Անթալիոյ մէջ Ս․ Պատարագ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Անթալիոյ շրջանի Յոբ Մետրոպոլիտի եւս արտօնութեամբ, 8 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի առաւօտ, Գաւառի համայնքներու տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեանի եւ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպի. Պաղտասարանի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Անթալիա։

Ընդառաջելով տեղւոյն մերազն համայնքի անդամներուն, Տէր Հայրը նոյն օր հայածէս Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Ալյիփոս Սթիլիթիս Յունաց Եկեղեցւոյ մէջ։

Տէր Հայրը խրատականին մէջ Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տէր Հայրը մէկտեղուեցաւ համայնքի անդամներուն հետ եւ զրուցեց։

Նոյն օր կատարուեցաւ նաեւ տեղւոյն բնակիչ Արէթ եւ Ինտիա Արթինօղլուի Ս. Պսակի խորհուրդը։

Տէր Հայրն ու ընկերակիցները նոյն գիշեր վերադարձան քաղաքս։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ