Անդրադարձ. 1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանը հազարաւոր տարիներու հայկական հողերը իրը կը նկատէ, այնպէս` ինչպէս 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլը հազարաւոր տարիներու Պաղեստինը իրը կը նկատէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Aztagdaily.com- Իսրայէլի կատարեալ ամբարտաւան վարչապետ Նեթանիահուն եւ Իսրայէլը ուղղակի՛ մեղադրող` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ցոյց տուած իր քարտէսները: Ստորեւ կը ներկայացնեմ այս նիւթով եղբօրս հետ զրոյցին եզրակացութիւնը:

1.- Սկսինք Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դաժան սպանութեան դէպքէն:

Իսրայէլի կողմէ հրահրուած եւ մասնակցած, Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, վարչապետ Հարիրի 1992-ին մեծ ծրագիրներով ստանձնեց երկրին վարչապետի պաշտօնը: Հարիրին Լիբանանը պիտի վերածէր արաբական աշխարհին` Ծոցի երկիրներուն աշխարհի հետ կապը` դուռ-պատուհանը եւ դրամատունը: Ի՞նչ էին Հարիրիի գլխաւոր ծրագիրները.

1. Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը: 2. Ամերիկեան հովանաւորութեամբ, Պէյրութը փոխարինող, այսպէս կոչուած, «Աբրահամ համաձայնութեան» բեռնատար ուղիները Հայֆայի նաւահանգիստէն դէպի Ռիատ, Պահրէյն, Տուպայ եւ Օման` մայրուղի եւ երկաթուղի, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Նեթանիահու կարմիր հաստ գրիչով Հայֆայէն Տուպայ նոր ուղիին ծրագիրը յայտնեց ու գծեց:

Ա.- Ընդլայնել ու արդիականացնել օդակայանը, որ կատարուեցաւ:

Բ.- Երկրին հաղորդակցութեան` հեռաձայն, բջիջային, համացանց եւ այլն,  զարգացնել, որ կատարուեցաւ:

Գ.- Նաւահանգիստը ընդլայնել, որպէսզի ծառայէ արաբական աշխարհին: Այս ալ եղաւ:

Դ.- Պէյրութ-Դամասկոս Համաարաբական արագ մայրուղիի կառուցում (1), որպէսզի ընդլայնուած նաւահանգիստէն դէպի Միջին Արեւելքի արաբական աշխարհը բեռներ փոխադրէ: Չնչին մաս մը իրականացաւ:

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 30 մայիս 2003-ին, սակայն տակաւին չգործադրուեցաւ, քանի որ այս բոլոր ծրագիրներուն մղիչ ուժը` Ռաֆիք Հարիրին, 14 փետրուար 2005-ին դաժանօրէն սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար` Իսրայէլի կողմէ, որպէսզի Լիբանանը երբեք արաբական աշխարհին նաւահանգիստն ու տնտեսական կեդրոնը չդառնայ, ՔԱՆԻ ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ Ի՛ՆՔ Կ՛ՈՒԶԷ ԱՅԴ ԴԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ… Փաստը Նեթանիահուի քարտէսով ելոյթները ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, եւ Ամերիկայի ճնշումով, Արաբական ծոցի կարգ մը երկիրներուն «բնականոն» յարաբերութիւնը Իսրայէլի հետ, վերջինը` տակաւին անաւարտ մնացած Սէուտական Արաբիոյ հետ «հաշտութիւնը»:

Յատկանշական է, որ լիբանանեան Դիմադրութիւնը` Հըզպալլան, ինչպէս այլ առիթներով ալ, գաղտնազերծած էր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը տեսախցիկին կեդրոնին հետ կապը, որ ցոյց կու տար սարքին հետապնդումը Ռաֆիք Հարիրիի ինքնաշարժին ուղեւորութիւններուն, ներառեալ` պայթումին վայրը (2): Թէեւ ստեղծուեցաւ միջազգային ծիծաղելի ու զզուելի ատեան մը, որ քանի մը անգամ կեղծեց ամբողջ եղելութիւնը, սխալ անձեր ապահովութեան 4 պետերը, գրեթէ 4 տարի բանտարկեց, ապա ազատ արձակեց եւ այլն… Եւ երկիրը մտցուց աւելի խոր պառակտումի մէջ:

3. Պէյրութի շուրջ 5 քմ երկարութեամբ նաւահանգիստին հսկայ բեռնարկղներ փոխադրող, նկարին մէջ` 8000 (մինչեւ 24 հազար) բեռնարկղ, նաւերու բաժինը:  4.- Շրջապատէն կղզիացած երկիր` Իսրայէլի չափին համեմատ 3 քմ երկայնք ունեցող Հայֆայի հսկայ նաւահանգիստէն մաս մը, որ կառուցուած է Պէյրութի փոխարէն` արաբական աշխարհին սպասարկելու համար:

Ոճիրներու պարագային, երբ ոճրագործին փնտռտուքը կը կատարուի, հիմնական հարցումը կ՛ըլլայ, թէ ո՞վ կ՛օգտուի տուեալ ոճիրէն: Այս պարագային մի՛այն թշնամի Իսրայէլը օգտուեցաւ, ուրեմն… Շատ հաւանաբար ինք գործադրեց Հարիրիի ոճիրը:

2.- Իսրայէլ մէկ հրթիռով գործադրեց իր ծրագիրը, կործանելով Պէյրութի նաւահանգիստն ու Լիբանանի արդէն տարտամ տնտեսութիւնը, որ նաեւ փտածութեան համընթաց հետեւանք էր:

Նեթանիահու 27 սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց տուաւ (նկար 5)` իբր թէ Պէյրութի մէջ լիբանանեան Դիմադրութեան` Հըզպալլային պատկանող զինամթերքի շտեմարաններ, մէկը` Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, եւ սպառնաց:

Յաջորդ օրը Հըզպալլան տեղական եւ օտար լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր: Այնտեղ ամբարուած էր խորհրդաւոր նաւէ մը 6-7 տարիներ առաջ գրաւուած շուրջ 2700 թոն սաստիկ վտանգաւոր, պայթուցիկ ամոնիա-բորակատ (ammonium nitrate NH4NO3)` իբրեւ պարարտացուցիչ գործածուող նիւթը, որուն աղբիւրն ու նաւուն տէրն ալ չյստակացաւ. մերթ Վրաստան, մերթ Ռումանիա… Այս` ոճրային անփոյթ տնօրինումով մը, այդքան երկար ժամանակ պահ դրուած էր թիւ 12 շտեմարանին մէջ, կարծէք` սպասելով աղէտի մը:

5. Նեթանիահու 27 սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ իբր թէ Հըզպալլայի պատկանող զինամթերքի շտեմարանները եւ կը սպառնայ: Յաջորդ օրը Հըզպալլան լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր:  6.- Իսրայէլի կողմէ կատարուած Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը` 4 օգոստոս 2020-ին: Նեթանիահու սպառնաց եւ գործադրեց:

Իսրայէլի վարչապետին ՄԱԿ-ի բեմէն կատարած սպառնալիքը 4 օգոստոս 2020-ին գործադրուեցաւ: Ռազմական օդանաւէն արձակուած հրթիռի մը միջոցով պայթեցուց այդ շտեմարանը` կորիզային փոքր ռումբի համազօր ուժգնութեամբ, որ խլեց 200-է աւելի զոհեր եւ շուրջ 7000 վիրաւորներ եւ` մեծ թիւով առանց ապահով բնակարանի ժողովուրդ, պատճառելով հսկայական նիւթական վնասներ, շուրջ` 15 միլիառ տոլար, մինչեւ 15 քմ շառաւիղով: Պայթումին զուգահեռ, շատեր լսեցին պատերազմական օդանաւի մը ձայնը, որ ես ալ լսեցի եւ կը վկայեմ: Իսրայէլ գրեթէ ամէն օր կը բռնաբարէ Լիբանանի օդային տարածքը, քանի որ Արեւմուտքին կողմէ Լիբանանին արդիական հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ ունենալը արգիլուած է…

Հեռատեսիլի պաստառէն լսեցինք նախագահ Աունի կոչը Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին` խնդրելով պայթումին վերաբերող արբանեակային լուսանկարներ տրամադրել, սակայն կոչը անպատասխան մնաց, այնպէս` ինչպէս Հարիրիի պայթումին վերաբերեալ որեւէ արբանեակային նկար չտրամադրուեցաւ… որպէսզի ծածկեն բուն ոճրագործին` Իսրայէլի ինքնութիւնը:

3.- Տեսնելով իր օգնութեամբ դաշնակից Ազրպէյճանին «յաջողութիւնը» քարտէսէն ջնջելու Արցախը` Իսրայէլ ՄԱԿ-ի բեմէն քարտէսի վրայ ջնջեց Պաղեստինն ու Կազան (նկար 7):

7.- Նեթանիահու ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ Միջին Արեւելքի իր քարտէսը, ուր Պաղեստինն ու Կազան գոյութիւն չունին եւ մաս կը կազմեն 1948-ի Իսրայէլին: 8. «Նոր Միջին Արեւելք» խորագիրով այլ քարտէս մը հանելով Նեթանիահու կարմիր հաստ մատիտով կը գծէ Արաբական ծոցէն Իսրայէլ` Հայֆա նաւահանգիստ եւ անկէ դէպի Եւրոպա ուղին` բուռն ծափահարութեան արժանանալով…

Իսրայէլեան առաջատար «Հաարեց» օրաթերթն իսկ յատուկ խմբագրականով մը անդրադարձաւ` «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խորագիրով (3): Այնպէս` ինչպէս Իսրայէլ շուրջ 15 տարի շրջափակուած կը պահէ 2 միլիոն բնակիչով Կազան եւ անդադար ռմբակոծելով երկրամասը` կը կործանէ շէնքեր, խաղաղ բնակիչներ կը սպաննէ Արեւմուտքին լռելեայն քաջալերանքով: Ազրպէյճան օգտուեցաւ իր դաշնակից ու զինամթերք մատակարարող Իսրայէլի փորձառութենէն ու 9 ամիս Արցախը շրջափակելէ ետք յարձակեցաւ Հայաստանի այս դաւաճան վարչախումբին կողմէ լքուած ու թշնամիին յանձնուած Արցախին վրայ` ցեղասպանութիւն գործադրելով:

4.- Արցախի եւ Կազայի զուգահեռները եւ պաղեստինեան դիմադրութեան պոռթկումը:

Կազայի ինքնապաշտպանական Դիմադրութիւնը` Համաս եւ այլք, ականատես եղան Իսրայէլի օգնութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի «բնաջնջումին» ու քարտէսներու վրայէն անոր ջնջումին, որ աշխարհի կողմէ շատ դիւրութեամբ ընդունուեցաւ: Ապա նաեւ` նոյն օրերուն ՄԱԿ-ի բեմէն Իսրայէլի վարչապետին ներկայացուցած քարտէսը, ուր Կազան ու Պաղեստինը ջնջուած էին ու` երկա՜ր ծափահարութիւններ խլած (նկար 7 եւ 8):

Կանխարգելիչ քայլով մը, նաեւ, պաշտպանելու համար իսլամութեան երկրորդ սրբութիւն` Երուսաղէմի Աքսա մզկիթը, որ քանիցս սրբապղծուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, Դիմադրութիւնը 7 հոկտեմբեր 2023-ին ճեղքեց ցամաքային, օդային ու ծովային շրջափակումը եւ յարձակեցաւ զիրենք դաժանօրէն բանտարկող ու յարատեւ սպաննող, ջարդող Իսրայէլի վրայ: Շատ բնական պոռթկում մըն է այս, որ անակնկալի ու շփոթի մատնեց մեծ հռչակ շահած «անպարտելի», ահաբեկչական պետութիւն Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներուն անվերապահ հովանաւորութիւնը վայելող այս դաժան ու ցեղասպան երկիրը, որուն զոհը դարձաւ արաբական աշխարհը, նաեւ` Հայաստանն ու Արցախը: Իսրայէլի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծագումով հրեայ, երկքաղաքացի ներգաղթողներ են, մինչ բոլոր պաղեստինցիները հողամասին բնիկ ժողովուրդն են:

9.- Իրանի դէպի Միջերկրական ծով ցամաքային ուղիները` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայով:

5.- Ցամաքային ռազմավարական մայրուղիներու պատերազմներ:

Այժմու վայրագ աշխարհաքաղաքականութիւնը, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Միացեալ Նահանգները կը կիրարկեն ամէնուրեք ուղղակիօրէն, կամ Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ նման երկիրներու միջոցով, անհրաժեշտ կը դարձնեն ապահովել ցամաքային ապրանքներու ցամաքային փոխադրութիւնները: Հզօր պետութիւններ Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Իրանը կարիքը ունին այլընտրանքային ուղիներու, քանի որ Հորմուզի նեղուցը կամ Սուէզի ջրանցքը կրնան որեւէ պահու փակուիլ նաւեր ընկղմելով այնտեղ, պարտադրելով ծովային ուղին չափազանց երկարել` Եւրոպա հասնելու համար ամբողջ Ափրիկէի շուրջը դառնալով:

Տարօրինակ է, որ իր ժողովուրդէն գաղտնի, անարգելով ու անտեսելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, մէկ անձի կողմէ, վարչապետին ստորագրութիւնը բաւարար կը համարուի հազարաւոր տարիներու մեր հայրենիքը յանձնելու թշնամիին:

Արցախով ապահով Հայաստանը պիտի ապահովէր Հիւսիս-հարաւ մայրուղին (4)` Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի համար, քանի որ Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջէն անցքերը վստահելի ուղիներ չեն, անոնք կ՛ենթարկուին Ամերիկայի կամ թուրանական ճնշումներուն: Այս է պատճառներէն մէկը, որ Զանգեզուրի միջանցքը ստեղծելով` Իրանն ու Հնդկաստանը պիտի կտրուին դէպի Սեւ ծով ուղիէն: Այժմ այս հարցին շուրջ կը կեդրոնանայ Հայաստանը առեւանգած եւ թշնամիին հողեր նուիրող դաւադիր վարչախումբին ազգակործան յաջորդ քայլերէն մէկը, որ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋՈՑՈՎ պէտք է կասեցուի:

9 հոկտեմբեր 2023
haroutchekijian.wordpress.com 

  1. https://opecfund.org/operations/list/pan-arab-highway-project
  2. https://www.military.com/defensetech/2010/08/10/hezbollah-claims-it-hacked-israeli-drone-video-feeds
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/590700

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ