Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան վարիչներու այցը

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 30 հոկտեմբեր 2023, երկուշաբթի, ընդունեց Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան (Մալաթիա ՀայՏէր) վարչութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Միութեան Խորհրդական Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քօփարեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Օրունէօզի։

Այցելուները զանազան նիւթերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Ասոնցմէ առաջինը առընչուած էր երկրաշարժէն աւերուած կառոյցներու շինարարական աշխատանքներու հետ, որոնք ըստ ծրագրի կ’ընթանային։ Տեղեկութիւններ տուին նաեւ Միութեան գործունէութեան, ելմտական վիճակին եւ ծրագիրներուն մասին։ Ապա յայտնեցին, որ այս տարի միութեան կազմութեան 13րդ տարեդարձն էր եւ որոշած էին այս հանգրուանը նշել աւանդական ընթրիքով մը։ Յառաջիկայ 18 Նոյեմբերին կատարելի տարեդարձի սեղանին համար խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, գնահատեց Միութեան կատարած բոլոր աշխատանքները, յատկապէս շինարարական գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրենակցական Միութեան 13ամեակի ճաշկերոյթի հրաւէրին համար եւ ընդգծեց նման միութեանց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորհուրդներ տուաւ հիւրերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ