Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Aztagdaily.com-Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907-ի մայիսին: Անոր ծնողները եղած են Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերեզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ, վայելած է հօրեղբօրորդի Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ըստ այնմ ան կրցած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:
Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ազգային Ուզունեան նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց «Սեն Փոլ» քոլեճը: Կիլիկիոյ պարպումին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը յաճախէ Ֆրերներու Սաքրը Քէօր քոլեճը: Եղած է քոլեճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Քոլեճին վեց տարուան դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուան ընթացքին եւ յաջողած է Ֆրանսական բժշկական բաժանմունքի մուտքի քննութեան:
Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ կ՛ունենայ եւ կ՛արժանանայ քանի մը պատուոյ մրցանակներու: Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք կը նշանակուի «Օթէլ Տիէօ» հիւանդանոցի Extern, Interne եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն: Կը մասնագիտանայ քիթ-կոկորդ-ականջ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ, ապա կ՛ընդունուի Սաքրը Քէօր հիւանդանոց` իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ, եւ կը վայելէ De Peyrelongue du Negrier-ի նման հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը: 1941-ին կը ստանձնէ նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն կը վարէ երկար տարիներ:
1947-48-ին, բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան կը մեկնի Փարիզ եւ վեց ամիսներու ընթացքին կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու: Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, իբրեւ օտար բացառաբար կ՛արժանանայ «Օ. Առ. Էլ.» գիտական միութեան պատուոյ անդամի տիտղոսին, որ իր տեսակին մէջ առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ան արժանացած է լիբանանեան կառավարութեան Մայրիներու Ասպետի կարգի շքանշանին` երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան եւ անդամ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանահայ Բժշկական միութեան, հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է միութեան վերելքին` գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է միութեան ճանաչումը` լիբանանեան պետութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել հայկական հիւանդանոցի մը հաստատումը Պէյրութի մէջ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին:
Մոնրէալ, 18 մարտ 2023
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
- Մինասեան Պետրոս, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974:
- Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ:
- «Երիտասարդ հայ» պարբերաթերթ, «Հայկական հիւանդանոց – տոքթ. Գէորգ Կէրկէրեան կը Խօսի», Պէյրութ, Լիբանան, 30 սեպտեմբեր 1972:
- «Ազդակ» օրաթերթ, «Լիբանանահայ բժշկական միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը», 2 փետրուար 2013:
- «Ազդակ» օրաթերթ, «Տոքթ. Գ. Կէրկէրեան Եւրոպա մեկնեցաւ», 9 հոկտեմբեր 2012:
Leave a Reply