Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Խոշկաշէն, Մեծ Սէօգիւթլու, Եղնի գաւառ եւ Չաքաթալա

Հիւսիսային Աղուանքի հայկական համայնքներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանքի հիւսիս¬արեւմտեան կողմը, Կապաղակէն մինչեւ Եղնի գաւառ եւ Զաքաթալա, հայկական շարք մը բնակավայրեր կային:

Հայկական այս բնակավայրերը շէն էին մինչեւ Ազրպէյճան կոչուող պետութեան կազմաւորումը: Այնուհետեւ անոնք աստիճանաբար հայաթափուեցան:

* * *

Խոշկաշէն

Խոշկաշէն կը գտնուի Վարդաշէնէն հարաւ, Դուրկան գետի աջ կողմի բարձրութեան վրայ, եւ երկու թաղերէ բաղկացած էր: Բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Արեւելեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին, արեւմտեան թաղին մէջ` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Արեւելեան թաղին մօտ, ձորին մէջ կը գտնուէր Եղիշէ առաքեալի վանքը: Վանքին տաճարի խորանին տակ, ձախակողմեան աւանդատան կողմէն գաղտնի պահարան մը կար, ուր աւանդութեան համաձայն պահուած էր Եղիշէ առաքեալին գլուխը: Տաճարի հարաւային դրան վերեւ արձանագրուած էր. «Ի Քրիստոս Յիսուս յիշեալ մաղթեմ զՎլաս վարդապետ ՌՃԱ»: Թուականը ոչ թէ հիմնարկութեան, այլ նորոգութեան կը վերաբերի: Իսկ տաճարի արեւմտեան դրան գաւիթին մէջ կային եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու գերեզմաններ: Տապանաքարերէն մէկուն վրայ արձանագրուած էր. «Հանգիստ Յովհաննէս վարդապետին Պաշնճաղցի ՌՃԾԵ»: Գաւիթի հարաւային կողմին կից միաբաններու խուցերն էին: Խուցերուն ներքեւ տնտեսատունը եւ դպրոցն էին: Վանքը իր աղբիւրը ունէր:

Խոշկաշէնի աւելի քան հազար հոգի հաշուող հայութիւնը բնաջնջուեցաւ 1918¬ին, Կովկաս ներխուժած օսմանցի թուրքերու եւ կովկասեան թաթարներու կազմակերպած կոտորածի ժամանակ:

Ներկայիս թաթարաբնակ դարձած գիւղը վերակոչուած է Ղարաբուլաղ:

* * *

Մեծ Սէօգիւթլու, 350 տուն բնակչութեամբ, կը գտնուի Կապաղակի հարաւային կողմը, լերան հարաւայեաց լանջին: Օդն ու ջուրը` պատուական, հողը` անջրդի եւ բարեբեր: Անուանի է շրջանին ցորենը:

Գիւղին բնակիչները 1721¬ին Խաչեն գաւառէն տեղափոխուած են հոն: Հետագային, 1798¬ին, սովի եւ ժանտախտի պատճառով Ջրաբերդէն քանի մը ընտանիքներ հոն հաստատուած են:

Գիւղին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին փայտաշէն էր: Դրան վերեւ արձանագրուած էր, «Կառուցաւ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիս ի հայրապետութեան (Էջմիածնայ) Տեառն Յակովբայ եւ կաթուղիկոսութեան Տեառն Սիմօնի եւ յառաջնորդութեան Վլաս վարդապետն Շամախեցոյ թվ. ՌՃԻ»: Եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը զանգակատունն էր հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Այս յիշատակը Սիմօն Յովսէփեանի Դաւիթեանց, իւր կին է Նախշուն, որ (եւ) որդին է Աւանէս 1890»: Խորանին աջ կողմը արձանագրուած էր. «Ես Տէր Յովսէփս, որ լուսաւորեցի (մաքրեցի) սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիս է. (եօթը) թիզ աղբ կար, որ է ժամանակ Հաճի (Չալաբու) թվ. ՌՄ»:

Եկեղեցւոյ մէջ պահուած էր Արցախի Ծար գիւղին մէջ, թաթար հրոսակներու ներխուժման ժամանակ Սարգիս վարդապետին կողմէ, բամպակեայ թուղթի վրայ ընդօրինակուած գրչագիր Աւետարանը: Գրիչը կ՛ըսէ. «Հալածուելով փախայ Վակունիս գաւառ, ապա Ղարապաղ, Ծափանիս գիւղաքաղաք, հուսկ ուրեմն վերստին եկի բնիկ երկիրս Ծար»: Իսկ գիւղի քահանայի տան մէջ պահուող Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած էր. «Եւ արդ` ես Մատթէոս էրեցս` որ եմ ի Դաշտ երկրէն Բարտայու եւ ի գեղջէն Հասան Ղալայու, ստացայ եւ գնեցի հալալ արդեանց ընչից եւ ստացուածոց իմոց զայս սուրբ մատեանքս եւ գրեանքս, որ է սուրբ աւետարանս, մէկ ժամագիրք, մէկ քարոզգիրք յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց»:

Գիւղին արեւելեան կողմը, լերան բարձունքին քարաշէն երկու խաչարձաններ կային, որոնցմէ մէկուն վրայ արձանագրուած էր. «Ես Սարգիս շինեցի խաչս այս տակիս թվ. ՊՅԳ»:

Գիւղին հիւսիս-արեւմտեան կողմը ուխտատեղի մը կար` գետնափոր սենեակ մը, չորս քարերով կրակարանով:

Մեծ Սէօգիւթլու

Փոքր Սէօգիւթլու գիւղը, եօթանասուն տան բնակչութեամբ, կը գտնուի Մեծ Սէօգիւթլուի մօտ, գեղեցիկ դիրքի վրայ: Բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցին:

* * *

Ղայաբաշի կը գտնուի Արջկան գետի ձախ ափին, բարձունքի մը վրայ: Գիւղին 226 տուն բնակիչները Ատրպատականի Խոյ քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն 1807¬ին տեղափոխուած են հոն: Խոյեցիներու հաստատուելէն առաջ ալ հայեր եղած են հոն:

Գիւղին Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին քարաշէն էր, չորս սիւներով եւ ընդարձակ: Դրան վերեւ արձանագրուած էր. «Նորոգեցաւ արդեամբք ժողովրդոց Ս. Ստեփանոս եկեղեցիս Ղայաբաշի գեղջ յամի Տեառն 1830 10 ապրիլի»: Իսկ այլ քարի մը վրայ արձանագրուած էր: «Խոյեցիք որ եկին յերկիրն Շաքի, էր թուին հայոց ՌՄԾԶ, ի յամի Տեառն 1807, եւ այս Ղայաբաշի գիւղս գալն էր թուին հայոց ՌՄՀԳ, եւ յամի Տեառն 1824»:

Եկեղեցւոյ մէջ պահուող գրչագիր Աւետարանին յիշատակարանին մէջ արձանագրուած էր. «Արդ գրեցաւ սա յերկիրն Մոկաց եւ գիւղաքաղաքն Նանենց, ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Սարգիս զաւրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսին. գրեցաւ Սուրբ աւետարանս ի թուականութեան հայոց ՌՃԽԴ ձեռամբ սուտանուն Աբրահամու»:

Ղայաբաշիի մէջ կը գործէր Սուրբ Ներսիսեան դպրոցը:

* * *

Աղուանքի պատմական Եղնի գաւառը կ՛ընդգրկէ երկրին հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասը, բարձր լեռնային երկրամաս մը, մեծ մասամբ` անջրդի եւ անտառազուրկ:

Եղնիի մէջ հին հայաբնակ գիւղեր կային, որոնց բնակիչները մեծ մասամբ ծագումով արցախցիներ եւ մասամբ խոյեցիներ էին:

Ղոզլու կը գտնուի բարձրադիր լեռնաշղթայի հարաւահայեաց լանջին, գեղեցիկ դիրքի վրայ: Բնակիչները, 94 տուն, Խաչեն եւ Վարանդա գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Սալիբէկլու կը գտնուի Ղոզլուի մօտակայքը: Գիւղին յիսուն տուն բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին փայտաշէն եկեղեցին:

Մեժլիս կը գտնուի նոյն լեռնաշղթային վրայ: Գիւղին վաթսուն տուն բնակիչները խաչենցիներ եւ ջրաբերդցիներ էին: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Ջիւվջամիշ կը գտնուի նոյն լեռնաշղթայի հիւսիսահայեաց լանջին: Գիւղին 53 տուն բնակիչները Խաչեն, Ջրաբերդ եւ Վարանդա գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Աղ-Փիլաքեան կը գտնուի նոյն լեռնաշղթայի բարձունքին, սքանչելի դիրքի վրայ: Օդն ու ջուրը` պատուական: Բնակիչները, 112 տուն, Խաչենէն, Ջրաբերդէն եւ Խոյէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Մինաս եկեղեցին:

Ջափար-Աւատ կը գտնուի հին արքունական ճանապարհին արեւելեան կողմը, շրջապատուած է լեռներով եւ ծածկուած այգիներով ու պարտէզներով: Գիւղին 52 տուն բնակիչները 1807-ին Խոյէն տեղափոխուելով հաստատուած են հոն: Կը գործէր Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին: Խոյեցի Յովսէփ եւ Վարդան քահանաները հայրենի Սուլտուզ գիւղէն իրենց հետ բերած էին սրբազան մասունքներ: Արծաթեայ խաչի մը վրայ արձանագրուած էր. «Յուդա Յակովբեան առաքելուն մասունքն այս է, ի թվ. ՌՄԻԳ»:

Զաքաթալայի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին

Գէոգ-Բուլաղ կը գտնուի նոյն լեռնաշղթայի հիւսիսահայեաց լանջին: Գիւղին 184 տուն բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ուր կը պահուէր Սուրբ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալին մասունքը` արծաթեայ մեծ խաչի մը մէջ. խաչին վրայ արձանագրուած էր. «Այս սուրբ նշանս յիշատակ է Տէր Իսրայէլ(ի) հայր Զաքարին, մայր Կուլին, կողակից Թելլուին թվ. ՌՄԾԷ»:

Դաշբուլաղ տարածուած է երեք ձորերու եւ բլուրներու վրայ. արեւմտեան կողմը ժայռախիտ բարձունքներ են, եւ գիւղին դիրքը արեւելահայեաց է: Գիւղին երկու հարիւր տուն բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Կը գործէր հոյակերտ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին. դրան վերեւ արձանագրուած էր. «Յիշատակարան շինութեան Սուրբ Գէորգայ եկեղեցւոյս ի հասարակ ժողովրդոց Դաշբուլաղու ՌՄՀԷ»:

Չարղաթ կը գտնուի Դաշբուլաղի մօտակայքը: Գիւղին ութսուն տուն բնակիչները Դաշբուլաղէն տեղափոխուած էին հոն:

Սաբաթլու կը գտնուի նոյն լեռնաշղթայի արեւմտահայեաց լանջին: 120 տուն բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն, կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Մեծ Ղոզլու կամ Մեծ ընկուզուտ կը գտնուի Սաբաթլուի արեւմտեան կողմը: Բնակարանները եղած են գետնափոր: Գիւղը հետագային աւերուած է:

* * *

Զաքաթալա (պատմական Ճառ) քաղաքը կը գտնուի Մեծ Կովկասեան լեռնաշղթայի լանջին, հովիտի մը մէջ, 518-էն 600 մեթր բարձրութեան վրայ եւ Թալա գետով երկու թաղերու բաժնուած է` Զաքա եւ Թալա: Շրջակայ լեռները կաղնիի եւ ընկուզենիի ծառաստաններով ծածկուած են: Օդն ու ջուրը պատուական են:

Զաքաթալա ջրառատ է, եւ բնակարանները պարտէզներով, այգիներով ու բանջարանոցներով շրջապատուած են:

Զաքաթալա անցեալին մեծամասնութեամբ հայաբնակ եղած է, որոնք Արցախէն, Գանձակէն, Ագուլիսէն եւ Սղնախէն տեղափոխուած են հոն:

Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, ընդարձակ եւ գեղակերտ, կառուցուած է 1851-ին: Հարաւային դրան ճակատին արձանագրուած է. «Շինեցաւ եկեղեցիս հայոց 1851 թվին` Զաքաթալու ղարիպական հայոց վաճառականց տրօքն եւ արդեամբն` անուամբ Սուրբ Գէորգայ զօրավարին ի ժամանակս թագաւորութեան Նիկալայ Պաւլովչին եւ ի հայրապետութեան հայոց տեառն Ներսիսի Ե. կաթուղիկոսին. ի ժամանակս սոցա փոխարքայն է գնեազ Վարանցովն եւ տեղւոյս զօրագլխապետ Ղեներալ Գրիգոր գնեազ Որբելեանովն եւ քահանայն էր Տէր Մարտիրոս Տէր Դանիէլովն եւ թուականն հայոց ՌՅ»:

Եկեղեցւոյ կողքին Սուրբ Վարդանեան դպրոցն էր, որ գործած է մինչեւ 1953:

Զաքաթալայի շրջակայքը հայաբնակ էին Մարսան, Ղում, Դիպան, Բուխովու եւ Մամրուխ գիւղերը:

Կրօնական հալածանքներու պայմաններուն տակ Ղում եւ Մարսան գիւղերուն բնակիչները իսլամացուեցան: Իսլամցուած հայերը պահած էին Թունիլար, Եաղուբ օղլի, Կարապետ Ուշաղի, Պետրոս Բաղի, Մալքում Երի, Ամիրջան աւի եւ Արզուման օղլի ազգանունները:

Զաքաթալա 1916-ին չորս հազար հինգ հարիւր բնակիչ ունէր, որուն 2165-ը` հայ:

Զաքաթալայի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին:

Ազրպէյճան կոչուող պետութեան կազմաւորումէն ետք, 1918-ին, հայերը հալածուեցան: 1921-ի տուեալներով հոն մնացած էր 1064 հայ: Անոնց թիւը հետագայ տարիներուն աստիճանաբար նուազեցաւ: Հոն մնացած եօթանասուն ընտանիքները 1988-ին հարկադրաբար լքեցին իրենց բնօրրանը:

Զաքաթալա ներկայիս 31 հազար բնակիչ ունի, որուն մեծամասնութիւնը աւարներ են:

Խոշկաշէն

Մեծ Սէօգիւթլու

Զաքաթալա

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ