Հայկական Վագըֆներու Միութիւնը ¤ԷՐՎԱՊ_ երէկ իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Կառոյցի վարչութեան որոշումով ժողովներ փակ են մամուլին, հետեւաբար արդիւնքներու մասին տեղեկութիւնները կը ստանանք կա՛մ կարգ մը մասնակիցներէն, կա՛մ կապ հաստատելով ընդհանուր ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօղլուի հետ։

Երէկուան ժողովը գումարուեցաւ առանց ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութեան։ Ան պաղառութեան հետեւանքով չկրցաւ նախագահել այս ամսուայ մէկտեղումին։ Ժողովը վարեց ընդհանուր ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօղլու, որ այս առտու հետեւեալ տեղեկութիւնները փոխանցեց մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանին.-
Օրակարգի վրայ կար երկու հարց. ԷՐՎԱՊի ենթակայութեան ներքեւ կազմուած երկու յանձնախումբերու՝ կրթութեան եւ ելմտական յանձնախումբերու պատասխանատուները իրենց ուսումնասիրութիւններու եւ աշխատութիւններու մասին լուսաբանեցին ներկաները։
Ինչպէս ծանօթ է, կրթական յանձնախումբը կը գլխաւորէ Աքսէլ Թօփալեան։ Ան, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներ Մարի Եանճը ու Սարվէն Սէրթշիմշէք կրթական հարցերու եւ մեր դպրոցներու տարեկան պիւտճէներու մասին տեղեկագրերը ներկայացուցին, յայտնելով որ այդ աշխատանքը կատարած էին՝ մեր վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներու եւ պիւտճէի մասին լուսաբանութիւններ ստանալէ ետք։ Ի՞նչպէս կարելի է բարձրացնել մեր դպրոցներու կրթական մակարդակը։ Այս մասին ալ տեսակէտներ եւ առաջարկներ դրուեցան սեղանի վրայ։
Ելմտական յանձնախումբի աշխատութիւններու մասին արտայայտուեցաւ Հերման Կիւրճեան։ Ան ըսաւ որ համայնքի ելմտական ընդհանուր պատկերը ունենալու համար պայման է որ մեր հաստատութիւնները ներկայացնեն իրենց կալուածները, հասկնանք թէ ի՞նչ ունինք եւ ինչպէ՞ս պէտք է շարժինք։ Այդ նպատակով ձեւաթուղթեր յանձնուեցան ժողովականներուն, համապատասխան արձանագրութիւնները կատարելու համար։ Հերման Կիւրճեան քանի մը ելմտագէտներու հետ միասին պիտի ամփոփէ արդիւնքները եւ զանոնք պիտի յանձնէ ԷՐՎԱՊի ուշադրութեան։
Յետոյ խօսք առաւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ, որ յանձնարարեց որ պիւտճէներուն մէջ գումար մըն ալ նախատեսուի դպրոցական շէնքերը ամրացնելու գործին համար։ Ծանօթ է որ մեր կարգ մը վարժարաններու շէնքերը ամրակայուն դարձնելու համար նիւթականի պէտք կայ, ուստի այդ գումարներն ալ նկատի պէտք է առնուին տարեկան պիւտճէները պատրաստելու ընթացքին՝ տեղեկագրերուն մէջ։
***
Ասկէ առաջ գրած էինք որ Պոլսահայ մամուլի, յատկապէս հայատառ մամուլի կացութիւնը նոյնպէս քննութեան պիտի առնուէր ԷՐՎԱՊ-ին կողմէ։ Պր. Գուզիքօղլու ըսաւ որ ինք քանիցս հայատառ մամուլի կացութիւնը օրակարգի բերած է եւ երէկ ալ հայատառ թերթերու դիմագրաւած ծանր վիճակը ներկայացուց, ընդգծելով մամուլի կարեւորութիւնը՝ համայնքի պատմութեան, նորահաս սերունդի ինքնութեան տեսակէտէ։ Ելմտական յանձնախումբի անդամները յառաջիկայ օրերուն ժողովներ պիտի գումարեն մամուլի պատասխանատուներուն հետ, հարցերը քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու առաջադրութեամբ։
Leave a Reply