ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յիսնակը Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու խոկումի եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանն է: Ասիկա սպասումի եւ յոյսի եղանակն է, երբ քրիստոնեաներ անձկութեամբ կը պատրաստուին տօնելու իրենց Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տարեդարձը:
Յիսնակի այս զուարթ եղանակին երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները: Խանութներ ու վաճառատուններ իրենց ցուցափեղկերը զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար անցորդները` տօնական օրերու ընթացիկ առեւտուրի:
Երբ մարդիկ կը պատրաստուին տօնախմբելու Բեթղեհեմի մսուրին մէջ խանձարուրուած Յիսուս Մանուկին ծնունդը, կը թուի, թէ Անոր անձին գալուստէն աւելի` կ՛ողջունեն այն խորհուրդը, կարօտներն ու խոստումները, որոնք մարմնաւորուած են Քրիստոսի անունին եւ հռչակած ճշմարտութեան մէջ:
Որքա՜ն դառն ու տխուր իրականութիւն է, որ գնումներու աճապարանքին մէջ մխրճուած եւ աշխարհիկ խրախճանքներով կլանուած` շատեր յաճախ կը մոռնան, թէ իրօք որո՛ւ ծննդեան տօնն է որ կը պատրաստուին ոգեկոչելու: Նոյնքան տխուր եւ ցաւալի է նկատել, որ նոյնիսկ սրտառուչ պաշտամունքներով Յիսուսի մօտալուտ Ս. Ծննդեան տօնը շեփորող բազմութիւններէն շատեր չեն ապրիր Անոր բերած նոր կեանքին վսեմ սկզբունքները:
Այս խոկումի եւ սպասումի եղանակը մեզի կը պատգամէ, որ Յիսուս Քրիստոս երկինքի փառքէն հրաժարելով` մարմնացաւ եւ մարդացաւ մեղապարտ մարդկութիւնը փրկելու համար: Բարձրեալն Աստուած խոնարհեցաւ եւ մինչեւ երկիր եկաւ, որպէսզի մարդ արարածը երկրէն մինչեւ երկինք բարձրացնէ: Ասիկա, շարականերգուին խօսքով, «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է», որովհետեւ դժուար է երեւակայել եւ լիովին հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս տիեզերքի Արարիչը մարմնացաւ մարդու մէջ, որպէսզի բարձրացնէ մարդը իր մեղանչական կեանքէն դէպի աստուածային կեանքի բարձր մակարդակին: Ա՛յդ էր, որ Յիսուս ըրաւ իր հրաշափառ Ս. Ծնունդով, իր աննման կեանքով, իր մահուամբ եւ յարութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ընդունին զինք իբրեւ Փրկիչ, «Աստուծոյ որդիները կ՛ըլլան ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ` Աստուծմէ ծնելով» (3ովհաննու 1.13): Ա՛յս է Յիսնակի եւ Ս. Ծննդեան պատգամը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը գանգատին, թէ երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոս չէ կրցած մարդիկ մեղքէ ազատել, գիտնալու են, որ Ան կրցած է փրկել բոլոր անոնք, որոնք ընդունած են զինք` իբրեւ իրենց կեանքի Տէր եւ Փրկիչ: Իսկ անոնք, որոնք զինք չեն ընդունած, տակաւին իրենց մեղքի ճիրաններուն եւ խաւարին մէջ են:
Յովհաննէս առաքեալը կը վկայէ, որ Քրիստոս է «Ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով կը լուսաւորէ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1.9): Քրիստոս տակաւին կը շարունակէ աշխարհի լոյսն ու յոյսը ըլլալ բոլոր անոնց համար, որոնք պատրաստակամ են խաւարէն Լոյսին դառնալու:
Որքա՜ն երանելի պիտի ըլլար, որ Յիսնակի այս եղանակին մարդիկ ընկալուչ սրտերով պատրաստուէին դիմաւորելու մանկացեալ Յիսուս Փրկիչը:
Leave a Reply