
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ինչ ալ ըլլայ դէպքերու ընթացքը, Հայաստանի հետ դրական որակուող ինչպիսի զարգացումներ ալ արձանագրուին՝ թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները կը մնան անշեղ՝ Հայաստանէն նոր հողեր կորզելու իրենց երազանքներուն մէջ։
Այսպէս, Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Զաֆեր Սըրաքայա այցելեց Ատրպէյճան, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ։ Այդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին ան նուիրեց Ատրպէյճանի քարտէս մը, որուն մէջ պատկերուած է արդէն կառուցուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը։
Leave a Reply