Լոյս տեսաւ արեւմտահայ երաժշտութեան նուիրուած հատոր մը

ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ արեւմտահայ երաժշտութեան նուիրուած՝ Western Armenian Music: From Asia Minor to the United States անգլերէն հատորը, որուն հեղինակն է երաժշտագէտ Խաչիկ Ղազարեան։

Հատորը կու տայ արեւմտահայ երաժշտութեան զարգացման պատմութիւնը եւ կու տայ Հայաստանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ անոր ոդիսականին պատմականը։

Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն լոյս տեսնող Հայկական շարքին, որուն խմբագիրն է փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։ Այս հատորը շարքին 18րդ է, իսկ ցարդ հրատարակուած են 21 հատորներ՝ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին հետ գործակցաբար:

Շարքին բոլոր գիրքերը տրամադրելի են՝ կայքէջին միջոցաւ։

https://asbarez.am/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ