Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Շամախի` երբեմնի հայաշատ բարգաւաճ քաղաք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայեր եւ գլխաւորաբար արցախցիք հնագոյն դարերէն սերտ յարաբերութիւն ունեցած են Աղուանքի հետ, եւ պատմութեան ընթացքին աստիճանաբար տարածուելով, գլխաւորաբար Շամախիի, Գէոքչայի, Ջաւադի, Լենքորանի, Շաքիի, Զաքաթալայի, Դերդենդի, Ղուբայի եւ Պաքուի մէջ կեդրոնացած են:

Աղուանքի հայութեան գլխաւոր կեդրոնը եղած է Շամախի քաղաքը:

* * *

Շամախի տարածուած է Կովկասեան լեռնապարի հարաւ-արեւելեան լանջերու ստորոտը, Սուրբ Սահակ (Փիրսահաթ) եւ Զագալաւա գետերու միախառնման վայրին մէջ, շուրջ 750 մեթր բարձրութեան վրայ: Դէպի հիւսիս Պինասլի եւ Կուշհան, հիւսիս-արեւմուտք` Ղգղարասի եւ Փեդրաքուն եւ արեւմուտքը Մէյսարի լեռներն են: Արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը խոր ձորեր են: Արեւմտեան ձորին մէջէն կը հոսի Մէյսարի վտակը, իսկ արեւելեան ձորին մէջէն` փոքր առու մը: Երկու ջուրերը միանալով կը խառնուին Փիրսահաթ գետին:

Քաղաքին բարձրադիր մասը հարթավայր է, միջնամասը լանջեր են, իսկ ստորին մասը` հովիտ:

Շամախիի բնութիւնը սքանչելի է, ջինջ, կանաչապատ, ամէն կողմէ բուրաւէտ վարդաստաններ, պտղառատ մրգաստաններ ու այգիներ եւ ծառերուն վրայ գիշեր-ցերեկ երգող սոխակներ:

Աշխարհագրական իր դիրքին շնորհիւ Շամախի գտնուած է առեւտրական մեծ ճանապարհներու վրայ: Եղած է քաղաքական ու մշակութային կարեւոր կեդրոն:

Հինաւուրց Շամախի քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ հայեր բնակած են շատ հին ժամանակներէն: Քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Արցախէն տեղափոխուած վերաբնակիչներ էին, եւ Շամախիի բարբառը մօտիկ առնչութիւն ունի Արցախի բարբառին հետ:

Շամախի նկատուած է շիրվանահայութեան կրթական, մշակութային, քաղաքական կեանքի եւ վաճառականութեան կեդրոնը:

Հայաշատ Շամախին նկատուած է հայկական քաղաք: Այս հիմամբ ալ, Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս երբ 1828-ին ստեղծուեցաւ Հայկական մարզը, առաջարկուեցաւ Շամախին եւս ընդգրկել անոր կազմէն ներս, որովհետեւ Էջմիածնի վանքի հովանիին տակ անիկա Հայաստանի վաղեմի թագաւորութեան ընդհանուր կորիզը եւ հիմքը կը կազմէ:

* * *

Շամախի պատմական շատ հին քաղաք է եւ Շիրվան երկրամասին կեդրոնը եղած է:

Շամախի հին դարերէն առեւտրական եւ մշակութային կապեր ունեցած է Հնդկաստանի եւ Չինաստանի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքներուն հետ:

Մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող Շամախի, իր քարաւանատուներով, միջազգային առեւտուրի կարեւոր կեդրոն դարձաւ:

Պարսից շահ Իսմայիլ Ա. 1501-ին գրաւեց Շամախին, որմէ ետք քաղաքը Շիրվան նահանգին կեդրոնը դարձաւ:

* * *

Շամախի յայտնի էր իբրեւ գորգագործութեան, կարպետագործութեան եւ մետաքսագործութեան կեդրոն: Զարգացած էին արհեստներն ու առեւտուրը:

Շամախիի շրջակայ հայաբնակ գիւղերու բնակչութեան հիմնական զբաղումը գորգագործութիւնն էր:

Վենետիկցի ճանապարհորդներ Ճոսաֆաթ Պարպարօ (1413-1494) եւ Ամպրոճօ Կոնտարինի (1429-1499), որոնք այցելած են Շամախի, կը գրեն, որ քաղաքը ունի չորսէն հինգ հազար տուն բնակչութիւն, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր են, որոնք թալման կամ դեհմելի կոչուող մետաքսեայ կտորներ եւ կտաւներ կ՛արտադրեն:

Անգլիացիք 1561-ին մտան Շամախի, հում մետաքսի առեւտուրի համար, բայց անզօր գտնուեցան հայոց հետ մրցակցելու համար:

Անգլիացի վաճառական Էնթընի Ճենքինսըն, որ 10 ապրիլ 1563-ին հասած է Շամախի, կը գրէ. «Այս քաղաքը (Շամախին) ծովէն, ուղտով հինգ օրուան ճամբայ է: Անիկա բնակեցուած է գլխաւորաբար հայերով»:

Անգլիացի այլ վաճառական մը` Էտուըրտս, որ նոյն ժամանակ այցելած է Շամախի, կը գրէ, որ Շամախիի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու բնակիչները Հալէպի մէջ առեւտուր կը կատարեն վենետիկցիներու հետ: Ան կը շարունակէ` ըսելով. «Մէկ հայկական գիւղը ամէն տարի չորս հարիւր, հինգ հարիւր ջորի բեռցուցած մետաքս կը տանի Հալէպ, իսկ հոնկէ կը բերէ վենետիկեան մահուդ»:

Կարմեղեան ուխտի վանականներ, որոնք 1607-ին այցելած են Շամախի, կը գրեն որ քաղաքին բնակչութիւնը բաղկացած է պարսիկներէ եւ հայերէ: Հայերը առեւտրական աշխուժ կապեր ունին, եւ իբրեւ քրիստոնեաներ տուրքեր կը վճարեն իսլամ տիրակալներուն:

Ռուս վաճառական Կոտով, որ 1623-ին այցելած է Շամախի, կը նշէ որ քաղաքը քանի մը Կարաւանատուն ունի, որոնցէ մէկը, ուր կ՛իջեւանէին ռուս վաճառականները, կը կոչուէր Արմեանսկոյէ:

Սաքսոնիոյ Ֆրիտրիխ Շլեզուիկ-Հոլշթայն թագաւորի դեսպանութեան քարտուղար Ադամ Օլէարիուս, որ 1636 դեկտեմբեր 30-էն 1637 մարտ 27-ը Շամախիի մէջ հանգրուանած է, կը գրէ որ քաղաքին բնակչութիւնը բաղկացած էր հայերէ, պարսիկներէ եւ քանի մը վրացիներէ: Ան մանրամասն ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Շամախիի հայոց առաջնորդ Աբրահամ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ եւ քաղաքի հայերու մասնակցութեամբ 6 յունուար 1637-ին կատարուած Ջրօրհնէքի արարողութեան վերաբերեալ:

Օսմանցի ճանապարհորդ Էվլիա Զելեպի, որ 1647¬ին այցելած է Շամախի, կը գրէ որ քաղաքը ունի եօթը հազար տուն բնակչութիւն, քսանվեց թաղամաս, եօթը բաղնիք եւ քառասուն Կարաւանատուն:

Շամախի 1667¬ի երկրաշարժին աւերուեցաւ: Քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ շուրջ 80 հազար հոգի աւերակներուն տակ մնաց:

Ֆրանսացի միսիոնար Ֆիլիփ Աւրիլ, որ 1686¬ին այցելած է Շամախի, կը գրէ որ 50¬էն 60 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ, բացի հայերու մեծ թիւէն, որ կարելի է հասցնել 30 հազարի, կան նաեւ հնդիկներ, մոսկուացիներ, վրացիներ եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներ:

* * *

Լեզգիներ 1721¬ին ներխուժեցին Շիրվան եւ գրաւեցին Շամախին: Անոնք անխնայ սուրի քաշեցին շիի բնակչութիւնը, աւերեցին քաղաքը եւ ծանր վնաս հասցուցին քրիստոնեայ բնակչութեան:

Ռուս-պարսկական 1722-1723¬ի պատերազմին ժամանակ ռուսական բանակը մտաւ Շիրվան եւ գրաւեց Շամախին:

Թուրք¬պարսկական 1734-1735¬ի պատերազմին ժամանակ օսմանցիք գրաւեցին Շիրվանը: Նատիր խանի պարսկական բանակը 1734 օգոստոսին մտաւ Շամախի, աւերեց քաղաքը եւ թաթար բնակիչները սուրի քաշեց:

Պարսկական թագաւորութեան կազմէն ներս Շիրվանի խանութիւնը կազմաւորուեցաւ 1761¬ին եւ Շամախի անոր մայրաքաղաքը դարձաւ: Շուրջ 60 հազար եւ մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ Շամախի Պարսկաստանի ամենամեծ եւ բարեկարգ քաղաքներէն մէկն էր:

Ռուս-պարսկական 1804-1813¬ի պատերազմին ժամանակ Շիրվանի խանութիւնը 1805¬ին ռուս բանակին կողմէ գրաւուեցաւ եւ Գիւլիստանի 1813¬ի դաշնագիրով Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ:

* * *

Զմիւռնիոյ մէջ 1812¬ին սկսաւ ժանտախտի համաճարակ մը, որ արագօրէն տարածուեցաւ եւ ահաւոր համեմատութիւններ ստացաւ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ վարակուեցան եւ մահացան:

Մղձաւանջային կացութեան մատնուած` շատ զմիւռնահայեր հեռացան քաղաքէն եւ տեղափոխուեցան տարբեր վայրեր:

Զմիւռնահայերու զանգուած մըն ալ բռնեց դէպի արեւելք ճանապարհը եւ Շամախի հասնելով հոն բնակութիւն հաստատեց:

Շամախի հաստատուած զմիւռնահայերուն մեծամասնութիւնը առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ էին եւ իրենց նպաստը բերին քաղաքի բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անոնք քաղաքի բնակիչներուն կողմէ ճանչցուեցան իբրեւ օսմանցիներ:

Շամախիի մօտ, գետին վրայ կառուցուած միաթռիչք եւ սրբատաշ կամարով կամուրջին հիւսիսային կողմի արեւելեան ճակատին վրայ արձանագրուած է. «Վարպետ Յակոբ Օսմանցի 1828»:

Շամախիի կեդրոնական փողոցին վրայ զմիւռնահայու մը կողմէ բացուած դեղարանը կը կրէր անոր ազգանունը` Օսմանով:

* * *

Շամախի Թիֆլիսէն ետք Կովկասի երկրորդ մեծ քաղաքը կը նկատուէր եւ առեւտուրի ու արհեստներու կեդրոն էր: Լեռնային դիրքին բերումով քաղաքը զարգացած էր իւրայատուկ քաղաքաշինական մշակոյթով:

Պետական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն Շամախի 1850¬ին ունէր 18 հազար բնակիչ եւ հազար ծուխ հայ: 1855¬ի տուեալներով քաղաքի 3113 տուներէն հայերը ունէին 469, ռուսերը` 164, շիի իսլամները` 1320 եւ սիւննի իսլամները` 1130 տուն:

Շամախիի մէջ կը գործէին Սուրբ Աստուածածին անունով երկու եկեղեցիներ, թեմական դպրոցը եւ Սուրբ Սանդխտեան օրիորդաց դպրոցը:

Շամախիի մէջ 31 մայիս 1859¬ին տեղի ունեցած երկրաշարժին չորս հարիւր հոգի փլատակներուն տակ մնաց: 16 յունուար 1872¬ի երկրաշարժին հիմնովին վնասուեցաւ հայկական թաղամասը: Իսկ 31 յունուար 1902¬ի երկրաշարժին գրեթէ ամբողջ քաղաքը հողին հաւասարեցուեցաւ:

* * *

Շամախիի մէջ ազդեցիկ էին Քալանթարեան, Դուլուխանեանց, Աւշարեանց, Շահնազարեանց եւ Լալայեանց տոհմերը:

Լալայեանցները եղած են մելիքական տոհմ: Մարկոս բէկ Լալայեանի որդի Պօղոս բէկ անուանի դարձաւ Շամախիի եւ Պաքուի մէջ իր կատարած բարերարութիւններով եւ ազգօգուտ գործունէութեամբ:

Լալայեանները Շամախիի մէջ ունէին շքեղ բնակարաններ, կարաւանատուներ, բաղնիքներ եւ քաղաքէն դուրս կալուածներ, ջրաղացներ, վարելահողեր, արօտատեղիներ, այգիներ, ամարանոցներ, ձմեռանոցներ եւ որսատեղիներ:

Պօղոս բէկ ունէր ութ որդի – Աթանաս, Յովհաննէս, Մկրտիչ, Մարգար, Գէորգ, Յակոբ, Մարկոս եւ Կարապետ:

Կարապետ բէկ Լալայեան շքեղ ապարանք մը կառուցելով ռուսական կառավարութեան նուիրեց, ուր հետագային տեղաւորուեցան նահանգային հիմնարկութիւնները: Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատած Գէորգ բէկ Լալայեան մնայուն կերպով աջակցեցաւ Մարդասիրական ընկերութեան եւ եկեղեցական աղքատախնամ հոգաբարձութեան: Աթանաս բէկի որդի Ալեքսանդր Լալայեան իր բեղուն գործունէութեան եւ բարեգործութիւններուն համար Ալեքսանդր Գ. ցարէն Աննայի երրորդ եւ Ստանիսլաւի երկրորդ աստիճաններ եւ շքանշաններ ստացաւ:

Շամախիէն Պաքու տեղափոխուած վաճառական Սահակ Ադամեանի որդիները` Աբգար, Ալեքսանդր, Յովհաննէս եւ Դաւիթ «Եղբարք Ադամեան» առեւտրական ընկերութիւնը հիմնեցին: Ընկերութիւնը առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ լայն գործունէութիւն ծաւալեց: Աբգարի որդի Յովհաննէս Ադամեան (1879-1932)  սեւ-սպիտակ եւ գունաւոր պատկերասփիւռի իր գիւտով նոր դարագլուխ բացաւ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան պատմութեան մէջ. զաւակներէն Հեղինէ եւ Եւգինէ դարձան անուանի դաշնակահարներ, իսկ Արշակ` երաժշտագէտ, որուն նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ սիմֆոնիք նուագախումբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ