Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. շուշեցիներու ապրելակերպը եւ բարքերը

Քաղաքային ակումբ եւ զբօսայգի համքարութիւններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշի, մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ, մշակութային մեծ կեդրոն էր: Հոն կը գործէին շարք մը դպրոցներ, կը հրատարակուէին գիրքեր եւ պարբերականներ եւ կը զարգանային արուեստներն ու արհեստները:

Քաղաքին բնական դիրքը, առողջարար կլիման եւ իւրայատուկ ճարտարապետութիւնը նպաստած են անոր արագ զարգացման:

Շուշիի բնակարանները երկու-երեք յարկանի էին, կղմինտրածածկ, գեղակերտ դարպասներով եւ պատուհաններով ու փայտէ պատշգամներով: Տուները պարտէզներով շրջապատուած էին. ամէն կողմ մրգատու ծառեր եւ ծաղկանոցներ:

Շուշիի գլխաւոր փողոցները սալայատակուած էին եւ գիշերները` լապտերներով լուսաւորուած: Քաղաքին մէջ իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ 172 լապտերներ տեղադրուած էին:

Քաղաքը գլխաւոր երկու մասի բաժնուած էր. հայոց եւ թուրքերու թաղեր: Հայոց թաղերը քաղաքի բարձրադիր մասին վրայ կը գտնուէին, իսկ թուրքերու թաղամասերը ցածրադիր գօտիի մէջ, եւ մեծ մասամբ անբարեկարգ էին:

Հայկական թաղերուն կեդրոնը Թոփխանա հրապարակն էր, շուշեցիներու տնտեսական եւ մտաւոր կեանքի կեդրոնը, որ միշտ բազմամարդ էր, խռնուած` մարդոցմով, ապրանքներով բեռցուած էշերով, ջորիներով եւ ուղտերով: Հրապարակի նեղլիկ մայթերուն եւ խաչմերուկներուն վրայ մարդիկ խումբերու բաժնուած օրն ի բուն կը զրուցէին կեանքի եւ ընթացիկ գործերու մասին:

Հրապարակին վրայ, չորս կողմը` մէկը միւսին կողքին դասաւորուած էին ամէն տեսակ մթերքներ եւ ամրան` ահագին քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէններ: Մարդիկ անդադար ձեռքով ու ոտքով անասունները հրելով ճամբայ կը բանային, կ՛անցնէին կը դառնային եւ առեւտուր կ՛ընէին: Յաճախ երկար սակարկութիւններ կ՛ըլլային եւ միջնորդները անպակաս էին:

Հրապարակին վրայ բազմաթիւ բեռնակիրներ կը վխտային, գնորդներուն ապրանքները տուն տանելու համար:

*  *  *

Թոփխանայէն ճիւղաւորուող հայկական թաղերու ներքին փողոցները նեղ էին, ծուռ ու մուռ եւ խորտուբորտ, ուր կառքեր եւ սայլեր չէին կրնար երթեւեկել: Գլխաւոր փողոցներուն հակառակ` ներքին փողոցները գիշերները մութ կ՛ըլլար եւ բնակիչներ իրենց լապտերները բռնած կ՛երթեւեկէին:

Շուշեցիք սովորութիւն ունէին փողոցի երկայնքին, պատերուն տակ կարպետներ փռել եւ թաղեցիներով, դրացիներով հաւաքուիլ ու զրուցել. կիներ միաժամանակ գուլպայ կը գործէին եւ ճախարակ կը մանէին:

Շրջաններէն Շուշի մտնող գիւղացիներ իրենց սայլերը մայթերուն վրայ կը կանգնեցնէին եւ եզներ, գոմէշներ, ջորիներ ու էշեր իրենց գլուխը անցուած պարկերուն մէջի խոտը կը ծամէին:

*  *  *

Կիրակի օրերը եւ տօնական օրերուն եռուզեռ կը տիրէր եկեղեցիներուն շուրջ: Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարը, Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին, Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիները բերնէ բերան լեցուն կ՛ըլլային:

Եկեղեցիները նաեւ հասարակական շփումներու համար ժամադրավայր էին: Շուշեցի կանայք հոն իրենց որդիներուն համար աղջիկ կ՛ընտրէին, իսկ չափահաս տղաք օրիորդները դիտելու կամ անոնց հետ քանի մը բառ փոխանակելու առիթ կ՛ունենային:

*  *  *

Քաղաքային ակումբը կամ կլուբը կը գտնուէր Թոփխանայի կողքին եւ ճարտարապետական գեղեցիկ յօրինուածքով եռայարկ շէնք մըն էր:

Ակումբը ունէր գրադարան, ընթերցարան եւ ժողովուրդին համար հաւաքատեղի էր: Թղթախաղի սեղաններու շուրջ բոլորուած` խումբ խումբ կը զրուցէին: Ակումբէն ներս թղթախաղի, ճաշկերոյթի կամ տարբեր ձեռնարկներու համար կարելի էր առանձին սենեակներ վարձել:

Ակումբային կեանքը կ՛աշխուժանար յատկապէս ձմեռուան ցուրտ ամիսներուն:

Ձմեռը գրեթէ ամէն շաբաթ երեկոյ պարահանդէս կը կազմակերպուէր:

*  *  *

Քաղաքային զբօսայգին կը գտնուէր Շուշիի հարաւ-արեւմտեան կողմը, ընդարձակ բլուրի լանջին: Արահետներուն վրայ ճեմելով մարդիկ կը բարձրանային վերեւ, ուրկէ հմայիչ տեսարան կը բացուէր քաղաքին եւ շրջակայ անտառածածկ լեռնալանջերէն բաժնուող անդունդներուն, ձորերուն եւ ժայռերուն վրայ:

Զբօսայգին շուշեցիներու սիրած եւ պարբերաբար այցելուող վայրն էր:

Զբօսայգին մարդաշատ կ՛ըլլար յատկապէս ամրան, երբ շաբաթը երկու անգամ հոն զինուորական նուագախումբի համերգ կը տրուէր:

*  *  *

Նահատակի ուխտատեղին կը գտնուէր հայոց Հին հանգստարանին ներքեւը եւ շուշեցիներուն համար յայտնի զբօսավայր էր:

Աւանդութեան համաձայն Իպրահիմ խանին կողմէ նահատակուած Անտոն անունով թիֆլիսեցի հայ մը հոն թաղուած է:

Նահատակի ուխտատեղին առաւելաբար արհեստաւոր դասակարգի կիներուն հաւաքատեղին էր:

*  *  *

Շուշիի արհեստաւորները համքարութիւններու բաժնուած էին: Կային արհեստաւորական 41 համքարութիւններ: Իւրաքանչիւր համքարութիւն ունէր իր դրօշակը եւ ներքին կանոնադրութիւնը: Համքարութիւնները կը ղեկավարուէին գլխաւոր վարպետին` ուստապաշիին կողմէ: Ուստապաշին կ՛ընտրուէր համքարութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ` մէկ տարի ժամկէտով եւ կը հաստատուէր գաւառապետին կողմէ:

Ուստապաշին իր կողքին ունէր երկու օգնական. գանձապահ` խազնատար եւ սուրհանդակ` իգիթպաշի:

Համքարութեան գերագոյն մարմինը ընդհանուր ժողովն էր, որուն կը մասնակցէին ձայն ունեցող բոլոր անդամները: Ընդհանուր ժողովի պարտականութիւններն էին համքարութեան անդամներու հաշուետուութիւնները լսել, ընտրութիւններ կատարել եւ կազմակերպութեան մէջ ընդունուելու եւ անկէ հեռացուելու հարցերը լուծել: Կը քննարկուէր տուրքերու բաշխումը ըստ անդամներու եւ մասնագիտացումներու ստուգումներու վերջնական գնահատումը կը կատարուէր: Նաեւ` զանազան խնդիրներ կը քննարկուէին ու որոշումներ կը կայացուէին:

Համքարութեան անդամներ կրնային իրենց արհեստը փոխել եւ այլ համքարութեան մը մէջ մտնել:

Համքարութիւններուն մէջ օրուայ աշխատանքի ժամանակամիջոց չէր սահմանուած: Աշխատանքը կը սկսէր արեւածագին եւ կը վերջանար մայրամուտին: Արհեստաւորները համքարութենէն ներս երեք խումբի բաժնուած էին. վարպետներ (ուստա), ենթավարպետներ (խալֆա) եւ աշկերտներ (շակիրթ):

Համքարութիւնները կ՛օգնէին իրենց հիւանդ, անդամալոյծ եւ աշխատանքի անկարող դարձած անդամներուն: Համքարութեան անդամի մահուան պարագային միւսները նիւթապէս կ՛օժանդակէին անոր ընտանիքին:

Համքարութիւնները միաժամանակ հոգ կը տանէին քաղաքի բարեկարգման եւ պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Շուշիի մէջ աւանդութիւն էր որ միեւնոյն արհեստով զբաղողներ նոյն թաղին կամ շարքին մէջ կ՛ապրէին:

Շուշի նկատուած է արհեստներու եւ արուեստներու քաղաք:

Համքարութիւններուն աշխատանքները կանոնակարգերու նպատակով 3 ապրիլ 1867¬ին ռուսական արքունիքին կողմէ հաստատուեցաւ «Արհեստագործական համքարութիւններու (ցեղերու) մասին» կանոնադրութիւնը: Այդ կանոնադրութեան համաձայն համքարութիւններու աշխատանքները Կովկասեան տնայնագործական կոմիտէի Շուշիի մասնաճիւղը կը կարգաւորէր:

Մօտաւոր տուեալներով Շուշիի մէջ կար 1864 արհեստաւոր, որուն 517¬ը` վարպետ, 948-ը` ենթավարպետ եւ 399¬ը` աշկերտ:

*  *  *

Շուշիի առեւտրական կապերը հետզհետէ ընդարձակուեցան: Շուշիէն խճուղի բացուեցաւ մինչեւ Եւլախ երկաթուղային կայարան: Քաղաքը հաղորդակցութեան նոր ճանապարհներով կապուեցաւ Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի հետ: Կարաւանային ճանապարհով Շուշի կը տեղափոխուէին Նախիջեւանի աղը եւ Ղափանի պղինձը:

Պաքուի արքունական պալատի ստուգման մատեանին համաձայն, Շուշիի մէջ կար առեւտրական եւ արդիւնաբերական 952 ձեռնարկութիւն:

Շուշի, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն ետք, Անդրկովկասի երրորդ մեծագոյն քաղաքն էր եւ իր բնակչութեան թիւով կը գերազանցէր նահանգային կեդրոն Ելիզաւետպոլը:

Առեւտրական եւ արհեստաւորական ձեռնարկութիւններուն շարքերը կ՛երկարէին Երեւանեան փողոցէն վար, Վերին դարպասէն դէպի Չերքէզներու խանութները, Թոփխանան, Մեղրեցոց, Ղազանչեցոց եւ Ագուլեցոց եկեղեցիները եւ կը հասնէին թաթարական մասը` Շէյթանպազար, իսկ այդ շարքերու առանձին ճիւղեր կ՛անցնէին դէպի թեմական դպրոցը, կ՛իջնէին աւելի վար, կ՛անցնէին քաղաքային դպրոցի մօտէն եւ կրկին կը մտնէին թաթարական թաղամաս:

*  *  *

Շուշեցիք, ի տարբերութիւն աւանդապահ գիւղերուն, Ամանորը եւրոպական ձեւով կը տօնէին: Ընդունուած էր կատարել փոխադարձ շնորհաւորական այցելութիւններ, մասնաւորաբար` թեմակալ առաջնորդին եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի գիշերը, մինչեւ առաւօտ տղաներու խումբեր Աւետիս երգելով կը շրջէին թաղէ թաղ, փողոցէ փողոց, տունէ տուն եւ նուէրներ կը հաւաքէին:

Սուրբ Սարգիսի տօնին փոխինձով խաշիլ կ՛եփէին եւ մեղր խառնելով գնդիկներու կը վերածէին: Տղաք եւ աղջիկներ այդ գնդիկները աւելի փոքր գնդիկներու կը վերածէին եւ տանիքը կը դնէին, հետեւելով թէ թռչունը որ ուղղութեամբ կը տանի զայն կտցահարելու: Եթէ այլ տան մը տանիքը տանէր, ուրեմն հոնկէ պիտի գար փեսացուն կամ հարսնցուն:

Տեառնընդառաջի նախատօնակի երեկոյեան եկեղեցիներուն բակը խարոյկ կը վառէին եւ անոր վրայէն կը ցատկէին: Խարոյկէն մոմ կը վառէին եւ տուն կը տանէին:

Բարեկենդանի տօնին ձեռնամարտի մրցումներ եւ այլ խաղեր կը կազմակերպուէին: Բարեկենդանին պէտք էր կուշտ ու կուռ ուտել եւ խմել, որովհետեւ յաջորդ օր պիտի սկսէր քառասնօրեայ Մեծ Պահքը:

Ծաղկազարդին եկեղեցիները ուռենիներով կը զարդարէին եւ օրհնուած ճիւղերը տուն կը տանէին: Այդ օր եկեղեցիներուն մէջ նշանադրութիւն կը կատարուէր:

Աւագ հինգշաբթի սոխի կեղեւով հաւկիթ կը ներկէին: Հաւկիթը կ՛ուտէին շաբաթ օր, երեսնին դէպի արեւելք դարձուցած:

Սուրբ Զատկուան տօնը կը դիմաւորէին հաւով կամ ձուկով փիլաւով:

Համբարձման տօնին կաթնապուրը կը նկատուէր մատաղ:

Վարդավառին փողոցները իրարու վրայ ջուր կը ցօղէին: Տղաք եւ աղջիկներ «Ջան գիւլում» կ՛երգէին եւ խնճոյք ու երգերու մրցում կը կազմակերպէին:

Աստուածածնին, խաղողին հետ, արցախցիներու աւանդութեան համաձայն կ՛օրհնուէր նաեւ ցորենը:

Խաչվերացի (Սրբխէչ) մեռելոցին մատաղ եւ ընդհանուր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ