
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը. Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի յուշերը» գիրքը. բաղկացած` 96 էջերէ: Հեղինակ` Սեդօ Քիւսպէկեան:
Գնահատագիրին մէջ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերլեկեան կ՛ըսէ, որ օրինակելի եւ մեծապէս գնահատելի աշխատանքի մը արգասիքն է այս գրքոյկը, որ կը ցոլացնէ թոռնիկին հոգածու եւ սերտ կապը մամիկին հետ: Այս եւ նման նախաձեռնութիւններ վարակիչ պէտք է դառնան Այնճար հայաւանին մէջ, որպէսզի անցեալի յիշատակները, յիշատակելի դէմքերն ու դէպքերը խրախուսելի օրինակ դառնան նոր սերունդներուն:
Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեան, Յովնան եւ Փարանձեմ Տիւքէնճեաններուն դուստրը, ծնած է 1924-ին, Մուսա լեռ:
Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, 1915-ի ամրան Մուսա լերան ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ընտրեց դիմադրութիւնը, բարձրացաւ Մուսա լեռ, կռուեցաւ, ապա փրկուեցաւ, ծովեզերեայ շրջանները հսկող ֆրանսական պատերազմական նաւերուն կողմէ ու տարուեցաւ Եգիպտոս` Փոր Սայիտի մօտակայքը, ուր մնաց չորս տարի: 1919-ին անոնք վերադարձան Մուսա լեռ:
Սիմային հայրը` Յովնան, որ զինուորութենէ փախած եւ չորս տարի թուրք աղայի մը տունը ծառայած էր, երբ կը լսէ, որ ընտանիքը գաղթականութենէ վերադարձած է, ինք եւս կը վերադառնայ Մուսա լեռ ու կը միանայ ընտանիքին:
Սիմային մայրը` Փառանձեմ մահացած է 31 տարեկանին, ետին ձգելով իր վեց զաւակները` չորս աղջիկ եւ երկու տղայ:
Ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ Ալեքսանտրէթի սանճաքը դուրս բերուեցաւ Սուրիոյ կազմէն եւ Թուրքիոյ յանձնուեցաւ: Մուսալեռցիք մերժեցին ապրիլ Թուրքիոյ դրօշին տակ:
Մուսա լերան գիւղերուն պարպումը սկսաւ 17 յուլիս 1939-ին: Մուսալեռցին արցունքոտ աչքերով բաժնուեցաւ իր հայրենի գիւղերէն:
Մինչ այդ, 1939 ապրիլին մահացած էր Սիմային հայրը: Մեծ հայրն ու մեծ մայրը տէր դարձան ընտանիքին:
Մուսա լերան տեղահան եղած ժողովուրդը բեռնակառքերով հասաւ Պասիթ, ուր անոնք մնացին քառասաուն օր: Պասիթէն նաւերով փոխադրուեցան Թրիփոլի, այնուհետեւ շոգեկառքով` Պաալպէք, յետոյ` Ռայաք եւ հոնկէ` Այնճար:
Գաղթական ժողովուրդը սկիզբը բերդին մէջ պատսպարուեցաւ եւ յետոյ ալ վրաններու տակ ապրեցաւ: Ձմեռը վրայ հասաւ եւ կառավարութիւնը ժողովուրդը շրջակայ արաբական գիւղերը ցրուեց: Սիմայենք գացին Թապպարիէ: Գարնան անոնք վերադարձան Այնճար:
Այնճարի մէջ տուներու շինութիւնը սկսաւ 20 սեպտեմբեր 1939-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ յաջորդ տարուան գարունը:
Այնճարի հիմնադրութեան առաջին տարիներուն մալարիա (ջերմախտ) հիւանդութիւնը մեծ կորուստներու պատճառ դարձաւ:
Սիմա Տիւքէնճեան 1946-ին ամուսնացած է նախապէս ֆրանսական, յետոյ ալ լիբանանեան բանակի զինուոր Եորկի Քիւսպէկեանի հետ եւ ունեցած ութ զաւակ.Մատլէն, Սանդուխտ, Սեդրակ, Սօսի, Սեդա, Իսկենտեր-Ալեքսան, Փառանձեմ եւ Հայրենիք:
Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեան, զոհաբերուող մօր ու կնոջ արժանիքներով, կրցած է երկար տարիներ հոգալ իր զաւակներուն կարիքները եւ ամբողջութեամբ նուիրուիլ անոնց, մինչ կողակիցը կը գտնուէր տունէն հեռու` զինուորական ծառայութեան մէջ:
Եորկի Քիւսպէկեան մահացած է 1981-ին, որմէ ետք Սիմա միայնակ շարունակած է պայքարիլ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ եւ յաղթական դուրս գալով` հասած խոր ծերութեան: Ան մահացած է 98 տարեկանին` 21 յունիս 2022-ին:
Եորկի եւ Սիմա Քիւպէկեաններու զաւակներուն մասին կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններով, ընտանեկան ծառերով ու լուսանկարներով ճոխացած եւ ազգագրական արժէք ներկայացնող գնահատելի աշխատութիւն մը:
Leave a Reply