Երիտասարդական փառատօնը երգով շարունակուեցաւ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ սկիզբ առած «Երիտասարդաց փառատօն»ի ճամբորդութիւնը 15 դեկտեմբեր 2023, ուրբաթ, շարունակուեցաւ հայ երաժշտութեան փառատօնով, համայնքային վարժարաններու երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Փառատօնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ։

Փառատօնին նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանը եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանը։

Փառատօնի կազմակերպիչներն էին Արժ. Տ. Շիրվան Քահանան, Կարօ Վ. Պապաեան եւ Պատրիարքարանի Օրմանեան մատենադարանի քարտուղար Հելտա Այնայեիւզ։ Հանդիսավարն էր Ստանպուլի ֆիլհարմոնիկ Միութեան վարչութեան անդամ եւ գեղարուեստական ղեկավար Արթիւր Պաղտասարեան։ Ներկայ էին աւելի քան 300 աշակերտ։ Մեր վարժարաններու 210 աշակերտներ մասնակցեցան իրենց պատրաստած հայկական երգերու տեսահոլովակներով։ Փառատօնի պատուոյ հիւրերն էին Աթոռոյս շքանշանակիր Պարթեւ Կարեան, Պօղազիչի ճազ, Պօղազիչի երիտասարդական եւ «ՄԱԿՄԱ» երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար ու վարիչ Մասիս Արամ Կէօզպէկ, Պեշիկթաշի եկեղեցւոյ եւ Արմաշ դպրաց դասերու վարիչ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան, Պօրուսան նուագախումբի եւ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ղեկավար Սիպիլ Արսենեան։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Տատեան Վարժարանի երգչախումբի երգերով՝ ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հելտա Այնայեիւզ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր, որ երիտասարդներուն նման ձեռնարկներ կազմակերպելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ։ Այնայեիւզ տեղեկութիւն տուաւ փառատօնի եւ ապագայ ծրագիրներու մասին։ Ապա Տատեան Վարժարանի տնօրէն Երանուհի Պալճը խօսք առնելով անդրադարձաւ լեզուի զարգացման մէջ երաժշտութեան տեղին։

Տնօրէնի խօսքէն ետք ցուցադրուեցան մեր երիտասարդներու պատրաստած տեսահոլովակները։ Ամփոփիչ հոլովակէն յետոյ սկսան մեր վարժարաններու սաներու կենդանի կատարումները։

Մինչ Կեդրոնական Լիսէի սան Ատիս Տողանայ դաշնամուրով կը նուագէր Երեւան-Էրեբունին, անակնկալով, երգին միացան Արթիւր Պաղտասարեան, Պարթեւ, Արի Պարութօղլու եւ Թաթեանա Պոսթան։ Փառատօնի ընթացքին ուշադրութիւն գրաւեցին Լուսաւորիչ դպրաց Դաս Երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի սաներ՝ Կեդրոնական Լիսէէն Ատիս Տողանայը, Էսաեան Լիսէէն Ժերոմ Շիմշեքչաքն ու Լիզա Կիւլպէնկօղլուն։

Հուսկ բանքը կատարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչներ Արժ. Տ. Շիրվան Քահանան, Կարօ Վ. Պապայեանն ու Հելտա Այնայեիւզը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, որ հնարաւորութիւն տուաւ սրահի օգտագործման եւ կազմակերպութեան մեկենաս Տիգրան Կիւլմէզկիլին։

Մասնակցութեան վկայագիրներու բաշխումէն ետք, Լիզի Չերմէ-Ճիւանեանի գլխաւորութեամբ Պատրիարքարանի Ճաշի Յանձնախումբի անդամներուն եւ Տատեան վարժարանի խոհարարին կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանով պատուասիրութիւն տեղի ունեցաւ։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ