Ազրպէյճան մտադիր է գրաւել Հայաստանը եւ ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Մինչ հայերը զբաղած են Արցախի կորուստով եւ կը փորձեն յաղթահարել ատոր ողբերգական հետեւանքները, Ազրպէյճան կը բազմացնէ իր պահանջներըմեկնարկելով քարոզարշաւ եւ պնդելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը իբր թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ խելամիտ մարդ լրջօրէն կ՛ընդունի այս մեծ սուտը այն պարզ պատճառով, որ Ազրպէյճան ստեղծուած է ընդամէնը մէկ դար առաջ, մինչդեռ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարամեակներէ ի վեր: Նոյնիսկ «Քոքա քոլա»-ն աւելի հին է, քան` Ազրպէյճանը…

Նախագահ Ալիեւի օրհնութեամբ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի ստեղծումէն ետք, Ազրպէյճան համաշխարհային արշաւ սկսաւ իր անհեթեթ ծրագիրը ամբողջ աշխարհի եւ ՄԱԿ-ի մէջ տարածելու համար: Այն հայերը, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կամ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուրջ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական ծրագիրներով, պէտք է աւելի անհանգստացած ըլլան ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գրաւելու Ազրպէյճանի չափազանց մեծ ախորժակէն` Արցախի բռնագրաւումէն ետք:

Ահա՛ այն չորս գործողութիւնները, որոնց ձեռնարկած է Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի մէջ, վերջին ամիսներուն.

1) 17 յունուար 2023-ին ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ Գլխաւոր խորհուրդի եւ Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն միջեւ տարածեց «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նամակըյայտարարելով, որ «Ներկայիս Հայաստանի տարածքէն վտարուած բոլոր ազրպէյճանցիները եւ անոնց սերունդները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց հայրենիքը»:

2) 22 փետրուար 2023-ին Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի ներկայացուց երկրորդ նամակ մը, ուր հայերը կը մեղադրուէին«բռնութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու, մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու կատարման եւ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման մէջ: Այս գործընթացը յատկապէս կատաղի եւ դաժան եղած է 1905-1906, 1918-1921, 1948-1953 եւ 1987-1991 թուականներուն»: Նամակին մէջ կը նշուէր, որ «Ներկայիս Հայաստանի մէջ ազրպէյճանական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ` մզկիթներն ու գերեզմանները, զանգուածաբար ոչնչացուած են, տեղանունները փոխուած եւ պարբերաբար իրականացուած է ազգային խտրականութիւն ազրպէյճանցիներու հանդէպ»:

Աւելի՛ն. Ազրպէյճան ՄԱԿ-էն պահանջեց ձեռնարկել հետեւեալ քայլերուն` Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիները բնակեցնելու համար.

1.- Իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող միջազգային համաձայնագիրի ձեռքբերումհամապատասխան ստուգման եւ երաշխիքներու մեքանիզմներով ապահովելով ներկայ Հայաստանի տարածքէն վտարուած ազրպէյճանցիներու կամաւոր, անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց հայրենիք:

2.- Վերադարձի գործընթացի ապահովում` անվտանգութեան, մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական աջակցութեան համապատասխան ծրագիրներով:

3.- Միջազգային վերահսկողութեան, հաշուետուողականութեան, անվտանգութեան, միջամտութեան եւ այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու իրականացում` արտաքսման, խտրականութեան եւ վերադարձած բնակչութեան վնասելու կրկնութիւնը կանխելու համար:

4.- Վերադարձողներու կայուն վերականգնման եւ վերահամարկման ապահովում` միջազգային հսկողութեան տակ վերակառուցման եւ հաշտեցման չափանիշներու իրականացման միջոցով:

ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը պահանջած է, որ Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիները «անարգել հաղորդակցութիւն ունենան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ»: Ասիկա շատ վտանգաւոր առաջարկ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը փափաքի իր վերահսկողութեան տակ ճամբայ ունենալ Հայաստանի տարածքին: Նամակին մէջ աւելցուած է, որ Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիները ո՛չ թէ պէտք է ցրուել ամբողջ երկրով, այլ միասնական պահելիբրեւ խումբ եւ ապահովել անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Աւելի տագնապալի է այն պահանջը, ըստ որուն, ազրպէյճանցիները պիտի կարենան «Ազրպէյճաներէնը օգտագործել (Հայաստանի) կառավարութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ»: Ազրպէյճան աւելցուցած է նաեւ հետեւեալ անհեթեթ պահանջը. «Ազրպէյճանցիները իրաւունք ունին կազմելու տեղական անվտանգութեան ուժեր եւ համապատասխան դեր ստանձնելու դատարաններու մէջ»: Ասիկա իրականութեան մէջ կը նշանակէ, որ Հայաստան պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կցորդ` ինքնիշխան հանրապետութիւն ըլլալու փոխարէն:

Ասկէ զատ, Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար Ազրպէյճան«Անհրաժեշտ կը համարէ տեղակայել միջազգային անվտանգութեան առաքելութիւն համապատասխան մանտաթով եւ ներառելով արեւմտեան ազրպէյճանցիներու կողմէ վստահութիւն վայելող երկիրներու ուժերը այն տարածքներուն մէջ, ուր անոնք կը վերադառնան»: Այսինքն Ազրպէյճան կը փափաքի օտարերկրեայ զօրքեր տեղակայել Հայաստանի տարածքին, ինչ որ միանգամայն անընդունելի է: Ազրպէյճան նաեւ յայտարարած է, որ` «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ ազրպէյճանցիներուն պատկանող գոյքի եւ համայնքային հողերու վերադարձը եւ հատուցում վճարէ գոյքի օգտագործումը խոչընդոտելու հետեւանքով պատճառուած գոյքային վնասի եւ կորուստներու համար»: Անոնք, որոնք այսպիսի ցնորամիտ պահանջներ կը ներկայացնեն, կը նշանակէ, որ կ՛ապրին երազային աշխարհի մէջ:

3) «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը ապրիլ 2023-ին նամակ յղած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէսինխնդրելով «ՄԱԿ-ի յատուկ առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան հոնկէ վռնտուած ազրպէյճանցիներու ի նպաստ ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի գործընթացը սկսելու համար»:

4) «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը հոկտեմբեր 2023-ին զեկոյց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու հարցերով կոմիտէին: Ըստ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, ՄԱԿ-ի կոմիտէն «Հայաստանէն պահանջած է անդրադառնալ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի բարձրացուցած հարցերուն»: Եթէ այս պնդման մէջ դոյզն չափով ճշմարտութիւն կայ, ապա յոյսով եմ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը արձագանգած է Ազրպէյճանի մեղադրանքներուն եւ բացայայտած` ազրպէյճանական կեղծիքը:

Այս այն ոխերիմ թշնամին է, որուն մասին Նիկոլ Փաշինեան միամտօրէն կը կարծէ, թէ կրնայ հետը «խաղաղութեան պայմանագիր» կնքել: Այս անհարկի «խաղաղութեան պայմանագիր»-ը իրականութեան մէջ կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն: Ազրպէյճան արդէն կը պահանջէ, որ «Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցիներ»-ու իրաւունքները ներառուին այսպիսի պայմանագիրի մը մէջատով իսկ հիմք ստեղծելով Ազրպէյճանի կողմէ հետագայ յարձակապաշտութեան եւ բռնագրաւման համար: ՄԱԿ-ին ուղղուած ազրպէյճանական նամակին մէջ, ըստ էութեան, կայ այսպիսի տագնապալի դրոյթ. «(Ազրպէյճանական) համայնքը կը ձգտի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ ներառել արեւմտեան ազրպէյճանցիներու հայրենիք վերադառնալու համար պայմաններու ստեղծումը իբրեւ Հայաստանի պարտաւորութիւն»:

Այս անհեթեթութեան վերջ տալու միակ ճամբան այն է, որ Հայաստան դադրեցնէ Ազրպէյճանի անվերջ զիջումներու երթալու կործանարար գործընթացը եւ մերժէ անոր բոլոր անընդունելի պահանջները:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ