական միակ եկեղեցին էր: 25 դեկտեմբեր 1989¬ին եկեղեցին հրդեհուեցաւ:

* * *

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուեցաւ 1894¬ին, իսկ օծումը կատարուեցաւ 26 յունուար 1895¬ին, առաջնորդական տեղապահ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանի ձեռամբ:

Եկեղեցին 1922 փետրուարին թաթար խուժանին կողմէ քարուքանդ եղաւ:

* * *

Պաքուի Սուրբ Թադէոս-Բարթողիմէոս մայր տաճարը

Սուրբ Թադէոս-Բարթողիմէոս մայր տաճարին կառուցումը, Պաքուի կեդրոնը, Յովհաննէս Քաջազնունիի ճարտարապետութեամբ, սկսաւ 1907¬ին եւ իր աւարտին հասաւ 1914¬ին:

Սպիտակ քարի եւ ոսկիի նուրբ շերտով յարդարուած, արեւու ճառագայթներուն ներքեւ անկրկնելի վեհութիւն պարզող եկեղեցին, որ հազար հոգի կրնար պարփակել, նկատուած էր Պաքուի ամէնէն գեղեցիկ կառոյցը: Անիկա քանդուեցաւ 1931¬ին:

* * *

Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չեն պահպանուած: Եկեղեցին 1930¬ին բռնագրաւուեցաւ:

Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին կը գտնուէր Պաքուի արուարձան Բալախանիի մէջ:

Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցին կը գտնուէր Պաքուի Սապունճի արուարձանին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ